Գիտցիր Աստուծոյ Կամքը
 

Ինչպէ՞ս հասկնամ Աստուծոյ Կամքը իմ կեանքիս համար: Ի՞նչ կ'ըսէ Աստուածաշունչը Աստուծոյ Կամքը հասկնալու համար:




Հարց. Ինչպէ՞ս հասկնամ Աստուծոյ Կամքը իմ կեանքիս համար: Ի՞նչ կ'ըսէ Աստուածաշունչը Աստուծոյ Կամքը հասկնալու համար:

Պատասխան.
Երկու յիմնական բաներ կան, որ պիտի գիտնանք, որպէս զի որոշ պարագաներուն մէջ հասկնանք Աստուծոյ Կամքը:

1) Պէտք է վստահ ըլլաս, որ այն, ինչի համար կ'աղօթես կամ մտադիր ես ընելու, Աստուածաշունչը չի արգելէ:

2) Պէտք է վստահ ըլլաս, որ այն, ինչի համար կ'աղօթես կամ մտադիր ես ընելու, Աստուծոյ փառքի համար է եւ պիտի օգնէ քո հոգեւոր աճումին:

Եթէ այս երկու պայմանները կատարած ես, բայց այնուամէնայնիւ Աստուած չի պատասխանէ քո աղօթքներուն, այն ատեն, հաւանաբար, Աստուծոյ Կամքը չէ, որ դուն այն ստանաս, կամ ալ քիչ մը աւելի պիտի սպասես: Մարդիկ կ'ուզեն, որ Աստուած իրենց ըսէ, թէ ի՞նչ ընեն, ո՞ւր աշխատին, ո՞ւմ հետ ամուսնանան եւ այլն: Հռովմ. 12.2-ին մէջ կ'ըսուի. «Մի՛ կերպարանիք այս աշխարհին կերպարանքովը, հապա ձեր մտքին նորոգութիւնովը նորոգուեցէք, որպէս զի քննէք թէ ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի ու հաճելի եւ կատարեալ է»:

Աստուած մարդոց հազուադեպ անմիջական եւ հստակ տեղեկութիւններ կու տայ: Միակ որոշումը, որ Աստուած չուզեր, որ մենք առնինք, այն է՝ մեղք չգործենք կամ ալ չհակառակենք Անոր Կամքին: Անիկա կ'ուզէ, որ մեր ընտրութիւնը ներդաշնակ ըլլայ Իր Կամքին: Ուրեմն, ինչպէ՞ս կրնանք հասկնալ Աստուծոյ Կամքը մեզի համար: Եթէ Տէրոջը հետ մտերմիկ յարաբերութիւններ ունիս եւ իսկապէս կ'ուզես, որ հասկնաս Աստուծոյ Կամքը, Անիկա Իր Կամքը կը դնէ քո սրտին մէջ: Բանալին այն է, որ փնտրես Աստուծոյ Կամքը, այլ ոչ քոնը. «Տէրոջմով ուրախացիր, քանզի Անիկա կու տայ քեզի քու սրտիդ խնդրուածքները» (Սաղ. 37.4): Եթէ ինչի համար, որ կ'աղօթես, Աստուածաշունչին մէջ հակառակ բան մը չէ ըսուած, եւ եթէ անիկա իսկապէս պիտի օգնէ քո հոգեւոր աճումին, ուրեմն, Աստուած «կը թոյլատրէ», որ որոշում մը առնիս եւ հետեւիս սրտիդ ձայնին:



Վերադարձիր յիմնական էջը հայերէնով



Ինչպէ՞ս հասկնամ Աստուծոյ Կամքը իմ կեանքիս համար: Ի՞նչ կ'ըսէ Աստուածաշունչը Աստուծոյ Կամքը հասկնալու համար: