| |
Յաւիտենական Կեանք ունի՞ս:
Հարց. Յաւիտենական Կեանք ունի՞ս:
Պատասխան.
Աստուածաշունչին մէջ շատ հստակ կերպով ներկայացուած է Յաւիտենական Կեանք տանող ճամբան: Նախ, պէտք է խոստովանինք, որ մեղանչած ենք Աստուծոյ առջեւ: «Վասն զի ամէնքը մեղք գործեցին եւ Աստուծոյ փառքէն պակսեցան.» (Հռովմ. 3.23): Ամէնքս ալ ըրած ենք բաներ, որոնք Աստուծոյ հաճելի չեն եղած, ինչի համար ալ պատժի ենք արժանի: Մեր մեղքերը իրենց էութեամբը կը հակառակուին Յաւիտենական Աստուծոյն: Միայն յաւիտենական պատիժը կրնայ բաւարար ըլլայ, որ անոնք ներուին: «Քանզի մեղքին վարձքը մահ է, բայց Աստուծոյ ձրի պարգեւը յաւիտենական կեանք՝ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով.» (Հռովմ. 6.23):
Յիսուս Քրիստոս Անմեղը (Ա Պետ. 2.22), Աստուծոյ Յաւիտենական Որդին մարդացաւ (Յովհ. 1.1,14) ու մեռաւ, որպէս զի կրէ մեր մեղքերուն պատիժը: «Աստուած իր սէրը որ մեր վրայ ունէր՝ յայտնեց, երբ դեռ մեղաւոր էինք.» (Հռովմ. 5.8): Յիսուս Քրիստոս խաչին վրայ մեռաւ (Յովհ. 19.31-42) եւ կրեց այն պատիժը, որուն մենք էինք արժանի (Բ Կորն. 5.21): Երեք օր ետքը Անիկա Յարութիւն առաւ մեռելներէն (Ա Կորն. 15.1-4) եւ ապացուցեց, որ յաղթած է մահուանը եւ մեղքին: «...իր առատ ողորմութեամբ մեզ նորէն ծնաւ կենդանի յոյսին համար՝ Յիսուս Քրիստոսին մեռելներէն յարութիւն առնելովը.» (Ա Պետր. 1.3):
Հաւատքի միջոցաւ մենք պէտք է դառնանք մեր մեղքերէն եւ փրկութեան համար ուղղուինք դէպի Քրիստոսը (Գործք 3.19): Եթէ մեր հաւատքը Անոր վրայ ըլլայ, եթէ ապաւինենք այն բանին, որ խաչին վրայ Անիկա իր մահովը վճարած է մեր գործած մեղքերուն համար, մեզի պիտի ներուի ու Երկնքին մէջ Յաւիտենական Կեանք պիտի ունենանք: «Վասն զի Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ով որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ.» (Յովհ. 3.16): «Վասն զի եթէ քու բերնովդ Յիսուսը Տէր խոստովանիս ու սրտիդ մէջ հաւատաս թէ Աստուած զանիկա մեռելներէն յարուցանեց՝ պիտի փրկուիս.» (Հռովմ. 10.9): Յաւիտենական Կեանք տանող միակ ճամբան խաչին վրայ Քրիստոսի կատարած գործին հանդէպ հաւատքն է: «Վաս զի շնորհքով փրկուած էք դուք հաւատքի միջոցով եւ այս՝ ոչ թէ ձեզմէ է, հապա Աստուծոյ պարգեւն է. Ոչ թէ գործերէն, որ մէկը չպարծենայ.» (Եփես. 2.8-9):
Եթէ կ'ուզես ընդունիլ Յիսուս Քրիստոսը, որպէս քո Փրկիչը, հոս քեզի կը ներկայացնինք աղօթք մը: Թէ՛ այս, կամ թէ՛ ուրիշ աղօթք մը չեն կրնայ քեզի փրկիլ: Միայն Յիսուս Քրիստոսին վրայ ունեցած հաւատքը կրնայ քեզի քո մեղքերէն փրկիլ: Այս աղօթքը միայն միջոց մըն է, որ ցուցնես քո հաւատքը Աստուծոյ հանդէպ եւ շնորհակալութիւն յայտնես այն փրկութեանը համար, որ Անիկա քեզի կ'ընծայէ:
«Աստուած իմ, գիտեմ, որ մեղաւոր մէկն եմ Քո առջեւ եւ արժանի՝ պատժուելու: Բայց Յիսուս Քրիստոս ընդունեց այն պատիժը, որ ես պիտի կրէի, որպէս զի Անոր վրայ ունեցած իմ հաւատքովը ինծի ներուի: Ես կը դառնամ իմ մեղքերէն եւ իմ փրկութիւնը Քեզի կը վստահիմ: Շնորհակալ եմ Քո հիասքանչ շնորհիդ, ներումին եւ յաւիտենական կեանքի պարգեւին համար: Ամէն:»
Հոս կարդացածդ բերա՞ւ քեզի որոշումի մը, որ ընդունես Քրիստոսը: Եթէ քո պատասխանը «այո» է, սեղմէ «Այսօր Քրիստոսը ընդունեցի» կոճակին վրայ:
Վերադարձիր յիմնական էջը հայերէնով
Յաւիտենական Կեանք ունի՞ս:
|
|
|