| |
Ինչպէ՞ս կրնամ Աստուծմէ թողութիւն ստանալ:
Հարց. Ինչպէ՞ս կրնամ Աստուծմէ թողութիւն ստանալ:
Պատասխան.
Գործք Առաքելոցին 13.38-ին մէջ կ'ըսուի. «Ուրեմն յայտնի ըլլայ ձեզի, մարդիկ եղբայրներ, որ Յիսուսի միջոցով ձեզի մեղքերու թողութիւն կը քարոզուի.»:
Ի՞նչ կը ներկայացնէ թողութիւնը եւ ինչո՞ւ այն մեզի պէտք է:
«Ներել» բառը կը նշանակէ ներում խնդրել, ներել պարտք մը: Երբ մէկու մը հետ գեշ վարուինք, մենք կարիքն ունենք, որ անորմէ ներուինք, որպէս զի մեր յարաբերութիւնները վերականգնուին: Սխալած մարդուն չի ներուիր, որովհետեւ անիկա արժանի է այդ ներումին: Ոեւէ մէկը արժանի չէ, որ անոր ներուի: Ներումը սիրոյ, ողորմութեան եւ շնորհքի արտայայտութիւն մըն է: Ներումը որոշում մըն է, որ յիշաչար չըլլաս, ինչ ալ որ քեզի հանդէպ ըրած ըլլան:
Աստուածաշունչը կ'ըսէ, որ ամէնքս ալ Աստուծոյ ներումի պէտքութիւնը ունինք: Բոլորս ալ մեղք ենք գործել: Ժողովող 7.20 կը յայտարարէ. «Իրաւ որ երկրի վրայ արդար մարդ չկայ, որ աղէկութիւն ընէ ու մեղք չգործէ.»: Ա Յովհ. 1.8-ին մէջ կ'ըսուէ. «Եթէ ըսենք թէ « Մենք մեղք մը չունենք», ինքզինքնիս կը խաբենք ու մեր մէջ ճշմարտութիւն չկայ.»: Վէրջին յաշուով, ամէն մեղք Աստուծոյ հանդէպ ապստամբելու արտայայտութիւն մըն է (Սաղ. 51.4): Ահա թէ ինչու մենք այդչափ շատ Աստուծոյ ներումին պէտքութիւնը ունինք: Եթէ մեզի չներուի, յաւիտենականութիւնը կ'անցնինք՝ տանջուելով մեր մեղքերուն յետեւանքով (Մատթ. 25.46, Յովհ. 3.36):
Թողութիւն - ինչպէ՞ս այն ստանամ:
Ի ուրախութիւն մեզի Աստուած սիրող եւ ողորմած է: Անիկա շատ կ'ուզէ, որ ներէ մեր մեղքերը: Բ Պետ. 3.9-ին մէջ կ'ըսուի. «Տէրը չուշացներ իր խոստումը, ինչպէս ոմանք ուշացուած կը սեպեն, հապա երկայնամիտ կ'ըլլայ. Վասն զի չուզեր որ մէկը կորսուի, հապա որ ամէնքը ապաշխարեն.»: Աստուած կ'ուզէ մեզի թողութիւն տայ, որու համար ալ կը տրամադրէ ամէն բան, ինչ որ պէտք է, որպէս զի մեզի ներուի:
Մեր մեղքերուն միակ արդար պատիժը մահն է: Հռովմ. 6.23-ին առաջին հատուածը կ'ըսէ. «Մեղքին վարձքը մահ է.»: Մենք մեր մեղքերուն համար արժանի ենք յաւիտենական մահուան: Աստուած, Իր կատարեալ ծրագրին համաձայն, կը մարդանայ. Յիսուս Քրիստոս (Յովհ. 1.1,14): Յիսուս մեռաւ խաչին վրայ, կրելով պատիժը, որուն մենք էինք արժանի՝ մահը: Բ Կորն. 5.21-ը մեզի կը սորուեցնէ. «Վասն զի Աստուած զանիկա որ մեղք չէր գիտեր, մեզի համար մեղաւոր սեպեց, որպէս զի մենք անոր միջոցով Աստուծոյ արդարներն ըլլանք»: Յիսուս մեռաւ խաչին վրայ, կրելով այն պատիժը որուն մենք էինք արժանի: Քանի որ Յիսուս Աստուած է, Անոր մահը կ'ապահովէ ամբողջ աշխարհի մեղքերուն թողութիւնը: Ա Յովհ. 2.2-ին մէջ կ'ըսուի. «Անիկա մեր մեղքերուն քաւութիւն է եւ ոչ միայն մերիններուն, հապա բոլոր աշխարհին ալ.»: Յիսուս յարեաւ ի մեռելոց, որպէս զի մահուն եւ մեղքին հանդէպ Իր յաղթանակը աւետէ (Ա Կորն. 15.1-28): Փառք Աստուծոյ, Յիսուս Քրիստոսին մահովը ու յարութեամբը Հռովմ. 6.23-ին երկրորդ մասը իրականութիւն կ'ըլլայ. «բայց Աստուծոյ ձրի պարգեւը յաւիտենական կեանք է՝ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով.»
Կ'ուզե՞ս քո մեղքերուն թողութիւն ըլլայ: Մեղքաւոր ըլլալու անդադար զգացում մը ունի՞ս, որմէ չես կրնար ազատուիլ: Կրնաս թողութիւն ստանալ քո մեղքերուն, եթէ ընդունիս Յիսուս Քրիստոսը, որպէս քո Փրկիչը: Եփես. 1.7-ին մէջ կ'ըսուի. «Որով փրկութիւն ունինք մենք իր արեանը միջոցով, մեղքի թողութիւն՝ իր շնորհքին ճոխութեան չափովը.»: Յիսուս մեր պարտքը վճարեց, որպէս զի մեզի ներուի: Միայն պէտք է խնդրես Աստուծոյն, որ Յիսուսին միջոցաւ քեզի ներէ, հաւատալով, որ Յիսուս մեռաւ քո թողութիւնը վճարելու համար, եւ Անիկա քեզի պիտի ներէ: Յովհ. 3.16 կը պարունակէ այս գեղեցիկ պատգամը. «Վասն զի Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ով որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ.»:
Թողութիւն - իրապէ՞ս այդչափ դիւրին է:
Այո, այդչափ դիւրին է: Չես կրնար շահիլ Աստուծոյ թողութիւնը: Անոր համար չես կրնար վճարիլ: Միայն կրնաս ստանալ հաւատքով Աստուծոյ շնորհքին եւ ողորմութեան միջոցաւ: Եթէ կ'ուզես ընդունիլ Յիսուս Քրիստոսը, որպէս քո Փրկիչը եւ Աստուծմէ թողութիւն ստանալ, հոս քեզի կը ներկայացնինք աղօթք մը: Թէ՛ այս, կամ թէ՛ ուրիշ աղօթք մը չեն կրնայ քեզի փրկիլ: Միայն Յիսուս Քրիստոսին վրայ ունեցած հաւատքը կրնայ քեզի քո մեղքերէն փրկիլ: Այս աղօթքը միայն միջոց մըն է, որ ցուցնես քո հաւատքը Աստուծոյ հանդէպ եւ շնորհակալութիւն յայտնես այն փրկութեանը համար, որ Անիկա քեզի կ'ընծայէ:
«Աստուած իմ, գիտեմ, որ մեղաւոր մէկն եմ Քո առջեւ եւ արժանի՝ պատժուելու: Բայց Յիսուս Քրիստոս ընդունեց այն պատիժը, որ ես պիտի կրէի, որպէս զի Անոր վրայ ունեցած իմ հաւատքովը ինծի ներուի: Ես կը դառնամ իմ մեղքերէն եւ իմ փրկութիւնը Քեզի կը վստահիմ: Շնորհակալ եմ Քո հիասքանչ շնորհիդ, ներումին եւ յաւիտենական կեանքի պարգեւին համար: Ամէն:»
Հոս կարդացածդ բերա՞ւ քեզի որոշումի մը, որ ընդունես Քրիստոսը: Եթէ քո պատասխանը «այո» է, սեղմէ «Այսօր Քրիստոսը ընդունեցի» կոճակին վրայ:
Վերադարձիր յիմնական էջը հայերէնով
Ինչպէ՞ս կրնամ Աստուծմէ թողութիւն ստանալ:
|
|