Ո՞վ է քրիստոնեան:
 
 

Ո՞վ է քրիստոնեան:



Հարց. Ո՞վ է քրիստոնեան:

Պատասխան.
Ուէբստըրի բառարանին մէջ քրիստոնեայ բառին բացատրութիւնն է. «մարդ մը, որը ընդունած է Յիսուսը, որպէս Քրիստոս (Մեսիայ) կամ կրօնը, որը յիմնուած է Յիսուսի ուսմունքին վրայ»: Թէեւ, որպէս յենման կէտ հասկնալու քրիստոնեային էութիւնը, ասիկա ճիշտ է, ուրիշ աշխարհիկ երեւոյթներուն պէս, սակայն վերոյիշեալ բացատրութիւնը չի կրնար ներկայացնել աստուածաշնչային ճշմարտութիւնը, թէ ո՞վ է քրիստոնեան:

«Քրիստոնեայ» բառը Նոր Կտակարանին մէջ միայն երեք անգամ կը յիշուի (Գործք 11.26, 26.28, Ա Պետ. 4.16): Յիսուս Քրիստոսին յետեւորդները առաջին անգամ «քրիստոնեայ» կը կոչուին Անիտիոքին մէջ (Գործք 11.26), որովհետեւ անոնց պահուածքը, գործերը եւ խօսքերը Քրիստոսին պահուածքին, գործերուն եւ խօսքերուն կը նմանէին: Սկզբնական շրջանին «քրիստոնեայ» բառը Անտիոքում գործածածեն անհաւատները, որպէս կեղծանուն, որով անոնք ցոյց են տուած իրենց արհամարհանքն ու ծաղրանքը քրիստոնեաներուն հանդէպ: Այս բառը բառացիորէն կը նշանակէ «Քրիստոսի կուսակցութեան անդամ» կամ «Քրիստոսին համակիր կամ հետեւորդ», ինչը որոշ առումով կը լրացնէ Ուէբստըրի բառարանին բացատրութիւնը:

Ցաւ ի սիրտ, ժամանակի ընթացքին, «քրիստոնեայ» բառը մասամբ կը կորսնցնէ իր ճշմարիտ նշանակութիւնը եւ Յիսուս Քրիստոսի վերստի ծնուած ճշմարիտ յետեւորդի փոխարէն, շատ յաճախ կը գործածուի մէկու մը համար, որը կրօնական կեանքով կ'ապրէ կամ բարձր բարոյեական արժէքներու տէր է: Շատերը, որոնք չեն հաւատար Յիսուս Քրիստոսին եւ չեն ապաւինէր Անոր, ինքզինքնին քրիստոնեայ կը սեպեն, որովհետեւ եկեղեցի կ'այցելեն կամ ալ «քրիստոնեայ» ժողովուրդի մէջ կ'ապրին: Սակայն եկեղեցի երթալը, դժուար վիճակի մէջ եղողներուն օգնիլը կամ բարի մարդ ըլլալը քեզի քրիստոնեայ չեն ընէր: Ինչպէս մէկ աւետարանիչ մը կ'ըսէ. «Եկեղեցի երթալը քեզի քրիստոնեայ չի ընէր, ինչպէս երբ ավտոտնակ մը մտնիս մեքենայ չես դառնար»: Եթէ եկեղեցիի մը անդամ ես, պարբերաբար կը հաճախիս պաշտամունքներուն եւ նիւթապէս կ'օգնես անոր գործունէութեանը, ասիկա դեռ չի նշանակէր, որ դուն քրիստոնեայ ես:

Աստուածաշունչը մեզի կը սորուեցնէ, որ մեր բարի գործերը չեն կրնար Աստուծոյ ստիպել, որ մեզի ընդունէ: Տիտոս 3.5-ին մէջ կ'ըսուի. «Ոչ թէ արդարութեան գործերէն՝ որոնք մենք ըրինք, հապա իր ողորմութեան համաձայն մեզ փրկեց նորէն ծնանելու աւազանին միջոցաւ ու Սուրբ Հոգիին նորոգելովը.»: Յետեւաբար, քրիստոնեան ան է, որը Աստուծմէ վերստին ծնած է (Յովհ. 3.3,7, Ա Պետ. 3.23) եւ կը հաւատայ ու կը վստահէ Յիսուս Քրիստոսին: Եփես. 2.8-ին մէջ կ'ըսուի. «Վասն զի շնորհքով փրկուած էք դուք հաւատքի միջոցով եւ այս՝ ոչ թէ ձեզմէ է, հապա Աստուծոյ պարգեւն է.»: Ճշմարիտ քրիստոնեան ան է, որը ապաշխարած է իր մեղքերէն եւ կը հաւատայ ու կը վստահէ Յիսուս Քրիստոսին: Անիկա չի վստահէ կրօնի ուսումնասիրութեանը, որոշակի բարոյական սկզբունքներու պահպանումին կամ ալ ցուցակներու, որոնք կ'ըսեն, թէ ի՞նչը կարելի է, ի՞նչը՝ ոչ:

Ճշմարիտ քրիստոնեան ան է, որը կը հաւատայ եւ կը վստահէ Յիսուս Քրիստոսի անձին եւ այն փաստին, որ Անիկա մեռաւ խաչին վրայ, որպէս զի վճարէ մարդոց մեղքերուն համար, երրորդ օրը յարութիւն է առած, յաղթելով մահուանը, եւ յաւիտենական կեանք կտայ բոլոր անոնց, որոնք Անոր կը հաւատան: Յովհ. 1.12-ին մէջ կ'ըսուի. «Բայց որոնք որ զինք ընդունեցին, անոնց իշխանութիւն տուաւ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու. Որոնք կը հաւատան իր անուանը.»: Ճշմարիտ քրիստոնեան Աստուծոյ որդի է, Աստուծոյ ընտանիքի անդամ, մէկը, որը Յիսուս Քրիստոսով նոր կեանք է ստացած: Ճշմարիտ քրիստոնեան կ'երեւնայ ուրիշներուն հանդէպ իր սիրովը եւ Աստուծո Խօսքին հանդէպ՝ հնազանդութեամբ (Ա Յովհ. 2.4, 2.10):

Հոս կարդացածդ բերա՞ւ քեզի որոշումի մը, որ ընդունես Քրիստոսը: Եթէ քո պատասխանը «այո» է, սեղմէ «Այսօր Քրիստոսը ընդունեցի» կոճակին վրայ:



Վերադարձիր յիմնական էջը հայերէնով



Ո՞վ է քրիստոնեան: