Ի՞նչ կ'ըսէ Աստուածաշուչը ամուսնութիւնէն առաջ սեռական յարաբերութիւններու մասին:
Հարց. Ի՞նչ կ'ըսէ Աստուածաշուչը ամուսնութիւնէն առաջ սեռական յարաբերութիւններու մասին:
Պատասխան.
Սեռական անբարոյականութիւններու այլ տեսակներու շարքին, Աստուածաշունչին մէջ քանի մը անգամներ կը դատապարտոււի նաեւ ամուսնութիւնէն առաջ սեռական յարաբերութիւնը (Գործք 15.20, Հռովմ. 1.29, Ա Կորն. 5.1, 6.13,18, 7.2, 10.8, Բ Կորն. 12.21, Գաղ. 5.19, Եփես. 5.3, Կող. 3.5, Ա Թես. 4.3, Յուդա 7): Աստուածաշունչը ամուսնութիւնէն առաջ սեռական զսպուածութիւն կը պատուիրէ: Ամուսնութիւնէն առաջ սեռական յարաբերութիւնը նոյնքան մեղք է, որքան շնութիւնը եւ սեռական անբարոյականութեան միւս տեսակները, քանի որ կը ներկայացնէ սեռական յարաբերութիւն մէկու մը հետ, որուն հետ ամուսնացած չէ: Ամուսնացեալ զոյգին միջեւ եղած սեռական յարաբերութիւնը միակն է, որը Աստուած կը թոյլատրէ (Եբր. 13.4):
Բազում են այն պատճառները, որ այսօր ամուսնութիւնէն առաջ սեռական յարաբերութիւնները այդքան հաճախ կը հանդիպենք: Մենք չափէն աւելի կանգ կ'առնինք «սերնդատվութեան» վրայ, որպէս սեռական յարաբերութեան նպատակ եւ կը մոռնանք, որ այն նաեւ հաճոյքի եւ հանգիստի համար կը ծառայէ: Այո, սեռական յարաբերութիւնը հաճոյք կը պատճառէ: Աստուած այն անանք ստեղծած է: Անիկա կ'ուզէ, որ կողակիցներ իրենց սեռական յարաբերութիւնէն հաճոյք ստանան (ամուսնութեան սահմաններուն մէջ): Թէեւ սեռական յարաբերութեան գլխաւոր նպատակը ոչ թէ հաճոյքն է, այլ սերնդատվութիւնը: Աստուած չի արգիլէ ամուսնութիւնէն առաջ սեռական յարաբերութիւնը, որպէսզի մեզի զրկէ հաճոյքէն, այլ որպէսզի մեզի պահէ չնախատեսուած հղիութիւնէն եւ ծննդաբերութիւնէն, որոնց ծնողները կա՛մ անոնց չեն ցանկար, կա՛մ ալ պատրաստ չեն ընդունելու եւ հոգալու անոնց համար: Պատկէրացրէք, թէ աշխարհը, որքան աւելի լաւ վիճակի մէջ պիտի ըլլար, եթէ հետեւած ըլլայինք սեռական յարաբերութեան վերաբերեալ Աստուծոյ պայմանին. Աւելի քիչ հիւանդութիւններ՝ փոխանցուած սեռական ճանապարհով, աւելի քիչ միայնակ մայրեր, աւելի քիչ չնախատեսուած հղիութիւններ, աւելի քիչ արհեստական վիժումներ եւ այլն: Ամուսնութիւնէն առաջ սեռական յարաբերութիւններու վերաբերեալ Աստուծոյ միակ խորհուրդը զսպուածութիւնն է:Սեռական զսպուածութիւնը կեանքեր կը փրկէ, կը պաշտպանէ չնախատեսուած մանուկներուն, նշանակութիւն կու տայ սեռական յարաբերութեանը, եւ որը ամենէն կարեւորն է, կը պատուէ Աստուծոյն:
Վերադարձիր յիմնական էջը հայերէնով
Ի՞նչ կ'ըսէ Աստուածաշուչը ամուսնութիւնէն առաջ սեռական յարաբերութիւններու մասին:
|