| |
Ինչպիսի՞ն է փրկութեան ծրագիրը:
Հարց. Ինչպիսի՞ն է փրկութեան ծրագիրը:
Պատասխան.
Անօթի՞ ես: Չեմ ըսէր ֆիզիկապէս, այլ անօթի՞ ես կեանքէն աւելին առնելու: Խորքում քո մէջ կա՞յ բան մը, որու համար միշտ անբաւարարուածութեան զգացում մը ունիս: Եթէ այո, գիտցիր, որ Յիսուս է ճամբան: Անիկա ըսաւ. «Ես եմ կենաց հացը. Ան որ ինծի կու գայ, երբեք պիտի չանօթենայ եւ ան որ ինծի կը հաւատայ, պիտի չծարաւի.» (Յովհ. 6.35):
Շփոթուա՞ծ ես: Ունի՞ս այն զգացումը, որ երբեք չպիտի կրնաս գտնիլ քո կեանքին ճշմարիտ ուղին եւ նպատակը: Ունի՞ս այն զգացումը, որ մէկը մարած է լոյսը եւ դուն չես կրնար գտնիլ ուրկէ նորէն այն վառես: Եթէ անանք է, Յիսուս է ճամբան: Անիկա կը յայտարարէ. «Ես եմ աշխարհի լոյսը. Ան որ իմ ետեւէս կու գայ, խաւարի մէջ պիտի չքալէ, հապա կենաց լոյսը պիտի ունենայ.» (Յովհ. 8.12):
Երբեւէ ունեցա՞ծ ես զգացումը, թէ ինքզինքդ գոցած ես եւ կեանքը պարզապէս քո քովէդ կ՝անցնի: Փորձա՞ծ ես տարբէր դուռներէն դուրս գալ, որպէս զի բացայայտես, որ անոնց ետեւը միայն անիմաստութիւն եւ պարապութիւն է: Կը փնտրե՞ս այն դուռը, որը քեզի պիտի առաջնորդէ լիարժէք կեանքի մը: Եթէ անանք է, Յիսուս է ճամբան: Անիկա կը յայտարարէ. «Ես եմ դուռը, եթէ մէկը ինծմէ ներս մտնէ, պիտի փրկուի ու պիտի մտնէ ու ելլէ եւ արօտ գտնէ.» (Յովհ. 10.9):
Ունեցա՞ծ ես այն զգացումը, որ ամէնուն կողմէ լքուած ես: Կը խորհի՞ս, որ քո եւ մարդոց միջեւ յարաբերութիւնները մակերեսային եւ անիմաստ են: Ունի՞ս այն զգացումը, որ ամէնը կ'ուզեն քեզի գործածած ըլլան: Եթէ քո պատասխանը «այո» է, ապա Յիսուս է ճամբան: Անիկա կը յայտարարէ. «Ես եմ բարի հովիւը. Բարի հովիւը իր կեանքը ոչխարներուն համար կը դնէ: ... Ես եմ բարի հովիւը, կը ճանչնամ իմիններս ու կը ճանցուիմ իմիններէս.» (Յովհ. 10.11,14):
Խորհա՞ծ ես, թէ մահէն ետք ի՞նչ կ'ըլլայ: Հոգնա՞ծ ես ապրիլ բաներու համար, որոնք կը փչանան եւ կը ժանգոտին: Երբեւէ խորհա՞ծ ես, որ կեանքը բնաւ իմաստ չունէ: Կ'ուզե՞ս, որ մահէն ետք կեանք ունենաս: Եթէ քո պատասխանը «այո» է, ապա Յիսուս է ճամբան: Անիկա կը յայտարարէ. «Ես եմ յարութիւնն ու կեանքը: Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէեւ մեռնի՝ պիտի ապրի. Եւ ան որ կենդանի էու ինծի կը հաւատայ, յաւիտեան պիտի չմեռնի.» (Յովհ. 11.25-26):
Ո՞վ է ճամբան: Ո՞րն է ճշմարտութիւնը: Ի՞նչ է կեանքը: Յիսուս կը պատասխանէ. «Ես եմ ճամբան ու ճշմարտութիւնը եւ կեանքը. Մէկը Հօրը քով չի գար՝ եթէ ոչ ինծմով» (Յովհ. 14.6):
Անօթիութիւնը, որ կ'զգաս, հոգեւոր է եւ միայն Յիսուսին միջոցաւ կրնաս բաւարարուիլ: Միայն Յիսուս է, որ կրնայ ցրել խաւարը: Յիսուս է դէպի լիարժէք կեանք տանող ճամբան: Յիսուս է այն բարեկամը եւ հովիւը, որուն փնտրած ես: Յիսուս է կեանքը թ՛է այս աշխարհին վրայ, եւ թ՛է անդրերկրայինին մէջ: Յիսուս է փրկութեան ճամբան:
Պատճառը, որուն համար անօթի ես, խաւարին մէջ կորսուած կը զգաս եւ չես կրնար գտնիլ կեանքին իմաստը, այն է, որ դուն հեռացած ես Աստուծմէ: Աստուածաշունչը մեզի կ'ըսէ, որ բոլորս ալ մեղանչած ենք եւ հեռացած Աստուծմէ (Ժող. 7.20, Հռովմ. 3.23): Պարապութիւնը, որ քո սրտին մէջ կ'զգաս, պատճառը այն է, որ Աստուած կը բացակայէ քո կեանքին մէջ: Դու ստեղծուած ես, որ հաղորդակցուիս Աստուծոյ հետ: Մեր մեղքերուն պատճառաւ, մենք չենք կրնար ունենալ այդ յարաբերութիւնը Անոր հետ: Վիճակը շատ աւելի գեշ է. Մեր մեղքերը մեզի Աստուծմէ կը հեռացնեն յաւիտեանս, թ՛է հիմա, եւ թ՛է մահէն ետքը (Հռովմ. 6.23, Յովհ. 3.36):
Ո՞րն է այս խնդրին լուծումը: Յիսուս է ճամբան: Յիսուս կրեց մեր մեղքերը (Բ Կորն. 5.21): Յիսուս մեռաւ մեր փոխարէն (Հռովմ. 5.8), կրեց պատիժը, որուն մենք էինք արժանի: Իր մեռնելէն երեք օր ետքը Յիսուս մեռելներէն յարութիւն առաւ, որով ապացուցեց, որ յաղթած է մեղքին եւ մահուն (Հռովմ. 6.4-5): Ինչո՞ւ մեր փոխարէն Յիսուս խաչուեցաւ: Անիկա Ինքը այս հարցին կը պատասխանէ. «Ասկէ աւելի մեծ սէր մէկը չի կրնար ունենալ, որ մէկը իր կեանքը բարեկամներուն համար դնէ.» (Յովհ. 15.13): Յիսուս մեռաւ, որ մենք կեանք ունենանք: Եթէ հաւատանք եւ վստահինք Յիսուսին, որ Իր մահովը Անիկա վճարած է մեր մեղքերուն համար, այն ատեն մեր բոլոր մեղքերը պիտի ներուին եւ սրբուին: Այն ատեն մեր հոգեւոր անօթիութիւնը պիտի յագենայ: Այն ատեն լոյսը պիտի թափանցէ մեր կեանքին մէջ: Այն ատեն մեր կեանքէն հաճոյք պիտի զգանք: Պիտի ճանչնանք մեր ամենէն բարի բարեկամին եւ հովուին: Պիտի գիտնանք, որ մահէն ետք կեանք պիտի ունենանք, յարութիւն պիտի առնինք ու ապրինք Յիսուսին հետ յաւիտենականութեան մէջ:
«Վասն զի Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ով որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ.» (Յովհ. 3.16):
Հոս կարդացածդ բերա՞ւ քեզի որոշումի մը, որ ընդունես Քրիստոսը: Եթէ քո պատասխանը «այո» է, սեղմէ «Այսօր Քրիստոսը ընդունեցի» կոճակին վրայ:
Վերադարձիր յիմնական էջը հայերէնով
Ինչպիսի՞ն է փրկութեան ծրագիրը:
|
|