| |
Ինչո՞ւ ինքնասպան չըլլամ:
Հարց. Ինչո՞ւ ինքնասպան չըլլամ:
Պատասխան.
Սիրտս կը ցաւի անոնց համար, ովքեր կ'ուզեն իրենց կեանքին վէրջ դնեն: Եթէ այս պահուն անիկա դուն ես, հաւանաբար լեցուած ես շատ զգացմունքներով. Անյուսալիութիւն կամ հիասթափութիւն: Կրնայ ըլլայ անանք զգացում մը ունիս, որ ինկած ես խոր փոսի մը մէջ եւ կասկած մը ունիս, որ երբեւէ լոյսի ճառագայթ մը պիտի երեւնայ եւ իրաւիճակը կարգադրուի: Անանք կը կարծես, թէ մէկուն մը հոգը չէ քեզի համար, ոչ ալ մէկը քեզի կը հասկնայ: Կը խորհիս, որ այս կեանքը ապրելու իմաստ մը չկայ ...: Բայց կրնայ ըլլայ, որ կէրպով մը արժէ շարունակիլ ապրել:
Ամէնն ալ թուլութեան ասանք զգացումներ ունեցած են իրենց կեանքի տարբէր պահերուն: Երբ ես հոգէպէս ընկճուած եմ եղել, խորհած եմ. «Կրնա՞յ ըլլայ, որ ասիկա իսկապէս Աստուծոյ Կամքն է, Որը ինծի ստեղծած է»: Կամ ալ «Կրնա՞յ ըլլայ, որ Աստուած այնչափ պզտիկ է, որ չի կրնայ ինծի օգնիլ: Միթէ՞ իմ խնդիրները այդչափ մեծ են Անոր համար»:
Երջանիկ եմ ըսելու քեզի, որ եթէ քանի մը վարկեան ձգես Աստուծոյն իսկապէս քու Աստուածը ըլլալու, ճիշտ այս պահուն Անիկա պիտի ապացուցէ, թէ իրականութեան մէջ որչափ Մեծ է: «Աստուծոյ քով բնաւ անհնարին բան մը չկայ» (Ղուկ. 1.37): Կրնայ ըլլայ քո անցեալի ապրումներ պատճառ դարձած են արհամարհուած կամ մեկուսացած ըլլալու զգացումին: Կրնայ ըլլայ ասիկա քեզի տարած է ինքնախղճահարումի, բարկութեան, դառնութեան, վրէժխնդրութեան, անառողջ երկիւղածութեան եւ այլնի, եւ ասոնք խնդիրներ յառաջ բերած են քեզի համար ամենէն կարեւոր յարաբերութիւններուն մէջ: Սակայն ինքնասպանութիւնը միայն հոգէկան յարուած մը կրնայ ըլլայ քո ամենէն մտերիմներուն, որոնց երբէք պիտի չուզէիր վիրաւորած ըլլայիր: Դուն անոնց անանք ցաւ մը կրնաս պատճառիլ, որ իրենց ողջ կեանքի ընթացքին պիտի չկրնան վերապրիլ այդ յարուածը:
Ինչո՞ւ ինքնասպան չըլլամ: Սիրելի բարեկամ, անկախ այն բանէ, որ քո կեանքը շատ գեշ վիճակի մէջ է, Սիրոյ Աստուածը կը սպասէ, որ Իրեն թոյլատրես առաջնորդելու քեզի հիասթափութեան թունելի մէջէն դէպի Իր կուրացնող Լոյսը: Անիկա քո հաստատ յոյսն է: Անոր անունը Յիսուս է:
Այս Յիսուսը՝ Աստուծոյ Անմեղ Որդին, արհամարհանքի եւ վիրավորանքներու պահերուն, որոնք դուն կ'ապրիս, քեզի հետ ցաւակից կ'ըլլայ: Եսայի մարգարէն Անոր համար կը գրէ. «Քանզի անիկա անոր առջեւ մատաղատունկի պէս եւ ծարաւուտ երկրէ ելլող արմատի պէս բուսաւ: Անիկա կերպարանք կամ վայելչութիւն չունէր, որպէս զի անոր նայէինք, ոչ ալ այնպիսի երեւոյթ մը, որպէս զի անկէ ախորժէինք: Անիկա մարդոցմէ անարգուեցաւ ու երեսէ ձգուեցաւ, վիշտերու տէր ու ցաւերու տեղեակ եղաւ: Անկէ երես դարձնելու մարդու պէս եղաւ, անարգուեցաւ ու զանիկա չյարգեցինք: Իրաւցնէ անիկա մեր ցաւերը վերցուց ու մեր վիշտերը իր վրայ առաւ: Մենք զանիկա վիրաւորուած, Աստուծմէ զարնուած ու չարիքի հանդիպած սեպեցինք: Բայց անիկա մեր մեղքերուն համար վիրաւորուեցաւ եւ մեր անօրէնութիւններուն համար ծեծուեցաւ: Մեր խաղաղութեան պատիժը անոր վրայ եղաւ եւ անոր վէրքերովը մենք բժշկուեցանք: Ամէնքս ոչխարներու պէս մոլորեցանք: Ամէն մէկս իր ճամբան դարձաւ: Տէրը մեր ամենուն անօրէնութիւնները անոր վրայ դրաւ» (Ես. 53.2-6):
Սիրելի բարեկամ, Յիսուս Քրիստոս համբերեցաւ այս ամենուն, որպէս զի քո մեղքերը ներուին: Որքան ալ մեծ ըլլայ քո մեղքը, եթէ խոնարհութեամբ ապաշխարհիս (այն է՝ քո մեղքերէն առ Աստուած դարձի գաս), գիտցիր, որ Անիկա քեզի կը ներէ: «Ու նեղութեան օրը ինծի կանչէ. Ես քեզ պիտի ազատեմ ու դուն զիս պիտի փառաւորես» (Սաղ. 50.15): Այն ինչ դուն ըրած ես, չի կրնայ այնչափ գեշ ըլլայ, որ Յիսուս քեզի չներէ: Անոր սրբազան ծառայներէն ոմանք սարսափելի մեղքեր են գործած. Սպանութիւն (Մովսէս), Շնութիւն (Դաւիթ թագաւոր), Բռնաւոր (Պողոս առաքեալ): Այնուամէնայնիւ Աստուած անոնց ներած եւ նոր ու առատ կեանք մը շնորհած է: «Իմ անօրէնութենէս բոլորովին զիս լուա ու մեղքէս զիս սրբէ» (Սաղ. 51.2): «Ուրեմն եթէ մէկը Քրիստոսին մէջ է, անիկա նոր ստեղծուած մըն է: Հիները անցան եւ ահա ամէն բան նոր եղաւ» (Բ Կորն. 5.17):
Ինչո՞ւ պիտի ինքնասպան չըլլաս: Սիրելի բարեկամ, Աստուած պատրաստ կեցած է ուղղելու «կոտրուածը», այն է՝ ներկայ քո կեանքը, որուն դուն ինքնասպանութեամբ կ'ուզես վէրջ տալ: Ահա ինչ կը գրէ Եսայի մարգարէն. «Տէր Աստուծոյ Հոգին իմ վրաս է, վասն զի Տէրը զիս օծեց ու զիս ղրկեց աղքատներուն աւետիս տալու, կոտրած սիրտ ունեցողները բժշկելու, գերիներուն՝ ազատութիւն եւ բանտարկեալներուն բանտին բացուիլը հրատարակելու: Տէրոջը՝ ընդունելի տարին ու մեր Աստուծոյն վրէժխնդրութեան օրը հրատարակելու, բոլոր սգաւորները մխիթարելու, Սիօնի սգաւորները որոշելու ու անոնց մոխիրի տեղ՝ փառք, սուգի տեղ՝ ուրախութեան իւղ, կոտրած հոգիի տեղ գովութեան պատմուճան տալու: Եւ զանոնք պիտի անուանեն Աարդարութեան բեւեկնիներ, որոնք Տէրը տնկեր է իր փառքին համար» (Ես. 61.1-3):
Եկուր Յիսուսին քով եւ թոյլ տուր Անոր, որ վերականգնէ քո կեանքին ուրախութիւնն ու լիութիւնը՝ վստահելով Անոր, որ գործէ քո մէջդ. «Քու փրկութեանդ ցնծութիւնը ինծի վերադարձուր ու կամաւոր հոգի մը թող հաստատէ զիս: ... Ով Տէր, իմ շրթունքներս բաց ու բերանս պիտի պատմէ քու գովութիւնդ: Վասն զի զոհի չես հաճիր, որ զանիկա մատուցանեմ: Դուն ողջակէզի ալ չես հաճիր: Աստուծոյ զոհը կոտրած հոգին է, կոտրած ու խոնարհ սիրտը, ով Աստուած, դուն չես անարգեր» (Սաղ. 51.12,15-17):
Եթէ ընդունես Յիսուսը, որպէս քո Փրկիչն ու Հովիւը, Անիկա Իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին միջոցաւ օրէ օր ուղղութիւն պիտի տայ քո միտքին եւ քայլերուն: «Քեզի պիտի սորվեցնեմ ու երթալոււ ճամբադ պիտի ցուցնեմ քեզի. Քեզ պիտի խրատեմ, իմ աչքս քու վրադ պիտի ըլլայ» (Սաղ. 32.8): «Քու ժամանակներուդ հաստատութիւնը ու փրկութեանդ զօրութիւնը իմաստութիւն ու գիտութիւն պիտի ըլլայ: Տէրոջը վախը անոր գանձն է» (Ես. 33.6): Երբ դուն Քրիստոսի մէջն ես, քո պայքարը պիտի չդադարէ, սակայն այն ատեն դուն ՅՈՅՍ պիտի ունենաս: Անիկա «Եղբօրմէն աւելի մտերիմ բարեկամ» մըն է (Առակ. 18.24): Թող Տէր Յիսուսին շնորհքը քեզի հետ ըլլայ, երբ կարեւոր որոշում մը կ'առնիս:
Եթէ կ'ուզիս վստահիլ Յիսուս Քրիստոսին, որպէս քո Փրկիչը, սրտիդ մէջ Աստուծոյն այս խօսքերը ըսէ. «Աստուած իմ, ես Քո պէտքութիւնը ունիմ: Կը խնդրեմ ինծի ներես այն ամենուն համար, ինչ որ ըրած եմ: Կը հաւատամ Յիսուս Քրիստոսին, որ Անիկա իմ Փրկիչս է: Կը խնդրեմ քեզի մաքրէ եւ բժշկէ ինծի, նորոգէ իմ կեանքի ուրախութիւնը: Շնորհակալ եմ Քեզմէ Քո սիրոյ եւ խաչին վրայ Յիսուսի կրած չարչարանքներուն համար, որ Անիկա ինծի համար յամբերեցաւ: Ամէն»:
Հոս կարդացածդ բերա՞ւ քեզի որոշումի մը, որ ընդունես Քրիստոսը: Եթէ քո պատասխանը «այո» է, սեղմէ «Այսօր Քրիստոսը ընդունեցի» կոճակին վրայ:
Վերադարձիր յիմնական էջը հայերէնով
Ինչո՞ւ ինքնասպան չըլլամ:
|
|