Կեանքին իմաստը
 

Ո՞րն է կեանքին իմաստը:




Հարց. Ո՞րն է կեանքին իմաստը:

Պատասխան.
Ո՞րն է կեանքին իմաստը: Ինչպէ՞ս կրնամ իմ կեանքիս մէջ նպատակ մը ունենալ, ինչպէ՞ս ապրիմ եւ կեանքէն հաճոյք ստանամ: Պիտի ունենա՞մ կարողութիւնը հասնելու բանի մը, որը երկարատեւ նշանակութիւն պիտի ունենայ: Շատեր անդադար կը մտածեն, թէ ո՞րն է կեանքին իմաստը: Տարիներ ետքը անոնք ետ կը նային եւ կը զարմանան, թէ ինչո՞ւ որոշ մարդոց հետ իրենց յարաբերութիւնները կործանուած են եւ ինչո՞ւ ինքզինքնին այդչափ պարապ կ'զգան, թէեւ հասած են այն ամէնուն, ինչին ձգտած են: Բեյսբոլիստի մը, որն իր փառքի գագաթնակէտին է հասել, հարցուցած են, թէ ի՞նչ պիտի ուզեր մէկը անոր ըսեր դեռ իր կարիերային սկիզբը: Անիկա պատասխանած է. «Պիտի ուզէի ոեւէ մէկը ինծի ըսած ըլլար, որ երբ հասնիս գագաթնակէտին, կը բացայայտես, որ հոն բան մըն ալ չկայ»: Շատ նպատակներ տարիներ ետքը կը բացայայտեն իրենց պարապութիւնն ու անիմաստութիւնը, երբ այլեւս դուն ձգտած ես անոնց հասնելու:

Մեր հումանիտար հասարակութեանը մէջ մարդիկը կը հետապնդին տարբէր նպատակներու, մտածելով, որ անոնց մէջ իմաստ պիտի գտնեն: Յաջողութիւն աշխատանքին մէջ, հարստութիւն, լաւ յարաբերութիւններ մարդոցը հետ, սեռական յարաբերութիւններ, զուարճութիւն, բարի գործեր. Ասոնք նպատակներէն մէկ քանիսն են, որ անոնք կը ձգտին հասնիլ: Բայց մարդիկ կը վկայեն, որ նոյնիսկ, երբ հասնին այս նպատակներուն, իրենց մէջ պարապութիւնը կը շարունակէ իր գոյութիւնը. Պարապութեան զգացում, որը ոչինչ չի կրնայ լեցնել:

Աստուածաշնչեան Ժողովողի գրքին հեղինակը ճիշտ այս զգացումին պատկէրը կու տայ, երբ կ'ըսէ. «Ունայնութիւն ունայնութեանց, ամէն բան ունայնութիւն է» (Ժող. 1.2): Անիկա անհաւատալի մեծ հարստութիւն մը ունեցած է, իմաստութիւն, որը գերազանցած է իր ժամանակակիցներուն իմաստութեանը, հարիւրաւոր կիներ, դղեակներ եւ այգիներ, որոնց համար իր թագաւորութեանը մէջ բոլորը նախանձած են, ամէնէն լաւ կերակուրը եւ գինին, ամէն տէսակ զուարճութիւններ: Պահ մը անիկա կը յայտարարէ, որ հասած է այն ամէնուն, ինչ անոր սիրտը փափագած է: Այնուամենայնիւ, անիկա իր բոլոր հաջողութիւնները կ'ընդհանրացնէ ասանք. «Կեանքն արեւին տակ» (ապրուած կեանք մը, ուր կարծես միակ կարեւորը այն է, ինչը մեր աչքերովը կը տեսնինք եւ մեր զգայարաններովը կ'ըզգանք) անիմաստ է: Ինչո՞ւ ասանք պարապութիւն կայ: Ինչո՞ւ Աստուած ստեղծած է բան մը, որը դուրս է հոս եւ հիմայ մեր ապրածէն: Աստուծոյ համար Սողոմոնը կ'ըսէ. «Մարդուն մտքին մէջ յաւիտենականութիւնը ճանչնալու փափաքը դրաւ» (Ժող. 3.11): Մենք կը գիտակցինք, որ կեանքը «հոս եւ հիմայ» ամէն բան չէ:

Ծննդոց՝ Աստուածաշունչի առաջին գրքին մէջ կը տեսնենք, որ Աստուած մարդը Իր պատկէրին համաձայն ստեղծած է (Ծննդ. 1.21): Ասիկա կը նշանակէ, որ մենք, Աստուծոյ պէս ըլլալով, շատ աւելին ենք, քան ուրիշ ինչ ալ որ ըլլանք (կեանքի ինչ ձեւ ալ, որ ընդունինք): Նաեւ կը հասկնանք, որ մարդկութեան մեղանչումէն եւ երկրին անիծուելէն առաջ, յետեւեալ ճշմարտութիւնները գործած են. 1) Աստուած մարդը ստեղծած է, որպէս ընկէրային էակ (Ծննդ. 2.18-25), 2) Աստտուած մարդուն աշխատանք տուած է (Ծննդ. 2.15), 3) Աստուած մարդուն հետ հաղորդակցուած է (Ծննդ. 3.8), Աստուած մարդուն երկրի վրայ իշխանութիւն տուած է (Ծննդ. 1.26): Ի՞նչ է այս բոլորի նշանակութիւնը: Կը հաւատամ, որ Աստուած նպատակ է ունեցած, որ ասոնցմէ ամէն մէկը մեր հաճոյքի զգացմունքներուն բան մը աւելցնէ, սակայն մարդուն մեղանչումը եւ անոր յետեւած անեծքը երկրին (Ծննդ. 3) աննպաստ ազդեցութիւն գործած են բոլոր այս բաներուն վրայ (մանաւանդ Աստուծոյ եւ մարդոց յարաբերութիւններուն վրայ):

Յայտնութեան՝ Աստուածաշունչի վէրջին գրքին մէջ վէրջին օրերու իրադարձութիւնների նկարագրութեան վէրջում Աստուած կը բացայայտէ, որ պիտի կործանէ այս երկիրը ու երկինքը եւ մեզի պիտի առաջնորդէ դէպի յաւիտենականութիւնը՝ ստեղծելով Նոր Երկիր եւ Նոր Երկինք: Այն ատեն անիկա ամբողջութեամբ պիտի վերականգնի Իր յարաբերութիւնները փրկուած մարդկութեանը հետ: Մարդոցմէ ոմանք պիտի դատապարտուին, որպէս անարժաններ եւ պիտի նետուին կրակէ լճի մը մէջ (Յայտ. 20.11-15): Այսպէս պիտի անհետանայ մեղքին անէծքը. Այլեւս պիտի չըլլայ մեղք, սուգ, հիւանդութիւն, մահ, ցաւ եւ այլն (Յայտ. 21.7): Իսկ հաւատացեալները պիտի ժառանգին ամէն բան. Աստուած պիտի բնակի անոնց հետ եւ անոնք Անոր որդիներ պիտի ըլլան (Յայտ. 21.7): Այսպէս շրջանակը պիտի գոցուի: Աստուած մեզի ստեղծած է, որ Անոր հետ հաղորդակցութիւն ունենանք: Բայց մարդը մեղքին պատճառաւ կը կործանէ այդ հաղորդակցութիւնը: Աստուած յաւիտենականութեան մէջ նորէն պիտի վերականգնի այդ հաղորդակցութիւնը անոնց հետ, որոնց արժանի պիտի նկատէ: Ապրես կեանք մը, ուր ամէն բանի հասած ես, բայց մեռնես յաւիտենականութեան մէջ Աստուծմէ բաժնուած, աւելի գէշ է, քան եթէ անիմաստ եւ անօգուտ կեանք մը ապրես: Աստուած մտածած է ճամբայ մը, որը ոչ միայն հնարաւորութիւն կու տայ վայելելու յաւիտենական երանութիւնը (Ղուկ. 23.43), այլ նաեւ երկրի վրայ մեր կեանքին իմաստ կու տայ եւ հաճոյք կը պատճառէ: Բայց ինչպէ՞ս կրնանք վայելել յաւիտենական երանութիւնը եւ հասնիլ «Դրախտին, հոս՝ երկրի վրայ»:

ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻՆ ՄԻՋՈՑԱՒ ԿԵԱՆՔԻ ԻՄԱՍՏԻՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԸ

Ինչպէս այլեւս ըսեցինք, կեանքին ճշմարիտ իմաստը ե՛ւ հիմայ, ե՛ւ յաւիտենականութեան մէջ Աստուծոյ հետ հաղորդակցուելու մէջ է, որը մեղքին պատճառաւ կորսնցուցած ենք: Այսօր այդ հաղորդակցութիւնը կրնայ վերականգնուիլ Անոր Որդիի՝ Յիսուս Քրիստոսին միջոցաւ (Գործք 4.12, Յովհ. 14.6, 1.12): Մարդը յաւիտենական կեանք ձեռք կը բերէ, երբ կ'ապաշխարէ իր մեղքերուն համար (այսինքն՝ չուզեր մեղքերուն մէջ ապրիլ, այլ կ'ուզէ Քրիստոս իրեն փոխէ եւ նոր մարդ ընէ) եւ սկսէ Յիսուս Քրիստոսին ապաւինիլ, որպէս Փրկչի (տէս «Փրկութեան ծրագիր» հարցը, այս շատ կարեւոր նիւթիւն համար աւելի տեղեկութեան համար):

Կեանքին ճշմարիտ իմաստը միայն Յիսուս Քրիստոսը որպէս Փրկիչ ընդունելը չէ (որքան ալ գեղեցիկ ըլլայ անիկա): Կեանքին ճշմարիտ իմաստը Քրիստոսին հետեւիլն է, որպէս Անոր աշակերտը: Պէտք է աւելի շատ բաներ սորուիլ Անոր մասին, աւելի շատ ժամանակ անցունել Անոր հետ՝ կարդալով Անոր Խօսքը՝ Աստուածաշունչը, աղօթքին միջոցաւ հաղորդակցուիլ Անոր հետ եւ Անոր պատուիրանները գործադրելով հնազանդիլ Անոր: Եթէ տակաւին հաւատացեալ չես (կամ նորահաւատ մըն ես) հաւանաբար պիտի ըսես. «Ասիկա հուզիչ կամ հաճելի չի հնչեր»: Կը խնդրեմ, որ քիչ մըն ալ կարդաս: Յիսուս յետեւեալ յայտարարութիւնները կ'ընէ:

«Եկէք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ: Իմ լուծս ձեր վրայ առէք եւ ինծմէ սորվեցէք՝ որ հեզ եմ ու սրտով խոնարհ եւ ձեր անձերուն հանգստութիւն պիտի գտնէք. Վասն զի իմ լուծս քաղցր է եւ իմ բեռս թեթեւ» (Մատթ. 11.28-30): «Ես եկայ որ կեանք ունենան եւ ալ աւելի ունենան» (Յովհ. 10.10): «Եթէ մէկը իմ ետեւէս գալ կ'ուզէ, թող իր անձը ուրանայ եւ իր խաչը վերցնէ ու իմ ետեւէս գայ: Վասն զի ով որ կ'ուզէ իր անձը ապրեցնել, պիտի կորսնցնէ զանիկա եւ ով որ ինծի համար իր անձը կը կորսնցնէ, պիտի գտնէ զանիկա» (Մատթ. 16.24-25): «Ու Տէրոջմով ուրախացիր, քանզի Անիկա կու տայ քեզի քու սրտիդ խնդրուածքները» (Սաղ. 37.4):

Այս բոլոր ըսուածները կը ցուցնեն, որ մեզի ընտրութիւն մը տրուած է: Կրնանք շարունակիլ մինակ ղեկաւարիլ մեր կեանքը (արդիւնքը պիտի ըլլայ պարապ եւ անիմաստ կեանք մը), կամ ալ կրնանք ամբողջ սրտով փնտրել Աստուծոյն եւ Անոր կամքը մեր ապրած կեանքին համար (արդիւնքը պիտի ըլլայ լիարժէք կեանք մը, մեր սրտին ցանկութիւնները պիտի բաւարարուին եւ մեր ապրած կեանքէն հաճոյք պիտի ստանանք): Ասիկա կ'ըլլայ, որովհետեւ մեր Արարիչը մեզի կը սիրէ եւ մեզի համար ամենէն լաւը կը կամենայ (որը չի նշանակեր ամենէն դիւրինը, այլ հաճելին):

Եւ վէրջը կ'ուզեմ համեմատութիւն մը քեզի ներկայացնիլ, որ հովիւ բարեկամ մը ինծի ըսաւ: Եթէ դուն մարզասէր մըն ես եւ կ'որոշես մարզադաշտ երթալ խաղ մը դիտելու, կրնաս քանի մը դոլլար տալ եւ նստիլ մարզադաշտին վէրին կարգերը, ուրկէ կրնայ ըլլայ կոտրուածքներով պիտի հեռանաս, կամ ալ կրնաս քանի մը հարիւր դոլլար նետես եւ առաջին կարգերը նստիս, ուրկէ մոտէն պիտի դիտես խաղը: Ասանք է նաեւ քրիստոնեական կեանքը: Որպէս զի մոտէն դիտես ինչպէս Աստուած կը գործէ, միայն կիրակնօրեայ քրիստոնեայ ըլլալը բաւարար չէ: Անոնք ամբողջ գինը չեն վճարած: Աստուծոյ գործը միայն Քրիստոսին ճշմարտապէս հետեւողները կրնան դիտել: Ովքեր ամբողջութեամբ տրուած են Աստուծոյն, մերժած են հետեւիլ անձնական կիրքերուն եւ կը ձգտին իրագործել Աստուծոյ նպատակները իրենց կեանքերուն մէջ: Անոնք վճարած են գինը: Անոնք լիարժէք կեանք մը կապրին: Կրնան երես առ երես կանգնիլ իր իսկ անձին, մերձաւորներուն եւ Աստուծոյն առջեւ, առանց բանի մը համար զղջալու: Իսկ դուք վճարա՞ծ էք գինը: Պատրա՞ստ էք ընելու այդ: Եթէ պատրաստ էք վճարելու գինը, գիտցէք, որ երբէք ձեր կեանքերուն մէջ ոչ իմաստ եւ ոչ ալ նպատակ մը պիտի պակսի:



Վերադարձիր յիմնական էջը հայերէնով



Ո՞րն է կեանքին իմաստը: