Վստահաբար գիտցիր, որ Դրախտը պիտի երթաս
 
 

Ինչպէ՞ս կրնամ վստահ ըլլալ, որ մեռնելէն ետք Դրախտը պիտի երթամ:



Հարց. Ինչպէ՞ս կրնամ վստահ ըլլալ, որ մեռնելէն ետք Դրախտը պիտի երթամ:

Պատասխան.
Վստա՞հ ես, որ Յաւիտենական Կեանք ունիս եւ մահէն ետք Դրախտ պիտի երթաս: Աստուած կ'ուզէ, որ ասոր համար մենք վստահ ըլլանք: Աստուածաշունչը կ'ըսէ. «Այս բաները գրեցի ձեզի՝ որպէս զի գիտնաք թէ յաւիտենական կեանք ունիք դուք՝ որ Աստուծոյ Որդիին անունին կը հաւատաք.» (Ա Յովհ. 5.13): Ըսենք թէ, ճիշտ հիմա կը կանգնիս Աստուծոյ առջեւ եւ Անիկա քեզի կը հարցնէ. «Ինչո՞ւ քեզի թոյլ տամ, որ Դրախտը մտնիս»: Ի՞նչ պիտի ըսես Անոր: Կրնայ ըլլայ չգիտնաս ի՞նչ պատասխանես: Պէտք է գիտնաս, որ Աստուած մեզի կը սիրէ եւ ապահոված է միջոց մը, որով կրնանք վստահ ըլլալ, թէ ո՞ւր պիտի անցնենք յաւիտենականութիւնը: Աստուածաշունչ ասոր համար հետեւեալ յայտարարութիւնը կ'ընէ. «Վասն զի Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ով որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ.» (Յովհ. 3.16):

Նախ, մենք պէտք է գիտնանք, թէ ի՞նչը մեզի կը խոչընդոտէ՝ Դրախտ երթալուն: Խնդիրն այն է, որ մեր մեղաւոր բնութիւնը մեզի կը խանգարէ, որ Աստուծոյ հետ հաղորդակցուինք: Մենք մեղաւոր ենք ինչպէս մեր էութեամբ, այնպէս ալ մեր կատարած ընտրութեամբ: «Վասն զի ամէնքը մեղք գործեցին եւ Աստուծոյ փառքէն պակսեցան.» (Հռովմ. 3.23): Մենք մեր ուժերովը չենք կրնար փրկուիլ: «Վասն զի շնորհքով փրկուած էք դուք հաւատքի միջոցով եւ այս՝ ոչ թէ ձեզմէ է, հապա Աստուծոյ պարգեւն է. Ոչ թէ գործերէն, որ մէկը չպարծենայ.» (Եփես. 2.8-9): Մենք արժանի ենք մահուան եւ մեր տեղը Դժոխքն է: «Վասն զի մեղքին վարձքը մահ է.» (Հռովմ. 6.23):

Աստուած Սուրբ եւ Արդար է, ասոր համար ալ մեղքը պիտի պատժէ: Բայց, միաժամանակ, Անիկա մեզի կը սիրէ եւ մեր մեղքերը կը ներէ: Յիսուս կ'ըսէ. «Ես եմ ճամբան ու ճշմարտութիւնը եւ կեանքը. Մէկը Հօրը քով չի գար՝ եթէ ոչ ինծմով» (Յովհ. 14.6): Յիսուս խաչին վրայ մեռաւ մեզի համար. «Վասն զի Քրիստոս ալ մեղքի համար մէկ անգամ չարչարուեցաւ, Արդարը անարդարներուն համար, որպէս զի մեզ Աստուծոյ մոտեցնէ.» (Ա Պետ. 3.18): Յիսուս Յարութիւն առաւ մեռելներէն. «Որ մեր յանցանքներուն համար մատնուեցաւ եւ մեզ արդարացնելու համար յարութիւն առաւ.» (Հռովմ. 4.25):

Եւ այսպէս վերադառնանք այն հարցին, որը սկիզբէն տուեցինք. «Ինչպէ՞ս կրնամ վստահ ըլլալ, որ մեռնելէն ետք Դրախտը պիտի երթամ»: Պատասխանը հետեւեալն է. Հաւատայ Յիսուս Քրիստոսին եւ փիտի փրկուիս (Գործք 16.31): «Բայց որոնք որ զինք ընդունեցին, անոնց իշխանութիւն տուաւ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու.» (Յովհ. 1.12): Դուն կրնաս յաւիտենական կեանքը, որպէս ՊԱՐԳԵՒ ստանալ. «Աստուծոյ ձրի պարգեւը յաւիտենական կեանք է, մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքովը.» (Հռովմ. 6.23): Դեռ այս վայրկեանէն կրնաս իմաստաւորուած եւ լիարժէք կեանքով ապրիլ: Յիսուս կ'ըսէ. «Ես եկայ որ կեանք ունենան եւ ալ աւելի ունենան.» (Յովհ. 10.10): Կրնաս յաւիտենականութիւնը Դրախտին մէջ Յիսուսին հետ անցունել, որովհետեւ Անիկա խոստացած է. «Եւ եթէ երթամ ու ձեզի տեղ պատրաստեմ, նորէն պիտի գամ եւ ձեզ քովս առնեմ, որպէս զի ուր որ ես եմ՝ դուք ալ հոն ըլլաք.» (Յովհ. 14.3):

Եթէ կ'ուզես ընդունիլ Յիսուս Քրիստոսը, որպէս քո Փրկիչը, հոս քեզի կը ներկայացնինք աղօթք մը: Թէ՛ այս, կամ թէ՛ ուրիշ աղօթք մը չեն կրնայ քեզի փրկիլ: Միայն Յիսուս Քրիստոսին վրայ ունեցած հաւատքը կրնայ քեզի քո մեղքերէն փրկիլ: Այս աղօթքը միայն միջոց մըն է, որ ցուցնես քո հաւատքը Աստուծոյ հանդէպ եւ շնորհակալութիւն յայտնես այն փրկութեանը համար, որ Անիկա քեզի կ'ընծայէ:

«Աստուած իմ, գիտեմ, որ մեղաւոր մէկն եմ Քո առջեւ եւ արժանի՝ պատժուելու: Բայց Յիսուս Քրիստոս ընդունեց այն պատիժը, որ ես պիտի կրէի, որպէս զի Անոր վրայ ունեցած իմ հաւատքովը ինծի ներուի: Ես կը դառնամ իմ մեղքերէն եւ իմ փրկութիւնը Քեզի կը վստահիմ: Շնորհակալ եմ Քո հիասքանչ շնորհիդ, ներումին եւ յաւիտենական կեանքի պարգեւին համար: Ամէն:»

Հոս կարդացածդ բերա՞ւ քեզի որոշումի մը, որ ընդունես Քրիստոսը: Եթէ քո պատասխանը «այո» է, սեղմէ «Այսօր Քրիստոսը ընդունեցի» կոճակին վրայ:



Վերադարձիր յիմնական էջը հայերէնով



Ինչպէ՞ս կրնամ վստահ ըլլալ, որ մեռնելէն ետք Դրախտը պիտի երթամ: