Արդեօ՞ք Յիսուս Աստուած է
 
 

Արդեօ՞ք Յիսուս Աստուած է: Յիսուս երբեւէ պնդա՞ծ է, որ Աստուած է:



Հարց. Արդեօ՞ք Յիսուս Աստուած է: Յիսուս երբեւէ պնդա՞ծ է, որ Աստուած է:

Պատասխան.
Աստուածաշունչին մէջ տեղ մը գրուած չէ, որ Յիսուս ըսած է, թէ «Ես Աստուած եմ»: Սակայն ասիկա չի նշանակէր, որ Անիկա չէ յայտարարած, թէ Աստուած է: Նայինք, օրինակ, Յիսուսին խօսքերը Յովհաննու 10.30-ին մէջ. «Ես ու Հայրը մէկ ենք»: Առաջին հայեացքէն ասիկա չի նշանակէր որպէս պնդում, ուր Յիսուս կ'ըսէ, թէ Աստուած է: Սակայն, նայինք ինչպէ՞ս հրեաները կը հակազդին Անոր այս յայտարարութեանը. «Բարի գործի համար քեզ չենք քարկոծեր, հապա հայհոյութեան համար, քանզի դուն որ մարդ ես, ինքզինքդ Աստուած կ'ընես» (Յովհ. 10.33): Յիսուսին յայտարարութիւնը հրեաները կ'ընդունին, որպէս պնդում մը, թէ Աստուած է: Յաջորդող համարներուն մէջ Յիսուս բնաւ չի ուղղեր հրեաներուն: Չըսեր անոնց. «Ես չեմ ըսած, որ Աստուած եմ»: Ասիկա կը հաստատէ, որ Յիսուս «Ես ու Հայրը մէկ ենք» խօսքերովը իրապէս նկատի ունեցած է, որ Աստուած է: Յովհաննու 8.58-ը ուրիշ օրինակ մըն է: Յիսուս կը յայտարարէ. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ'ըսեմ ձեզի, Աբրահամին ըլլալէն առաջ եմ ես»: Եւ նորէն, ի պատասխան Անոր խօսքերուն, հրեաները քարեր կ'առնին եւ կ'ուզեն Անոր սպանիլ (Յովհ. 8.59): Ինչու հրեաները պիտի ուզէին քարերով Յիսուսը սպանիլ, եթէ Անիկա չէ ըսած բան մը, որը անոնք ընդունած են, որպէս հայհոյութիւն, այն է՝ որ կը պնդէ թէ Աստուած է:

Յովհ. 1.1-ը կ'ըսէ, թէ «Բանը Աստուած էր»: Յովհ. 1.14-ը կը յայտնէ, թէ «Բանը մարմին եղաւ»: Գործք Առաքելոցին 20.28-ին մէջ կ'ըսուի. «Ուրեմն զգուշացէք ձեր անձերուն եւ բոլոր հօտին համար, որուն վրայ Սուրբ Հոգին ձեզ տեսուչ դրաւ Աստուծոյ եկեղեցին հովուելու զոր իր արիւնովը ստացաւ»: Ո՞վ իր արիւնովը եկեղեցին ստացաւ: Յիսուս Քրիստոսը: Գործք Առաքելոցին 20.28-ը կը յայտնէ, որ Աստուած Իր արիւնովը գնած է եկեղեցին: Հետեւաբար, Յիսուս Աստուած է:

Թովմաս Առաքեալը Յիսուսին համար կը յայտարարէ. «Իմ Տէրս եւ իմ Աստուածս» (Յովհ. 20.28): Յիսուս անոր չի ուղղէր: Տիտոս 2.13-ը մեզի կը քաջալերէ, որ սպասենք մեր Տիրոջ եւ Փրկչի՝ Յիսուս Քրիստոսի գալուստին (տես նաեւ Բ Պետրոս 1.1): Եբրայեցիս 1.8-ին մէջ Հայր Աստուած Յիսուսին համար կը յայտարարէ. «Քու աթոռդ, ով Աստուած, յաւիտեանս յաւիտենից է. Քու թագաւորութեանդ գաւազանը ուղղութեան գաւազան է»:

Յայտնութեան գրքին մէջ հրեշտակ մը կը հրահանգէ Յովհաննէս առաքեալին, որ միայն Աստուծոյ երկրպագէ (Յայտ. 19.10): Քանի մը անգամ Աստուածաշունչին մէջ կը յիշուի, թէ ինչպէս Յիսուս երկրպագութիւններ կ'ընդունէ (Մատթ. 2.11, 14.33, 28.9,17, Ղուկ. 24.52, Յովհ. 9.38): Անիկա երբէք չէ մեղադրած մարդիկը, որ Իրեն կ'երկրպագեն: Եթէ Յիսուս Աստուած չըլլար, Անիկա մարդոցը պիտի ըսէր, որ Իրեն չերկրպագեն, ճիշտ ինչպէս Յայտնութեանը մէջ հրեշտակը կ'ընէ: Աստուածաշունչին մէջ ուրիշ շատ համարներ եւ հատուածներ ալ կան, որոնք կը հաստատեն Յիսուսին Աստուածութիւնը:

Ամէնէն կարեւոր պատճառը, որուն համար Յիսուս պէտք է Աստուած ըլլար, այն է՝ որ եթէ Աստուած չըլլար, այն ատեն Անոր մահը բաւարար պիտի չըլլար՝ վճարելու բոլոր աշխարհի մեղքերուն պատիժը (Ա Յովհ. 2.2): Միայն Աստուած կրնայ վճարիլ այդ անսահման պատիժին համար: Միայն Աստուած կրնայ առնիլ աշխարհին մեղքը (Բ Կորն. 5.21), մեռնիլ եւ ետքը յարութիւն առնիլ եւ ասանք ապացուցել Իր յաղթութիւնը մահուան եւ մեղքին վրայ:



Վերադարձիր յիմնական էջը հայերէնով



Արդեօ՞ք Յիսուս Աստուած է: Յիսուս երբեւէ պնդա՞ծ է, որ Աստուած է: