Խառնամուսնութիւններ
 

Ի՞նչ կ'ըսուի Աստուածաշունչին մէջ խառնամուսնութիւններու մասին:




Հարց. Ի՞նչ կ'ըսուի Աստուածաշունչին մէջ խառնամուսնութիւններու մասին:

Պատասխան.
Հին Կտակարանին Օրէնքը կը պատուիրէ հրեաներուն օտարազգիներու հետ չամուսնանալ (Բ Օր. 7.3-4): Պատճառ կը բերուի այն, որ հրեաները կռապաշտի մը, հեթանոսի մը կամ ընդհանրապէս օտարազգիի մը հետ ամուսնանալով, պիտի ուրանան իրենց Աստուծոյն: Նման սկզբունք մը կը ներկայացնէ նաեւ Նոր Կտակարանը, միայն թէ շատ աւելի տարբէր կէրպով մը. «Անհաւատներուն հետ անյարիր լծակից մի ըլլաք. Քանի որ ի՞նչ ընկերակցութիւն ունի արդարութիւնը անօրէնութեան հետ, ի՞նչ հաղորդութիւն ունի լոյսը խաւարին հետ» (Բ Կորն. 6.14): Ճիշտ ինչպէս հրեաներուն (միակ ճշմարիտ Աստուծոյն հաւատացողներուն) կը պատուիուի անհաւատներու հետ չամուսնանալ, նոյնպէս ալ քրիստոնեաներուն (միակ ճշմարիտ Աստուծոյն հաւատացողներուն) կը պատուիուի անհաւատներու հետ չամուսնանալ: Վերոյիշեալ հարցին հստակ պատասխանն է. Ո՛չ, Աստուածաշունչին մէջ ըսուած չէ, որ խառնամուսնութիւնները սխալ են:

Մարդուն մասին պէտք է կարծիք կազմիլ անոր բնաւորութեամբը, այլ ոչ մաշկին գոյնովը: Մենք շատ զգոյշ պիտի ըլլանք, չցուցնելու մեր նախընտրութիւնը կամ հակակրանքը ոեւէ ռասայի մը հանդէպ (Յակ. 2.1-10, ուշադիր կարդայ 1-ին եւ 9-րդ համարները): Կին մը կամ էրիկ մարդ մը, որուն կ'ընտրենք ամուսնութեան համար, կարեւոր է գիտնալ, արդեօ՞ք անիկա քրիստոնեայ է (Բ Կորն. 6.14), արդեօ՞ք Յիսուս Քրիստոսին հաւատքովը վերստին ծնած է (Յովհ. 3.3-5): Կին կամ ամուսին ընտրելու հարցին մէջ Աստուածաշունչին պատուերը ոչ թէ անոնց մաշկին գոյնն է, այլ անոնց հաւատքը: Խառնամուսնութիւնը բարու եւ չարի խնդիր մը չէ, այլ՝ իմաստութեան, ճանաչումի եւ աղօթքի:

Միակ բանը, որուն համար խառնամուսնութիւններու պարագային պէտք է ուշադիր ըլլանք, այն դժուարութիւններն են, որոնց առջեւ ամուսնական զոյգը պիտի կանգնէ, քանի որ անոնց շուրջիններուն դիւրին պիտի չըլլայ ընդունելու այդ փաստը: Շատ խառնամուսնութիւններ խտրականութեան եւ ծաղրանքի զոհ կ'ըլլան: Երբեմն նոյնիսկ իրենց ընտանիքներու կողմանէ: Շատ խառնամուսնութիւններ դժուարութեան առջեւ կը կանգնին, երբ անոնց զաւակի մաշկին գոյնը աւելի տարբեր երանգ մը ունէ անոնց կամ միւս զաւակներուն մաշկի գոյնէն: Զոյգեր, երբ որոշում առնին ամուսնանալ, այս բոլոր դժուարութիւնները յաշուի պիտի առնին եւ պատրաստ ըլլան անոնց: Միակ Աստուածաշունչին խորհուրդը մեզի այն է, որ մեր ընտրեալը Քրիստոսի մարմնին անդամը ըլլայ:



Վերադարձիր յիմնական էջը հայերէնով



Ի՞նչ կ'ըսուի Աստուածաշունչին մէջ խառնամուսնութիւններու մասին: