Ինչպէ՞ս կրնամ ճիշտ յարաբերութիւններ ունենալ Աստուծոյ հետ:
Հարց. Ինչպէ՞ս կրնամ ճիշտ յարաբերութիւններ ունենալ Աստուծոյ հետ:
Պատասխան.
Որպէս զի ճիշտ յարաբերութիւններ ունենանք Աստուծոյ հետ, պէտք է նախ գիտնանք, թէ որո՞նք են սխալ յարաբերութիւնները: Պատասխանն է. ՄԵՂՔԸ: «Ամէնքը խոտորեցան, մէկտեղ անպիտան եղան.» (Սաղմ. 14.3): Մենք ապստամբած ենք Աստուծոյ պատուիրաններուն դէմ, «ամէնքս ոչխարներու պէս մոլորեցանք.» (Եսայի 53.6):
Վատ լուրն այն է, որ մեղքին պատիժը մահ է: «Այն անձը, որ մեղք կը գործէ, պիտի մեռնի» (Եզեկ. 18.4): Իսկ Բարի լուրն այն է, որ Աստուած մեզի կ'սիրէ եւ կ'առաջարկէ փրկել մեզի մեր մեղքերէն: Յիսուս կը յայտարարէ, որ Իր նպատակն է «...կորսուածը փնտրէ ու փրկէ» (Ղուկ. 19.10) եւ իր նպատակը կը յայտարարէ իրագործուած, երբ խաչին վրայ մեռնելէ առաջ կ'ըսէ. «Ամէն բան կատարուեցաւ» (Յովհ. 19.30):
Որպէս զի Աստուծոյ հետ ճիշտ յարաբերութիւններ ունենաս, նախ պէտք է խոնարհութեամբ (Եսայի 57.15) Անոր առջեւ խոստովանես քո մեղքերը եւ որոշում առնիս՝ հրաժարելու այդ մեղքերէն: «Վասն զի սրտով կը հաւատայ մէկը արդարանալու համար ու բերնով կը խոստովանի փրկուելու համար» (Հռովմ. 10.10):
Ապաշխարութիւնը պէտք է ուղեկցուի հաւատքին հետ. հաւատք առ այն, որ Յիսուսին Ինքնազոհ Մահը եւ Անոր Հրաշափառ Յարութիւնը Զինքը քո Փրկիչը կ'ընեն: «Վասն զի եթէ քու բերնովդ Յիսուսը Տէր խոստովանիս ու սրտիդ մէջ հաւատաս թէ Աստուած զանիկա մեռելներէն յարուցանեց՝ պիտի փրկուիս.» (Հռովմ. 10.9): Ուրիշ շատ յատուածներուն մէջ ալ կը խօսուի հաւատքին անհրաժեշտութեան մասին, օրինակ՝ Յովհ. 20.27, Գործք 16.31, Գաղ. 2.16, 3.11,26, Եփես. 2.8:
Աստուծոյ հետ ճիշտ յարաբերութիւններ ունենալը կախում ունէ ինչպէս կը պատասխանես քեզի համար Անոր ըրածին: Անիկա Փրկիչ մը ղրկեց, ապահովեց զոհը, որը կը վերցնէ քո մեղքերը (Յովհ. 1.29) եւ քեզի յետեւեալ խոստումը տուաւ. «Ամէն ով որ Տէրոջը անունը կանչէ՝ պիտի փրկուի» (Գործք 2.21):
Ապաշխարութեան եւ ներումի Աստուծոյ պատրաստակամութեան շատ գեղեցիկ օրինակ մըն է «Անառակ որդիին» առակը (Ղուկ. 15.11-32): Կրտսեր որդին իր հօրը տուած ժառանգութիւնը կը մսխէ անառակ մեղքերուն համար (13): Երբ կը հասկնայ, որ սխալած է, անառակ որդին կ'որոշէ նորէն իր հօր տունը վերադառնայ (18): Անիկա կը կարծէ, որ հայրը այլեւս անոր իր որդին չպիտի համարէ (20), բայց կը սխալի: Հայրը զինքը կը սիրէ ճիշտ այնչափ, որչափ առաջ սիրած է (20): Կը ներէ անոր ամէն բան եւ անոր պատուին մեծ տոնախմբութիւն կը կազմակերպէ (24):
Աստուած բարի է եւ հաւատարիմ Իր խոստումներուն: Հաւատարիմ է Իր այն խոստումին, թէ պիտի ներէ: «Տէրը մօտ է անոնց, որոնց սիրտը կոտրած է ու հոգիով խոնարհածները կ'ապրեցնէ.» (Սաղ. 34.18):
Եթէ կ'ուզես Աստուծոյ հետ ճիշտ յարաբերութիւններ ունենալ, հոս քեզի կը ներկայացնինք աղօթք մը: Թէ՛ այս, կամ թէ՛ ուրիշ աղօթք մը չեն կրնայ քեզի փրկիլ: Միայն Յիսուս Քրիստոսին վրայ ունեցած հաւատքը կրնայ քեզի քո մեղքերէն փրկիլ: Այս աղօթքը միայն միջոց մըն է, որ ցուցնես քո հաւատքը Աստուծոյ հանդէպ եւ շնորհակալութիւն յայտնես այն փրկութեանը համար, որ Անիկա քեզի կ'ընծայէ:
«Աստուած իմ, գիտեմ, որ մեղաւոր մէկն եմ Քո առջեւ եւ արժանի՝ պատժուելու: Բայց Յիսուս Քրիստոս ընդունեց այն պատիժը, որ ես պիտի կրէի, որպէս զի Անոր վրայ ունեցած իմ հաւատքովը ինծի ներուի: Ես կը դառնամ իմ մեղքերէն եւ իմ փրկութիւնը Քեզի կը վստահիմ: Շնորհակալ եմ Քո հիասքանչ շնորհիդ, ներումին եւ յաւիտենական կեանքի պարգեւին համար: Ամէն:»
Հոս կարդացածդ բերա՞ւ քեզի որոշումի մը, որ ընդունես Քրիստոսը: Եթէ քո պատասխանը «այո» է, սեղմէ «Այսօր Քրիստոսը ընդունեցի» կոճակին վրայ:
Վերադարձիր յիմնական էջը հայերէնով
Ինչպէ՞ս կրնամ ճիշտ յարաբերութիւններ ունենալ Աստուծոյ հետ:
|