Միայն հաւատք
 
 

Փրկութիւնը միայն հաւատքին միջոցաւ է, թէ՞ հաւատքին ու գործերուն:



Հարց. Փրկութիւնը միայն հաւատքին միջոցաւ է, թէ՞ հաւատքին ու գործերուն:

Պատասխան.
Ասիկա կրնայ ըլլայ ամբողջ քրիստոնէական աստուածաբանութեան մէջ ամենէն կարեւոր հարցն է: Այս հարցը Բարէփոխումներուն՝ Կաթողիկէ եւ Բողոքական եկեղեցիներուն բաժանման պատճառ դարձաւ: Անիկա աստուածաշնչային քրիստոնէութեան եւ կեղծ-քրիստոնէական եկեղեցիներէն մեծ մասի միջեւ եղած յիմնական տարբէրութիւններու արտայայտութիւնն է: Փրկութիւնը միայն հաւատքին միջոցաւ է, թէ՞ հաւատքին ու գործերուն: Ես փրկուա՞ծ եմ, եթէ միայն կը հաւատամ Յիսուսին, թէ՞ հաւատքին հետ որոշ գործեր ալ պիտի ընեմ:

Այս հարցը կը դժուարանայ որոշ աստուածաշնչային հատուածներու պատճառաւ, որոնք առաջին հայեացքէն անհամատեղելի կը թուին: Յամեմատէ Հռովմ. 3.28, 5.1-ը եւ Գաղ. 3.24-ը Յակ. 2.24-ին հետ: Ոմանք կը կարծեն, որ Պողոսին (փրկութիւն հաւատքին միջոցաւ) եւ Յակոբոսին (փրկութիւն հաւատքին եւ գործերուն միջոցաւ) միջեւ տարբէրութիւններ կան: Իրականութեան մէջ տարբէրութիւն մը չկայ: Տարբէրութիւնը միայն հաւատքին եւ գործերուն միջեւ յարաբերութիւններն են: Պողոս վարդապէտորէն կ'ըսէ, որ արդարացումը միայն հաւատքին միջոցաւ է (Եփես. 2.8-9), իսկ Յակոբոս կարծես կ'ըսէ, որ արդարացումը հաւատքին եւ գործերուն միջոցաւ է: Այս ակնյայտ խնդրին լուծումը Յակոբոսին խօսքերուն աւելի խորունկ ուսումնասիրութիւնն է: Յակոբոս կը հերքէ այն կարծիքը, որ մարդը, առանց բարի գործերու կրնայ հաւատք ունենայ (Յակ. 2.17-18): Անիկա կ'ընդգծէ, որ ճշմարիտ հաւատքին արդիւնքը վերափոխուած կեանքն ու բարի գործերն են (Յակ. 2.20-26): Յակոբոս չըսեր, թէ արդարացումը հաւատքին եւ գործերուն միջոցաւ է, այլ երբ մարդ մը արդարանայ հաւատքին միջոցաւ, իր կեանքին մէջ պէտք է բարի գործեր ունենայ: Եթէ մարդ մը պնդէ, որ հաւատացեալ է, բայց իր կեանքին մէջ բարի գործեր չունենայ, անոր հաւատքը ճշմարիտ չէ (Յակ. 2.14,17,20,26):

Պողոսն ալ իր նամակներուն մէջ նոյնը կ'ըսէ: Բարի պտուղները, որ հաւատացեալները իրենց կեանքին մէջ պէտք է ունենան կը թուարկուին Գաղ. 5.22-23-ին մէջ: Պողոս առաքեալ, երբ կ'ըսէ, որ կը փրկուինք հաւատքին, այլ ոչ գործերուն միջոցաւ (Եփես. 2.8-9), մեզի կը սորուեցնէ նաեւ, որ մենք ստեղծուած ենք բարի գործերուն համար (Եփես. 2.10): Պողոս հաւատացեալին վերափոխուած կեանքէն կը սպասէ նոյնքան, որքան Յակոբոս. «Ուրեմն եթէ մէկը Քրիստոսին մէջ է, անիկա նոր ստեղծուած մըն է: Հիները անցան եւ ահա ամէն բան նոր եղաւ» (Բ Կորն. 5.17): Փրկութեան վերաբերեալ Պողոսին եւ Յակոբոսին ուսմունքներուն միջեւ տարբէրութիւն մը չկայ: Անոնք միեւնոյն նիւթը տարբէր անկիւններէ կը դիտարկեն: Պողոս կ'ընդգծէ, որ արդարացումը միայն հաւատքին միջոցաւ է, իսկ Յակոբոս շեշտը կը դնէ այն փաստին վրայ, որ Քրիստոսին հանդէպ հաւատքը բարի գործեր կը ծնէ:



Վերադարձիր յիմնական էջը հայերէնով



Փրկութիւնը միայն հաւատքին միջոցաւ է, թէ՞ հաւատքին ու գործերուն: