Գոյութիւն ունէ՞ յաւիտենական կեանքը ապահովող աստուածաշնչային յիմնաւորում:
Հարց. Գոյութիւն ունէ՞ յաւիտենական կեանքը ապահովող աստուածաշնչային յիմնաւորում:
Պատասխան.
Երբ մարդիկ կ'ընդունին Քրիստոսը, որպէս Փրկիչ, անոնք Աստուծոյ հետ կը ձեւաւորին անանք փոխյարաբերութիւն մը, ինչը անոնց կ'երաշխաւորէ ապահովութիւն յաւիտենական կեանքին համար: Յուդա 24-ին մէջ կը կարդանք. «Անոր՝ որ կարող է զերծ պահել ձեզ անկումէ, եւ անարատ կեցնել իր փառքին առջեւ՝ ցնծութեամբ, ...»: Աստուծոյ զօրութիւնը կրնայ հաւատացեալին պահպանէ ձախողումէ: Աստուծմէ կախում ունէ, եւ ոչ մեզմէ, Անոր փառաւոր ներկայութեանը մէջ մեր կանգնիլը: Մեր յաւիտենական կեանքը ապահով է, որովհետեւ Աստուած մեզի կը պահպանէ, այլ ոչ թէ մենք կը պահպանինք մեր անձերուն փրկութիւնը:
Տէր Յիսուս Քրիստոս կը յայտարարէ. «Ես կու տամ անոնց յաւիտենական կեանքը, ու յաւիտեան պիտի չկորսուին, եւ ոչ մէկը կրնայ յափշտակէ զանոնք իմ ձեռքէս: Իմ Հայրս՝ որ ինծի տուաւ զանոնք՝ բոլորէն մեծ է, ու ոչ մէկը կրնայ յափշտակել իմ Հօրս ձեռքէն» (Յովհ. 10.28-29): Ե՛ւ Յիսուս, ե՛ւ Հայրը մեզի ամուր բռնած են իրենց ձեռքերուն մէջ: Ո՞վ կրնայ մեզի Հօրը եւ Որդւոյն ձեռքէն խլէ:
Եփեսացիս 4.30-ը մեզի կ'ըսէ, որ հաւատացեալները կնքուած են «ազատագրութեան օրուան համար»: Եթէ հաւատացեալներուն յաւիտենական կեանքը ապահովուած չըլլար, կնիքը չէր կրնար «ազատագրութեան օրուան» համար ըլլալ, այլ միայն մինչեւ մեղանչումի, ուրացումի եւ անհաւատութեան օրը: Յովհ. 3.15-16-ին մէջ կ'ըսուի, որ ամէն ով որ հաւատայ Յիսուս Քրիստոսին, պիտի «յաւիտենական կեանք ունենայ»: Եթէ մէկուն յաւիտենական կեանք կը խոստացուի, բայց ետքը անորմէ առնուի, անանք կ'ելլէ, որ այն երբեք «յաւիտենական» չէ եղած: Եթէ քրիստոնեային յաւիտենական կեանքը հաստատ բան մը չէ, պէտք է Աստուածաշունչին խոստումները անճիշտ համարիլ:
Յաւիտենական կեանքի ապահով ըլլալու օգտին ամենէն զօրաւոր փաստարկը կը կարդանք Հռովմայեցիս 8.38-39-ին մէջ. «Որովհետեւ ես համոզուած եմ թէ ո՛չ մահը, ո՛չ կեանքը, ո՛չ հրեշտակները, ո՛չ իշխանութիւնները, ո՛չ զօրութիւնները, ո՛չ ներկայ բաները, ո՛չ գալիք բաները, ո՛չ բարձրութիւնը, ո՛չ խորունկութիւնը, ո՛չ ալ ոեւէ ուրիշ արարած պիտի կարենայ զատել մեզ Աստուծոյ սէրէն, որ Քրիստոս Յիսուսով՝ մեր Տէրոջմով է»: Յաւիտենական կեանքի ապահովութիւնը կը յիմնուի Աստուծոյ սիրոյն վրայ անոնց հանդէպ, որոնց փրկած է: Անիկա ապսպրուած է Քրիստոսի կողմանէ, խոստացուած Հօր կողմանէ եւ կնքուած Սուրբ Հոգւոյն կողմանէ:
Վերադարձիր յիմնական էջը հայերէնով
Գոյութիւն ունէ՞ յաւիտենական կեանքը ապահովող աստուածաշնչային յիմնաւորում:
|