| |
Աստուած գոյութի՞ւն ունէ:
Հարց. Աստուած գոյութի՞ւն ունէ:
Պատասխան.
Աստուած գոյութի՞ւն ունէ: Յետաքրքիր է, որ այս բանավէճին այդչափ ժամանակ կը տրամադրուի: Ամենէն վէրջին յետազոտութիւնները կը ցուցնեն, որ մարդկութեան 90% այսօր կը հաւատայ Աստուծոյ կամ ոեւէ բարձր զօրութեան մը գոյութեանը: Այնուամենայնիւ, կէրպով մը Աստուծոյ գոյութիւնը ապացուցելու պատասխանատվութիւնը կ'իյնայ անոնց վրայ, որոնք իսկապէս կը հաւատան Անոր: Ես անձամբ կը կարծեմ, որ հակառակը պէտք է ըլլայ:
Աստուծոյ գոյութիւնը չի կարելի ապացուցել կամ հերքիլ: Նոյնիսկ Աստուածաշունչը կ'ըսէ, որ Աստուծոյ գոյութիւնը հաւատքով կրնանք ընդունիլ. «Բայց առանց հաւատքի անհնար էր Աստուծոյ հաճելի ըլլալ. Վասն զի ան որ Աստուծոյ կը մօտենայ, պէտք է որ հաւատայ թէ Աստուած կայ եւ թէ վարձահատոյց կ'ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն» (Եբր. 11.6): Եթէ Աստուած ուզէ, Անիկա պարզապէս կրնայ յայտնուիլ եւ ապացուցել Իր գոյութիւնը: Սակայն, եթէ ասիկա ընէ, այլեւս հաւատքին պէտքութիւնը պիտի չըլլայ: «Յիսուս ըսաւ անոր. «Որովհետեւ դուն զիս տեսար, ատոր համար հաւատացիր. Երանի՜ անոնց, որ տեսած չեն ու կը հաւատան» (Յովհ. 20.29):
Սակայն ասիկա չի նշանակեր, որ Աստուծոյ գոյութեան մասին ապացոյցներ չկան: Աստուածաշունչը կ'ըսէ. «Երկինք Աստուծոյ փառքը կը պատմէ ու երկնքի հաստատութիւնը անոր ձեռքերուն գործերը կը ցուցնէ: Օրը օրին կը յայտնէ խօսքը ու գիշերը գիշերին կը ցուցնէ գիտութիւնը: Չկայ զրոյց ու չկան խօսքեր. Անոնց ձայնը չի լսուիր: Բայց ամէն երկիր ելաւ անոնց հնչիւնը ու մինչեւ աշխարհի ծայրը՝ անոնց խօսքը ... » (Սաղմ. 19.1-4): Երբ կը նայինք երկնքի աստղերուն, երբ կը փորձենք հասկնալ տիեզէրքին կուսութիւնը, երբ կը դիտենք բնութեան հրաշքները եւ կը տեսնենք արեւամուտի գեղեցկութիւնը, այդ ամէնը մեզի կը պատմեն Արարիչ Աստուծոյ մասին: Իսկ եթէ ասիկա բաւարար չէ, մեր իսկ սրտերնին կը վկային Աստուծոյ գոյութիւնը: Ժող. 3.11-ին մէջ ըսուած է. «Եւ մարդուն մտքին մէջ յաւիտենականութիւնը ճանչնալու փափաքը դրաւ»: Մեր էութեան խորքին մէջ մենք կը գիտակցենք, որ այս կեանքէն անդին բան մը կամ մէկը կայ, որը այս կեանքէն դուրս է: Մեր մտքերուն մէջ մենք կրնայ ըլլայ կը մերժենք ասիկա, բայց մեր մէջ եւ մեզմով Աստուծոյ ներկայութիւնը կը շարունակէ Իր գոյութիւնը: Չնայած ասոր, Աստուածաշունչը մեզի կ'զգուշացնէ, որ ոմանք պիտի ըլլան, որոնք պիտի մերժեն Աստուծոյ գոյութիւնը. «Անզգամը իր սրտին մէջ ըսաւ թէ՝ «Աստուած չկայ» » (Սաղ. 14.1): Քանի որ մարդկութեան պատմութեանը մէջ բոլոր մշակոյթներէն, բոլոր քաղաքակրթութիւններէն, բոլոր ցամաքամասերէն մարդոց 98% հաւատացած են աստուծոյ մը գոյութեանը, պէտք է բան մը եղած ըլլայ, որը ասանք հաւատք մը ծնած է ըլլայ:
Աստուծոյ գոյութեան վերաբերեալ Աստուածաշունչի գրուածքներուն, որպէս յաւելում, տրամաբանական փաստարկներ ալ կան: Անոնցմէ առաջինը ԳՈՅԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՓԱՍՏԱՐԿՆ է: Ասոր ամենէն յայտնի ձեւը իր յիմքին մէջ Աստուծոյ գոյութիւնը ապացուցելուն համար կը գործածէ Աստուծոյ մասին ըմբռնումը: Անիկա Աստուծոյ մասին ձեւակէրպումը կը սկսէ, որպէս «աւելի մեծ բան մը, որուն չես կրնար յղանալ»: Անկէ ետքը կը պնդէ, որ Գոյը անգոյէն աւելի մեծ է: Յետեւաբար, գոյութիւն ունէ ամենէն մեծ Էակը: Եթէ Աստուած գոյութիւն չունէ, ուրեմն Անիկա ամենէն մեծ Էակը չէ, ինչը հակառակ է Աստուծոյ վերաբերեալ ձեւակէրպումին: Երկրորդը ՆՊԱՏԱԿԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՓԱՍՏԱՐԿՆ է: Անիկա կ'ըսէ, որ եթէ տիեզէրքը կը ցուցնէ ասանք զարմանալի խորհուրդ մը, պէտք է նաեւ աստուածային ճարտարապէտ մըն ալ եղած ըլլայ, որը ստեղծած է այս ամէնը: Օրինակ, եթէ երկիրը նոյնիսկ քանի մը հարիւր կմ հեռու կամ մոտ ըլլար արեգակին, անոր վրա կեանք չէր կրնար ըլլալ: Եթէ մեր ատմոսֆերային մէջ մասնիկներուն միջեւ յարաբերութիւնները քանի մը տոկոսով տարբէր ըլլար, երկրին վրա բոլոր կենդանի էակները պիտի մեռնէին: Որպէս զի միայն մէկ պրոտեին մոլեկուլ մը պատահականորէն ձեւաւորուի, յաւանականութիւնը 10243-էն մէկն է: Մէկ բջջի մը մէջ միլիոնաւոր պրոտեին մոլեկուլներ կան:
Երրորդ տրամաբանական փաստարկը կը կոչուէ ՏԻԵԶԷՐԱԲԱՆԱԿԱՆ ՓԱՍՏԱՐԿ: Ամէն յետեւանք ծնած է պատճառէն: Տիեզէրքը եւ ամէն բան անոր մէջ միայն յետեւանք մըն են: Յետեւաբար բան մը կայ, որը պէտք է անոնց պատճառը եղած ըլլայ, անոնց ծնունդ տուած ըլլայ: Անիկա Աստուած է: Չորրորդ փաստարկը ԲԱՐՈՅԱԲԱՆԱԿԱՆ ՓԱՍՏԱՐԿՆ է: Պատմութեան մէջ ամէն մշակոյթ օրէնքի ձեւ մը ունեցած է: Ամէն մարդ բարու եւ չարի զգացումը ունէ: Սպանութիւնը, սուտը, գողութիւնը եւ անառակութիւնը բաներ մըն են, որոնց բոլոր մշակոյթներն ալ կը մերժեն: Ուրկէ կու գայ բարու եւ չարի այս ըմբռնումը, եթէ ոչ Մէկ Սուրբ Աստուծմէ:
Թէեւ այս փաստարկներուն, Աստուածաշունչը մեզի կ'ըսէ, որ մարդիկ Աստուծոյ մասին հստակ եւ անվիճելի իմացութիւնը կը մերժեն եւ կեղծիքին կը հաւատան: Հռովմ. 1.25-ին մէջ կ'ըսուի. «Անոնք Աստուծոյ ճշմարտութիւնը սուտի հետ փոխեցին ու երկրպագութիւն եւ պաշտօն մատուցանեցին ստեղծուածներուն քան թէ Ստեղծողին, որ յաւիտեան օրհնեալ է: Ամէն»: Աստուածաշունչը նաեւ կը հաղորդէ, որ մարդոց պիտի չներուի իրենց անհաւատութիւնը առ Աստուած. «Քանզի աներեւոյթ բաները աշխարհի սկիզբէն ստեղծուածներովը կ'իմացուին, կը տեսնուին, այսինքն իր մշտնջենաւոր զօրութիւնը ու աստուածութիւնը, որպէս զի անպատասխանի մնան» (Հռովմ. 1.20):
Մարդիկ կը պնդեն, որ Աստուծոյ չեն հաւատար, քանի որ «գիտական» չէ կամ «ապացոյցներ չկան»: Իրական պատճառն այն է, որ եթէ ընդունին Աստուծոյ գոյութիւնը, անոնք պիտի ընդունին նաեւ, որ Աստուծոյ առաջ պատասխան պիտի տան եւ Անոր ներումին պէտքութիւնը ունին (Հռովմ. 3.23, 6.23): Եթէ Աստուած գոյութիւն ունէ, ապա մենք մեր ըրածներուն համար Անոր առաջ պատասխան պիտի տանք: Իսկ եթէ Աստուած գոյութիւն չունէ, ապա ինչ որ ուզենք, կրնանք ընել, առանց անհանգիստ ըլլալու, որ Անիկա մեզի պիտի դատէ: Իմ կարծիքով, այս է պատճառը նաեւ, որ էվոլուցիայի գաղափարը այդչափ մարդոց կողմէ կ'ընդունուի, քանի որ այլընտրանք մըն է Աստուծոյ յանդէպ հաւատքին: Աստուած գոյութիւն ունէ եւ բոլորն ալ ասիկա գիտեն: Փաստը, որ ոմանք այդչափ բարկազդու կէրպով կը փորձեն հերքել Աստուծոյ գոյութիւնը, այլեւս կը փաստէ Աստուծոյ գոյութիւնը:
Թոյլ տուէք Աստուծոյ գոյութեան եւս մէկ փաստարկ մը ներկայացնիլ: Ես անձամբ ուրկէ՞ գիտեմ, որ Աստուած գոյութիւն ունէ: Գիտեմ, որովհետեւ ամէն օր կը զրուցեմ անոր հետ: Ես ձայն մը չեմ լսեր, որը կը խօսէ ինծի հետ: Բայց կը զգամ Անոր ներկայութիւնը եւ առաջնորդութիւնը, կը ճանչնամ Անոր Սէրը, կ'այրուիմ Անոր ողորմութեանը համար: Իմ կեանքիս մէջ բաներ եղած են, որոնք բացատրութիւն չունին, բացի այն, որ Աստուած գոյութիւն ունէ: Աստուած Իր ողորմութեամբը հրաշալի կէրպով ինծի փրկած եւ իմ կեանքս փոխած է, անանք, որ չեմ կրնար չընդունիլ Անոր գոյութիւնը եւ չփառաբանել Անոր:
Այս փաստարկներէն ոեւէ մէկը, առանձին թէ միասնաբար, չեն կրնար ոեւէ մէկուն համոզիլ, որ Աստուած գոյութիւն ունէ, եթէ այդ մարդը կը հրաժարի խոստովանիլ այն, ինչը շատ պարզորէն կ'երեւի: Եւ վէրջը, Աստուծոյ գոյութիւնը պէտք է հաւատքին միջոցաւ ընդունիլ (Եբր. 11.6): Աստուծոյ հաւատալը խաւարին մէջ թռիչք մը չէ, այլ լուսաւոր սենեակին մէջ վստահ քայլ մըն է, ուր այլեւս մարդկութեան 90% կը գտնուին:
Վերադարձիր յիմնական էջը հայերէնով
Աստուած գոյութի՞ւն ունէ:
|
|