| |
Աստուածաշունչը կը հաստատէ՞ Քրիստոսին Աստուածութիւնը:
Հարց. Աստուածաշունչը կը հաստատէ՞ Քրիստոսին Աստուածութիւնը:
Պատասխան.
Յիսուսի պնդումէն զատ, աշակերտներն ալ կ'ընդունին Անոր Աստուածութիւնը: Անոնք կը պնդեն, որ Յիսուս մեղքերը ներելու իշխանութիւնն ուներ. Բան մը, որ միայն Աստուած կրնայ ընել, վասզի միայն Անիկա վնաս կրած է մեղքէն (Գործք 5.31, Կող. 3.13, յմմտ. Սաղ. 130.4, Երեմ. 31.34): Ասոր հետ նեղ կապ մըն է Յիսուսին այն պնդումը, որ Ինքը Ան է «որ պիտի դատէ կենդանիները ու մեռեալները» (Բ Տիմ. 4.1): Թովմաս առաքեալ Յիսուսին կը դիմէ «Տէր իմ եւ Աստուած իմ» (Յովհ. 20.28) բառերովը: Պողոս Յիսուսը կ'անուանէ «Մեծ Աստուած եւ Փրկիչ» (Տիտ. 2.13) եւ կը ցուցնէ, որ Յիսուս Իր մարմնացումէն առաջ ալ գոյութիւն ունեցած է «Աստուծոյ կերպարանքը ունենալով» (Փիլ. 2.6): Եբրայեցիներուն ուղղուած նամակին հեղինակը Յիսուսին համար կ'ըսէ. «Քու աթոռդ, ով Աստուած, յաւիտեանս յաւիտենից է» (Եբր. 1.8): Յովհաննէս առաքեալը կը յայտարարէ. «Սկիզբէն էր Բանը ու Բանը Աստուծոյ քով էր եւ Բանը Աստուած էր» (Յովհ. 1.1): Տակաւին շատ օրինակներ կրնանք բերել Աստուածաշունչէն Քրիստոսի Աստուածութեան համար (Տես Յայտ. 1.17, 2.8, 22.13, Ա Կորն. 10.4, Ա Պետ. 2.6-8, յմմտ. Սաղ. 18.2, 95.1, Ա Պետ. 5.4, Եբր. 13.20), բայց ասոնցմէ միայն մէկն ալ բաւարար է՝ ապացուցելու, որ Քրիստոս Իր բոլոր յետեւորդներէն, որպէս Աստուած ընդունուած է:
Յիսուսին կու տան նաեւ տիտղոսներ, որոնք յուրայատուկ են եւ կը տրուին միայն Աստուծոյն: Հին Կտակարանին «Փրկիչ» տիտղոսը (Սաղ. 130.7, Ովս. 13.14) Նոր Կտակարանին մէջ գործածուած է Յիսուսին համար (Տիտոս 2.13, Յայտ. 5.9): Յիսուս կ'անուանուի Էմմանուէլ («Աստուած մեզի հետ է» Մատթ 1.23): Զաքարիայ 12.10-ին մէջ Աստուծոյն համար կ'ըսէ. «անոնք պիտի նային ինծի՝ իրենց խոցածին»: Բայց Նոր Կտակարանին մէջ ասիկա կը վերաբերէ խաչեալ Քրիստոսին (Յովհ. 19.37, Յայտ. 1.7): Աստուած է, որուն խոցած են եւ կը նային, նաեւ Յիսուս է, Որուն խոցած են եւ կը նային. Յետեւաբար Յիսուս Աստուած է: Պողոս Ես. 45.22-23 յատուածը Փիլ. 2.10-11-ին մէջ կը գործածէ Յիսուսին համար: Ինչպէս նաեւ աղօթքներուն մէջ Աստուծոյ անուան հետ Յիսուսին անունն ալ կը գործածուի. «Շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Հայր Աստուծմէ, ու մեր Տէրոջմէն՝ Յիսուս Քրիստոսէ» (Գաղ.1.3, Եփ. 1.2): Եթէ Քրիստոս Աստուած չէ, ասիկա հայհոյութիւն է Աստուծոյ հանդէպ: Աստուծոյ անունին հետ միասին Յիսուսի անունն ալ կը յիշուի նորահաւատներուն մկրտելու Յիսուսի պատուիրանին մէջ. «Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին անունով (եզակի թիւ)» (Մատթ. 28.19, տէս նաեւ Բ Կոր. 13.14): Յայտնութեան գիրքին մէջ կ'ըսուի, թէ ամբողջ արարչութիւնը կը փառաբանէ Քրիստոսը (Գառին), յետեւաբար Յիսուս արարչութեան մաս չի կազմէ (Յայտ. 5.13):
Յիսուսին կը վերագրուի գործեր, որոնք միայն Աստուած կրնայ ընել: Յիսուս ոչ միայն յարութիւն կու տայ մեռելներուն (Յովհ. 5.21, 11.38-44) եւ մեղքերուն թողութիւն կու տայ (Գործք 5.31, 13.38), այլ նաեւ ստեղծած է եւ կը հոգայ ողջ տիեզէրքին համար (Յովհ. 1.2, Կող. 1.16-17): Այս պնդումը աւելի զօրեղ կ'ըլլայ, եթէ յաշուի առնինք այն փաստը, որ Աստուած կ'ըսէ, թէ արարչութեան ատենը մինակ եղած է (Ես. 44.24): Ասկէ զատ Յիսուս յատկութիւններ ունէ, որոնք միայն Աստուծոյ կը պատկանին: Անիկա յաւիտենական է (Յովհ. 8.58), ամենուր է (Մատթ. 18.20, 28.20), ամենագետ է (Մատթ. 16.21), ամենակարող է (Յովհ. 11.38-44):
Մէկ բան է Աստուած ըլլալ կամ խաբէութեամբ համոզել մէկուն, թէ Աստուած ես, ուրիշ է, երբ կ'ապացուցես, որ Աստուած ես: Քրիստոս Իր Աստուած ըլլալը կ'ապացուցէ բազում հրաշքներով, նոյնիսկ յարութիւն կու տայ մեռելներու:
Ահաւասիկ Յիսուսին քանի մը հրաշքները. Ջուրը գինիի կը փոխէ (Յովհ. 2.7), Ջուրի վրայէն կը քալլէ (Մատթ. 14.25), կը բազմապատկէ առարկաներ (Յովհ. 6.11), կը բժշկէ կոյրերու (Յովհ. 9.7), կաղերու (Մարկ. 2.3) եւ այլ հիւանդներու (Մատթ. 9.35, Մարկ. 1.40-42), ինչպէս նաեւ մեռելներուն յարութիւն կու տայ (Յովհ. 11.43-44, Ղուկ. 7.11-15, Մարկ. 5.35):
Ասոնցմէ զատ Ինքը՝ Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն առաւ: Ուրիշ կրօքներ լուրջ պահանջներ չունին յարութեան վերաբերեալ, ինչը բաւարար չափով կը տարբերէ Յիսուսը հեթանոսական դիցաբանութեան մէջ ասանք կոչուած մեռած եւ յարութիւն առած չաստուածներէն, եւ աստուածաշնչային աղբիւրներէն դուրս ոեւէ յարութեան պնդում մը ասանք համոզիչ հաստատում մը չունի: Դ-ր Գարի Յաբերմասին կարծիքով 12 պատմական փաստեր կան, որոնք նոյնիսկ ոչ քրիստոնեայ գիտնականներուն կողմէ կ'ընդունուին:
(1) Յիսուս խաչուելով կը մեռնէ:
(2) Անիկա կը թաղուի:
(3) Անոր մահը պատճառ կ'ըլլայ, որ աշակերտները հիասթափուին եւ իրենց յոյսը կորսնցնին:
(4) Քանի մը օրեր անց Յիսուսին գերեզմանը պարապ (գոնէ անանք կը պնդին) կը գտնին:
(5) Աշակերտները կը հաւատան, որ յարուցեալ Յիսուս քանի մը անգամներ երեւցած է անոնց:
(6) Անկէ ետք կասկածամիտ աշակերտները կը փոխուին վստահ հաւատացեալներու:
(7) Այս պատգամը նախնական եկեղեցւոյ քարոզչութեան կենտրոնը հանդիսացած է:
(8) Այս պատգամը կը քարոզուի Երուսաղէմին մէջ:
(9) Այս քարոզութեան արդիւնքում կը ծնանի եւ կը բազմանայ Եկեղեցին:
(10) Յարութեան օրը՝ Կիրակին, կը փոխարինէ Շաբաթը, որպէս երկրպագութեան օր:
(11) Թովմասը, որը թերահաւատ մըն էր, դարձի կու գայ, որովհետեւ կը հաւատայ, թէ տեսած է Յարուցեալ Յիսուսը:
(12) Պողոս, որը քրիստոնեաներուն թշնամին էր, դարձի կու գայ, քանի որ ան ալ կը հաւատայ, որ Յարուցեալ Յիսուսը երեւցած է իրեն:
Նոյնիսկ, եթէ այս փաստերէն ոմանց հանդէպ հակառակութիւն ալ ըլլայ, անոնցմէ միայն մէկ քանիսը բաւարար են, ցուցնելու Յիսուս Քրիստոսին յարութիւնը եւ հաստատելու Աւետարանին ճշմարտացիութիւնը. Յիսուսին մահը, թաղումը, յարութիւնը եւ երեւումը (Ա Կոր. 15.1-5): Թէեւ ամենայն յաւանականութեամբ որոշ թէորիաներ կան, որոնք կը բացատրին վերոյիշեալ փաստերէն մէկ-երկուսը, սակայն միայն յարութունը կրնայ ամբողջապէս բացատրիլ եւ միանշանակ պատասխան տալ ասոնց համար: Քննադատները կ'ընդունին, որ աշակերտները կը պնդին, թէ տեսած են Յարուցեալ Յիսուսը: Ո՛չ կեղծիքը, ո՛չ ալ խաբկատեսութիւնը կրնան մարդոց վերափոխիլ անանք, ինչպէս յարութիւնը ըրած է: Նախ, ինչ է անոնց օգուտը, որ այդ ընեն: Քրիսոնէութիւնը ճանաչուած կրօն մը չէր եւ վստահաբար Յիսուսին յաւատարիմ յետեւորդները դարձի գալով դրամ չեն կուտակած: Երկրորդ, սովորաբար խաբէբաներէն քաջ նահատակներ չելլեր: Այն, որ աշակերտները իրենց հաւատքին համար պատրաստ էին ամենէն սարսափելի մահովը մեռնելու, միակ բացատրութիւնը յարութեան փաստն է: Իրապէս շատեր կը մեռնին սուտ վարդապետութիւններու համար, ինչը անոնք կ'ընդունին, որպէս ճշմարտութիւն: Սակայն մէկը իր կեանքը չի տար բանի մը համար, որը գիտէ , թէ ճշմարտութիւն չէ:
Եզրահանգութիւն. Քրիստոս պնդած է, թէ Աստուած է (ոչ «աստուածներէն մէկը», այլ Ինքը ճշմարիտն Աստուած), Անոր յետեւորդները (հրեաներ, որոնք միայն կռապաշտութեան գաղափարէն սարսափած են) կը հաւատան Անոր եւ Անոր յանդէպ վերաբերած են, որպէս Աստուծոյ: Քրիստոս Իր Աստուած ըլլալը կ'ապացուցէ հրաշքներուն միջոցաւ, որոնցմէ մէկն ալ յարութիւնը եղած է, ինչը կը վերափոխէ աշխարհը: Ուրիշ ոչ մէկ թէորիա չի կրնայ բացատրիլ այս փաստերը:
Վերադարձիր յիմնական էջը հայերէնով
Աստուածաշունչը կը հաստատէ՞ Քրիստոսին Աստուածութիւնը:
|
|
|