Ի՞նչ կը նշանակէ վերստին ծնած քրիստոնեայ ըլլալ:




Հարց. Ի՞նչ կը նշանակէ վերստին ծնած քրիստոնեայ ըլլալ:

Պատասխան.
Ի՞նչ կը նշանակէ վերստին ծնած քրիստոնեայ ըլլալ: Աստուծաշունչէն դասական հատուածը, որը կը պատասխանէ այս հարցին, Յովհաննէսի 3.1-21-ն է: Հոն կը նկարագրուի, ինչպէս Տէր Յիսուս Քրիստոս կը զրուցէ Նիկոդեմոսին հետ, որը ճանաչուած փարիսեցի եւ հրեաներուն Գերագոյն ժողով-ատեանի անդամ մըն էր: Նիկոդեմոս գիշեր ատէն կ'երթայ Յիսուսին քով, որովհետեւ կ'ուզէր Անոր որոշ հարցումներ ուղղել:

Զրուցելով Նիկոդիմոսին հետ, Յիսուս անոր կ'ըսէ. «Ճշմարիտ, ճշմարիտ կ'ըսեմ քեզի. Եթէ մարդ մը նորէն չծնանի, չի կրնար Աստուծոյ թագաւորութիւնը տեսնել»: Նիկոդեմոս ըսաւ անոր. « Ինչպէ'ս կրնայ մարդ մը նորէն ծնանիլ, որ ծերացած է: Հնարաւո՞ր բան է, որ նորէն իր մորը որովայնը մտնէ ու ծնանի»: Յիսուս պատասխան տուաւ . «Ճշմարիտ, ճշմարիտ կ'ըսեմ քեզի. Եթէ մարդ մը ջուրէն ու Հոգիէն չծնանի, չի կրնար Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնել: Մարմինէն ծնածը մարմին է ու Հոգիէն ծնածը հոգի է: Դուն մի զարմանար որ քեզի ըսի. Պէտք է ձեզի նորէն ծնանիլ:» (Յովհ. 3.3-7):

«Վերստին ծնունդ» արտայայտութիւնը բառացիորէն կը նշանակէ «վերէն ծնած»: Նիկոդեմոս իրապէս բանի մը կարոտ էր: Կարոտ էր նոր սրտի մը, հոգեւոր վերափոխումի: Վերստին ծնունդը Աստուծոյ գործն է, որը յաւիտենական կեանք կը սեպուէ անոր, որը կը հաւատայ (Բ Կորն. 5.17, Տիտոս 3.5, Ա Պետր. 1.3, Ա Յովհ. 2.29, 3.9, 4.7, 5.1-4,18): Յովհ. 1.12-13 ցոյց կու տայ, որ «վերստին ծնունդը» իր մէջ կը կրէ Յիսուս Քրիստոսին վրա ունեցաց հաւատքին միջոցաւ «Աստուծոյ զաւակ դառնալուն» գաղափարը:

Հոս բնականաբար հարց կ'առաջանայ. «Ինչո՞ւ պէտք է մարդ վերստին ծնանի»: Պողոս առաքեալ Եփես. 2.1-ին մէջ կ'ըսէ. «Դուք յանցանքներու ու մեղքերու մէջ մեռած էիք, ինք ձեզ կենդանացուց»: Իսկ Հռովմեացիներուն ուղղուած նամակին 3.23-ին մէջ առաքեալը կ'ըսէ. «Վասն զի ամէնքը մեղք գործեցին եւ Աստուծոյ փառքէն պակսեցան»: Ահա ինչո՞ւ մարդը պէտք է վերստին ծնանի, որպէս զի անոր մեղքերուն թողութիւն ըլլայ եւ Աստուծոյ հետ հաղորդակցուի:

Ինչպէ՞ս կ'ըլլայ ասիկա: Եփես. 2.8-9-ին մէջ կ'ըսուի. «Վասն զի շնորհքով փրկուած էք դուք հաւատքի միջոցով եւ այս՝ ոչ թէ ձեզմէ է, հապա Աստուծոյ պարգեւն է. Ոչ թէ գործերէն, որ մէկը չպարծենայ.»: Երբ մէկը «կը փրկուէ», այն ատեն անիկա նորէն կը ծնուի, հոգիով կը նորոգուի ու, համաձայն իր նոր ծնունդի իրաւունքի, Աստուծոյ զաւակ կ'ըլլայ: «Վերստին ծնունդ» կը նշանակէ վստահիս Յիսուս Քրիստոսին, որը վճարեց մեր մեղքերուն պատիժը՝ խաչին վրայ մեռնելով: «Ուրեմն եթէ մէկը Քրիստոսին մէջ է, անիկա նոր ստեղծուած մըն է ...» (Բ Կորն. 5.17):

Եթէ դուն վստահած ես Տէր Յիսուս Քրիստոսին, որպէս քո Փրկիչը, կը խորհի՞ս այն բանին վրա, ինչը Սուրբ Հոգին քեզի կը յուշէ՝ խօսելով քո սրտին: Դուն պէտք է վերստին ծնիս: Կ'ուզե՞ս ապաշխարութեան աղօթք մը ըսել: Կ'ուզե՞ս դեռ այսօր Քրիստոսին մէջ նոր արարած մը ըլլալ: «Բայց որոնք որ զինք ընդունեցին, անոնց իշխանութիւն տուաւ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու. Որոնք կը հաւատան իր անուանը. Որոնք ո'չ արիւնէ եւ ո'չ մարմնի կամքէ, ո'չ ալ մարդու կամքէ, հապա Աստուծմէ ծնան:» (Յովհ. 1.12-13):

Եթէ կ'ուզես ընդունիլ Յիսուս Քրիստոսը, որպէս քո Փրկիչը, հոս քեզի կը ներկայացնինք աղօթք մը: Թէ՛ այս, կամ թէ՛ ուրիշ աղօթք մը չեն կրնայ քեզի փրկիլ: Միայն Յիսուս Քրիստոսին վրայ ունեցած հաւատքը կրնայ քեզի քո մեղքերէն փրկիլ: Այս աղօթքը միայն միջոց մըն է, որ ցուցնես քո հաւատքը Աստուծոյ հանդէպ եւ շնորհակալութիւն յայտնես այն փրկութեանը համար, որ Անիկա քեզի կ'ընծայէ:

«Աստուած իմ, գիտեմ, որ մեղաւոր մէկն եմ Քո առջեւ եւ արժանի՝ պատժուելու: Բայց Յիսուս Քրիստոս ընդունեց այն պատիժը, որ ես պիտի կրէի, որպէս զի Անոր վրայ ունեցած իմ հաւատքովը ինծի ներուի: Ես կը դառնամ իմ մեղքերէն եւ իմ փրկութիւնը Քեզի կը վստահիմ: Շնորհակալ եմ Քո հիասքանչ շնորհիդ, ներումին եւ յաւիտենական կեանքի պարգեւին համար: Ամէն:»

Հոս կարդացածդ բերա՞ւ քեզի որոշումի մը, որ ընդունես Քրիստոսը: Եթէ քո պատասխանը «այո» է, սեղմէ «Այսօր Քրիստոսը ընդունեցի» կոճակին վրայ:



Վերադարձիր յիմնական էջը հայերէնով



Ի՞նչ կը նշանակէ վերստին ծնած քրիստոնեայ ըլլալ: