| |
Որո՞նք են Աստուծոյ յատկութիւնները: Ինչպիսի՞ն է Աստուած:
Հարց. Որո՞նք են Աստուծոյ յատկութիւնները: Ինչպիսի՞ն է Աստուած:
Պատասխան.
Երբ կը փորձենք պատասխանիլ այս հարցերուն, բարի լուրը այն է, որ շատ բաներ կան, որոնք Աստուծոյ մասին կրնանք սորուիլ: Դուք, որ կը կարդաք այս բացատրութիւնները, օգտակար պիտի ըլլայ, եթէ նախ կարդաք ամբողջ նիւթը, եւ ետքը վերադառնաք ու կարդաք յիշատակուած Աստուածաշնչային յատուածները, որպէս զի ամէն բան ձեզի պարզ ըլլայ: Աստուածաշնչային յատուածները միանգամայն անհրաժեշտ են, որովհետեւ առանց Աստուածաշունչի հեղինակութեան այս բառերու յաւաքածուն ուրիշ բան մը չէ, քան հերթական մարդկային կարծիք մը, որը ինքնիրմով շատ յաճախ Աստուծոյ մասին ճիշտ պատկէրացում չի տար (Յոբ 42.7): Մեզի համար շատ կարեւոր է հասկնալ, թէ ինչպիսին է Աստուած: Եթէ չհաջողինք այդ ընել, շատ հնարաւոր է, որ կուռք մը բարձրացունենք, յետեւինքեւ եւ երկրպագինք կեղծ չաստուածներու, ինչը հակառակ է Աստուծոյ կամքին (Ելից 20.3-5):
Աստուծոյ մասին մենք կրնանք գիտնալ միայն այն, ինչ Անիկա ընտրած է յայտնելու մեզի: Աստուծոյ յատկութիւններէն մէկը «Լոյս»-ն է, ինչը կը նշանակէ, որ Անիկա, երբ մեզի տեղեկութիւններ կու տայ, կը բացայայտէ Ինքզինքը (Ես. 60.19, Յակ. 1.17): Չպէտք է արհամարհենք այն փաստը, որ Աստուած Ինքզինքը մեզի յայտնած է, որպէս զի Անոր հանգստին մէջ մտնինք, որը կրնանք նաեւ կորսնցնել (Եբր. 4.1): Արարչութիւնը, Աստուածաշունչը եւ Բանը, որ մարմին եղաւ (Յիսուս Քրիստոս), մեզի պիտի օգնին, որպէս զի հասկնանք, թէ ինչպիսին է Աստուած:
Սկսենք այն ըմբռնումովը, որ Աստուած Արարիչն է, իսկ մենք Անոր արարչութեան մէկ մասնիկը (Ծննդ. 1.1, Սաղմ. 24.1): Աստուած կ'ըսէ, որ մարդը Իր պատկէրին համաձայն ստեղծած է: Մարդը բոլոր արարածներէն աւելի վէր է դասուած եւ Աստուած անոր իշխանութիւն տուած է իշխելու ամենուն վրայ (Ծննդ. 1.26-28): Մենք, խորհելով արարչութեան ահռելիութեան, բարդութեան, գեղեցկութեան եւ կարգուկանոնին վրայ, կրնանք զգալ Աստուծոյ մեծութիւնը:
Քանի դեռ կը խորհրդածենք Աստուծոյ յատկութիւններու վրայ, օգտակար պիտի ըլլայ գիտնալու Անոր անունները: Ահաւասիկ անոնցմէ մէկ քանիսը.
Էլոհիմ - Զորաւորը. Աստուածային (Ծննդ. 1.1):
Ադոնայ - Տէր. Ծառաներու Տիրակալ (Ելից 4.10,13):
Էլ Էլիոն - Բարձրամեծար. Ամենէն զօրաւոր (Ծննդ. 14.20):
Էլ Ռոի - Զօրաւորը. Որը կը տեսնէ (Ծննդ. 16.13):
Էլ Շադայի - Ամենակարող Աստուած (Ծննդ. 17.1):
Էլ Օլամ - Յաւիտենական Աստուած (Ես. 40.28):
Եահուէ - «ԵՍ ԵՄ» Տէրը. Յաւիտենական եւ Ինքնագոյ Աստուած (Ելից 3.13,14):
Շարունակենք ուսումնասիրել Աստուծոյ եւս քանի մը յատկութիւններ: Աստուած Յաւիտեան է, ինչը կը նշանակէ, որ սկիզբ եւ վէրջ չունէ: Անիկա Մշտագոյ, Անմահ եւ Անվէրջ է (Բ Օր. 33.27, Սաղ. 90.2, Ա Տիմ. 1.17): Աստուած Անփոփոխ է, միշտ կրնանք Անոր ապավինել (Մալ. 3.6, Թուոց 23.19, Սաղ. 102.26,27): Աստուած Անյամեմատելի է, ինչը կը նշանակէ, որ Իր գործերով եւ էութեամբը Անոր պէս եւ Անոր հաւասար մէկը չկայ, քանի որ Անիկա կատարեալ է (Բ Թագ. 7.22, Սաղ. 86.8, Ես. 40.25, Մատթ. 5.48): Աստուած Անմեկնելի եւ Անբացատրելի է: Անիկա ամբողջութեամբ չի հասկցուիր (Ես. 40.28, Սաղ. 145.3, Հռովմ. 11.33,34):
Աստուած Արդար է. Անիկա երեսին չի նայեր, այն է՝ անկողմնակալ է (Բ Օր. 32.4, Սաղ. 18.30): Աստուած Ամենակարող է, Անիկա կ'ընէ այն, ինչ Իրեն հաճելի է, միայն թէ Անոր գործերը կը համապատասխանին Իր բնաւորութեանը (Յայտ. 19.6, Երեմ. 32.17,27): Աստուած Ամենուր է, ինչը սակայն չի նշանակեր, թէ ամէն բան Աստուած է (Սաղ. 139.7-13, Երեմ. 23.23): Աստուած Ամէնագետ է. Անիկա գիտէ անցեալը, ներկան եւ ապագան: Գիտէ մեր բոլոր մտածմունքները: Անոր արդարադատութիւնը անկողմնակալ է (Սաղ. 139.1-5, Առակ. 5.21):
Աստուած Մէկ է, ինչը կը նշանակէ, որ ոչ միայն ուրիշ աստուածներ չկան, այլ նաեւ միայն Անիկա կրնայ բաւարարէ մեր սրտերուն ամենէն խոր կարիքներն ու ցանկութիւնները եւ միայն Անիկա է արժանի մեր երկրպագութեանն ու նուիրումին (Բ Օր. 6.4): Աստուած Արդար է: Անիկա չի կրնար եւ չի ներեր ոչ մէկ յանցանք: Անոր արդարութեան ու արդարադատութեան համար Յիսուս պէտք է համբերեր Աստուծոյ Դատաստանը եւ կրեր մեր մեղքերուն պատիժը, որպէս զի մեզի ներուէին մեր մեղքերը (Ելից 9.27, Մատթ. 27.45-46, Հռովմ. 3.21-26):
Աստուած Ինքնիշխան է: Անիկա Գերագոյն եւ Բացարձակ Աստուած է: Եթէ բոլոր արարածները իրարու հետ միացած գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար Անոր դէմ ելլեն, չպիտի կրնան ունայնացնիլ Անոր նպատակները (Սաղ. 93.1, 95.3, Երեմ. 23.20): Աստուած Հոգի է: Անիկա անտեսանելի է (Յովհ. 1.18, 4.24): Աստուած Երրորդութիւն է: Երեք Անձեր Մէկ Աստուծոյն մէջ. Անձեր միեւնոյն էութեամբ, զօրութեամբ եւ իշխանութեամբ: Ուշադրութիւն դարձուցէք, որ Մատթ. 28.19-ին մէջ «անուն» բառը եզակի թիւով է գործածուած, թէեւ երեք առանձին Անձերու համար կը խօսէ՝ «Հօր եւ Որդւոյ եւ Սուրբ Հոգւոյն» (Մատթ. 28.19, Մարկ. 1.9-11): Աստուած Ճշմարտութիւն է: Անիկա ներդաշնակութեան մէջ է այն ամենուն հետ ինչ որ կը ներկայացնէ: Անիկա միշտ Անարատ եւ Անսուտ կը մնայ (Սաղ. 117.2, Ա Թագ. 15.29):
Աստուած Սուրբ է: Անիկա զերծ է ամէն արատաւորումէ եւ թշնամութեամբ է տրամադրուած անոր յանդէպ: Աստուած կը տեսնէ ողջ չարիքը, որը Անոր կը բարկացնէ: Սովորաբար Աստուածաշունչին մէջ սրբութեան քով կը յիշուի նաեւ կրակը: Աստուծոյ համար կ'ըսուի, թէ կլլող կրակ է (Ես. 6.35, Ամբ. 1.13, Ելից 3.2,4,5, Եբր. 12.29): Աստուած Շնորհատու է: Ասոր կը միանան Անոր բարութիւնը, շնորհքը, ողորմութիւնը եւ սէրը: Բառեր, որոնք Անոր բարութեան տարբէր երանգները կը ներկայացնին: Եթէ Աստուծոյ Շնորհքը չըլլար, Անոր միւս յատկութիւնները մեզի պիտի բաժնէին Իրմէ: Սակայն Անիկա կ'ուզէ մեզմէ ամէն մէկուն անձամբ ճանչնայ (Ելից 34.6, Սաղ. 31.19, Ա Պետ. 1.3, Յովհ. 3.16, 17.3)
Աս ամէնը համեստ փորձ մըն էր պատասխանելու այն հարցին, թէ ի՞նչ կը ներկայացնէ Աստուած: Իմ խնդրանքս է, որ քաջալերուէք եւ շարունակէք փնտրիլ Անոր (Երեմ. 29.13):
Վերադարձիր յիմնական էջը հայերէնով
Որո՞նք են Աստուծոյ յատկութիւնները: Ինչպիսի՞ն է Աստուած:
|
|