Աստուածաշունչ Երրորդութիւն
 
 

Ի՞նչ կը սորուեցնէ Աստուածաշունչը Երրորդութեան մասին:



Հարց. Ի՞նչ կը սորուեցնէ Աստուածաշունչը Երրորդութեան մասին:

Պատասխան.
Երրորդութեան մասին քրիստոնէական հայեցակարգին մէջ ամենէն դժուարը այն է, որ չի կրնայ բաւարար կէրպով բացատրուիլ: Երրորդութիւնը հասկացողութիւն մըն է, որը ոեւէ մէկ մարդ արարած չի կրնայ ամբողջութեամբ հասկնալ, ալ աւելի բացատրիլ: Աստուածաշունչը մեզի կը սորվեցնէ, որ Հայրը Աստուած է, որ Յիսուս Աստուած է եւ Սուրբ Հոգին Աստուած է: Եւ նորէն Աստուածաշունչը մեզի կը սորվեցնէ, որ միայն մէկ Աստուած կայ: Թէեւ կրնանք հասկնալ որոշ փաստեր Երրորդութեան երեք Անձերու փոխյարաբերութեան վերաբերեալ, այնուամէնայնիւ ադիկա բան մըն է, ինչը մարդկային միտքը չի կրնայ ամբողջութեամբ ըմբռնիլ: Ասիկա սակայն չի նշանակէ, որ Երրորդութեան գաղափարը ճիշտ չէ կամ ալ աստուածաշնչային չէ:

Մինչ կ'ուսումնասիրէք այս նիւթը, պէտք է գիտնաք, որ «Երրորդութիւն» բառը Աստուածաշունչին մէջ չի գործածուած: Ասիկա տէրմին մըն է, որը աստուածաբանները կը գործածեն իրենց փորձերուն մէջ նկարագրելու Միասնական Աստուծոյն, այն փաստը, որ Երեք Անձերը միեւնոյն ատեն կը գոյատեւեն, որ համայաւիտենական են եւ կը կազմեն Աստուծոյն: Հոս պէտք է ընդգծենք, որ բնաւ չենք խօսիր երեք Աստուածներու մասին: Երրորդութիւնը մէկ Աստուած է, Որը բաղկացած է երեք Անձերէ: Թէեւ Աստուածաշունչին մէջ չի գործածուած, սակայն «Երրորդութիւն» տէրմինը կը համապատասխանէ: Աւելի կարճ է ըսիլ «Երրորդութիւն», քան «երեք համագոյ, համայաւիտենական, մէկ Աստուած կազմող Անձեր»: Եթէ ձեզի դժուար է ըմբռնիլ այս գաղափարը, մտածեցէք յետեւեալին վրայ. «մեծ հայրիկ» բառը նոյնպէս Աստուածաշունչին մէջ չէ գործածուած, սակայն գիտենք, որ Աստուածաշունչին մէջ մեծ հայրիկներ եղած են: Աբրահամը Յակոբին մեծ հայրը եղած է: Անանք, որ մի բռնուէք «Երրորդութիւն» տէրմինէն: Հոս շատ աւելի կարեւոր է, որ գաղափարը, որուն անիկա կը ներկայացնէ, իսկապէս Աստուածաշունչին մէջ ներկայ է: Իսկ հիմա, այս նախաբանէն ետքը անցնինք բուն նիւթիւն: Ձեզի պիտի ներկայացնինք Աստուածաշունչէն համարներ Երրորդութեան մասին:

1. Միայն մէկ Աստուած կայ. Բ Օր. 6.4, Ա Կորն. 8.4, Ա Տիմ. 2.5:

2. Երրորդութիւնը բաղկացած է երեք Անձերէ. Ծննդ. 1.1, 1.26, 3.22, 11.7, Ես. 6.8, 48.16, 61.1, Մատթ. 3.16-17, 28.19, Բ Կորն. 13.14: Լաւ պիտի ըլլայ գիտնալ հին եբրայերէն, երբ կը կ'ուսումնասիրենք այս նիւթին շուրջ հինկտակարանեան յատուածները: Ծննդ. 1.1-ին մէջ գոյականը կը գործածուէ հոգնակի թիւով «Էլոհիմ»: Ծննդ. 1.26, 3.22, 11.7 եւ Ես. 6.8 համարներուն մէջ կը գործածուին հոգնակի թիւով դէրանուններ. «մեր», «մեզ»: ԱՆՎԻՃԵԼԻ փաստ մըն է, որ «Էլոհիմ» եւ «մեր-մեզ»-ը կը վերաբերէ աւելի քան երկու առարկաներու: Մեր լեզուին մէջ գոյական անուան միայն երկու ժամանակ կայ՝ եզակի եւ հոգնակի: Սակայն եբրայերէնին մէջ անոնք երեքն են՝ եզակի, կրկնակի եւ հոգնակի: Կրկնակի թիւը կը գործածուի ՄԻԱՅՆ երկու դէմքերու համար: Եբրայերէնին մէջ կրկնակի թիւը կը գործածուի այն բաներուն համար, որոնք զուգահեռ գոյութիւն ունին, ինչպէս օրինակ՝ աչքեր, ականջներ, ձեռքեր: «Էլոհիմ» բառը եւ «մեր», «մեզ» դերանունները հոգնակի թիւով են, այն է՝ վստահաբար կը վերաբերուին երկուսէն աւելի դէմքերու: Պէտք է, որ վերաբերուին երեք եւ աւելի դէմքերու (Հայր, Որդի եւ Սուրբ Հոգի): Ես. 48.16 եւ 61.1 համարներուն մէջ կը խօսէ Որդին, երբ միեւնոյն ատեն համարը կը վերաբերէ Հօրը եւ Սուրբ Հոգիին: Յամեմատեցէք Ես. 61.1-ը Ղուկ. 4.14-19-ին հետ, որպէսզի համոզուիք, որ Որդին կը խօսէ: Մատթ. 3.16-17-ին մէջ կը նկարագրուի Յիսուսին մկրտութիւնը: Հոս կը տեսնուի, որ Սուրբ Հոգի Աստուած կ'իջնէ Որդի Աստուծոյ վրայ, մինչդեռ Հայր Աստուած կը յայտարարէ, որ Իր հաճութիւնը Որդիին վրայ է: Մատթ. 28.19-ը եւ Բ Կորն. 13.14-ը օրինակներ են Երրորդութեան երեք տարբէր Դեմքերուն համար:

3. Երրորդութեան Անձերը մէկը միւսէն կը տարբէրուին տարբէր հատուածներուն մէջ: Հին Կտակարանին մէջ «ՏԷՐԸ» կը տարբէրուի «Տէրոջմէ» (Ծննդ. 19.24, Ովս. 1.4): «ՏԷՐԸ» ունէ «Որդի» (Սաղ. 2.7,12, Առակ. 30.2-4): Որդի Աստուած կը տարբէրուի Հայր Աստուծմէ (Սաղ. 45.6-7, Եբր. 1.8-9): Յովհ. 14.16-17-ին մէջ կը նկարագրուի ինչպէս Յիսուս Հօրմէ պիտի ուզէ, որ ղրկէ Օգնական Սուրբ Հոգին: Աւետարանին մէջ շատ դէպքեր կան, ուր կը նկարագրուի ինչպէս Յիսուս կը խօսէ Հօր հետ: Այս դէպքերուն մէջ Անիկա ինքզինքնին հետ խօսա՞ծ է: Ոչ: Խօսած է Երրորդութեան միւս դէմքին՝ Հօր հետ:

4. Երրորդութեան դէմքերէն ամենն ալ Աստուած են: Հայրը Աստուած է. Յովհ. 6.27, Հռովմ. 1.7, Ա Պետ. 1.2, Որդին Աստուած է. Յովհ. 1.1,14, Հռովմ. 9.5, Կող. 2.9, Եբր. 1.8, Ա Յովհ. 5.20, Սուրբ Հոգին Աստուած է. Գործք 5.3-4, Ա Կորն. 3.16 (Անիկա, որը կ'ապրէ հաւատացեալներուն մէջ, Սուրբ Հոգին է. Հռովմ. 8.9, Յովհ. 14.16-17, Գործք 2.1-4):

5. Ենթարկուելուն սկզբունքը Երրորդութեան մէջ: Աստուածաշունչը կը ցուցնէ, որ Սուրբ Հոգին կ'ենթարկուէ Հօրը եւ Որդիին, իսկ Որդին՝ Հօրը: Անանք է ներքին յարաբերութիւնները Անոնց միջեւ եւ ասիկա երբէք չի մերժէ Երրորդութեան Դէմքերէն ոեւէ մէկուն աստուածութիւնը: Ասիկա պարզապէս անսահման Աստուծմէ մարզ մըն է, որը մենք մեր սահմանափակ միտքովը չենք կրնար ըմբռնիլ: Որդիին վերաբերեալ կարդացէք. Ղուկ. 22.42, Յովհ. 5.36, 20.21, Ա Յովհ. 4.14: Սուրբ Հոգիին համար կարդացէք. Յովհ. 14.16, 14.26, 15.26 եւ հատուկ ուշադրութիւն դարձուցէք Յովհ. 16.13-14-ին:

6. Երրորդութեան երեք Դէմքերուն առաջադրանքները: Հայր Աստուած սկզբնաղբիւրը եւ սկզբնապատճառն է. 1) տիեզէրքին (Ա Կորն. 8.6, Յայտ. 4.11), 2) Աստուածային յայտնութեան (Յայտ. 1.1), 3) փրկութեան (Յովհ. 3.16-17), եւ 4) Յիսուսին գործերը, երբ կը մարմնանայ երկրին վրայ (Յովհ. 5.17, 14.10): Եւ այս ամէնը Հայրը կը հաստատէ:

Որդին միջնորդ մըն է, Որուն միջոցաւ Հայրը կ'իրագործէ յետեւեալ գործերը. 1) տիեզերքին արարչութիւնը եւ պահպանութիւնը (Ա Կորն. 8.6, Յովհ. 1.3, Կող. 1.16-17), 2) Աստուածային յայտնութիւնը (Յովհ. 1.1, 16.12-15, Մատթ. 11.27, Յայտ. 1.1) եւ 3) փրկութիւնը (Բ Կորն. 5.19, Մատթ. 1.21, Յովհ. 4.42): Հայրը այս ամէնը կ'ընէ Որդիին միջոցաւ, որը կը գործէ որպէս Անոր միջնորդ:

Սուրբ Հոգին միջոց մըն է, որուն միջոցաւ Հայրը կ'ընէ յետեւեալ գործերը. 1) տիեզերքին արարչութիւնը եւ պահպանութիւնը (Ծննդ. 1.2, Յոբ. 26.13, Սաղ. 104.30), 2) Աստուածային յայտնութիւնը (Յովհ. 16.12-15, Եփես. 3.5, Բ Պետ. 1.21), 3) փրկութիւնը (Յովհ. 3.6, Տիտոս 3.5, Ա Պետ. 1.2,) եւ Յիսուսին գործերը (Ես. 61.1, Գործք 10.38): Հայրը այս ամէնը կ'ընէ Սուրբ Հոգիին զօրութիւնովը:

Երրորդութիւնը պատկէրող աւելի տարածուած նկարագրութիւններէն ոեւէ մէկը չի ներկայացնէ Եռամեծար Աստուծոյն ճիշտ նկարագրութիւնը: Հաւկիթին օրինակը (կամ խնձորին) յաջող չէ, որովհետեւ կճեպը, սպիտակուցը եւ դեղնուցը կը նեկայացնին հաւկիթին մասնիկները, բայց ոչ հաւկիթը ամբողջութեամբ: Հայրը, Որդին եւ Սուրբ Հոգին Աստուծոյն մասնիկները չէն, անոնցմէ ամէն մէկը Աստուած է: Ջուրին նկարագրութիւնը ինչ որ տեղ յաջողուած է սակայն նորէն բաւարար կէրպով չէ կրցած նկարագրիլ Երրորդութիւնը: Ջուրը, գոլորշին եւ սառոյցը ջուրին տարբէր ձեւեր են: Հայրը, Որդին եւ Սուրբ Հոգին Աստուծոյ տարբէր ձեւեր չեն. Անոնցմէ ամէն մէկը Աստուած է: Ասոր համար ալ, թէեւ այս պատկէրաւոր յամեմատութիւնները որոշ պատկէրացում կու տան Երրորդութեան մասին, սակայն Այդ պատկէրացումը ամբողջական չէ: Անսահման Աստուած մը կարելի չէ ամբողջութեամբ պատկերել սահմանափակ օրինակով մը: Երրորդութեան վրայ մեր ուշադրութիւնը կենտրոնացնելուն փոխարէն, փորձենք մեր ուշադրութիւնը կենտրոնացնիլ Աստուծոյ մեծութեան եւ Անոր մեզմէ անչափելի աւելի բարձր բնութեան փաստին վրայ. «Ո՜վ Աստուծոյ մեծութեան ու իմաստութեան եւ գիտութեան խորունկութիւնը. Ինչպէ՜ս անքննելի են իր դատաստանները ու անզննելի են իր ճամբաները: Վասն զի ո՞վ գիտցաւ Տէրոջը միտքը, կամ ո՞վ անոր խորհրդակից եղաւ» (Հռովմ. 11.33-34):



Վերադարձիր յիմնական էջը հայերէնով



Ի՞նչ կը սորուեցնէ Աստուածաշունչը Երրորդութեան մասին: