Փրկութեան ճամբան հռովմեացիներուն ուղղուած թուղթին մէջ
 
 

Ի՞նչպիսին է փրկութեան ճամբան հռովմեացիներուն ուղղուած թուղթին մէջ:



Հարց. Ի՞նչպիսին է փրկութեան ճամբան հռովմեացիներուն ուղղուած թուղթին մէջ:

Պատասխան.
Փրկութեան ճամբան հռովմեացիներուն ուղղուած թուղթին մէջ ձեւ մըն է փոխանցելու փրկութեան Աւետարանը, երբ կը գործածենք համարներ այդ գիրքէն: Ասիկա պարզ, բայց միաժամանակ շատ զորաւոր ձեւ մըն է, որը կը բացատրէ, թէ ինչո՞ւ պէտք է փրկուինք, Աստուած ինչպէ՞ս է ապահովել մեր փրկութիւնը, ինչպէ՞ս կ'ընդունինք փրկութիւնը եւ որո՞նք են փրկութեան արդիւնքները:

Առաջին համարը 3.23-ն է. «Վասն զի ամէնքը մեղք գործեցին եւ Աստուծոյ փառքէն պակսեցան.»: Մենք բոլորս ալ մեղանչած ենք: Բոլորս ալ բաներ ըրած ենք, որ Աստուծոյ հաճելի չեն եղած: Անմեղ մէկը չկայ: Հռովմ. 3.10-18-ը մանրամասն կը ներկայացնէ, թէ ի՞նչ է մեղքը մեր կեանքին մէջ:

Երկրորդ համարը 6.23ա-ն է. «Քանզի մեղքին վարձքը մահ է...»: Պատիժը, որուն մեր մեղքերուն պատճառաւ արժանի ենք, մահն է: Ոչ միայն ֆիզիկական, այլեւ՝ յաւիտենական:

Երրորդ համարը 6.23բ-ն է. «... բայց Աստուծոյ ձրի պարգեւը յաւիտենական կեանք՝ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով.»: Հռովմ. 5.8 կը յայտարարէ. «Սակայն Աստուած իր սէրը որ մեր վրայ ունէր՝ յայտնեց, երբ դեռ մեղաւոր էինք.»: Յիսուս Քրիստոս մեռաւ մեզի համար: Յիսուսին մահը վճարեց մեր մեղքերուն գինը: Յիսուսին յարութիւնը կ'ապացուցէ, որ Աստուած Անոր մահը կ'ընդունէ, որպէս վճարում մեր մեղքերուն գինը:

Չորրորդ համարը 10.9-ն է. «Վասն զի եթէ քու բերնովդ Յիսուսը Տէր խոստովանիս ու սրտիդ մէջ հաւատաս թէ Աստուած զանիկա մեռելներէն յարուցանեց՝ պիտի փրկուիս.»: Քանի որ Յիսուս մեռաւ մեր փոխարէն, միակ բանը, որ մենք կրնանք ընել, այն է, որ հաւատանք Անոր եւ վստահ ըլլանք, որ Անոր մահը վճարած է մեր մեղքերուն համար եւ պիտի փրկուինք: Հռովմ. 10.13-ին մէջ կ'ըսուի. «Քանզի ով որ Տէրոջը անունը կը կանչէ՝ պիտի փրկուի.»: Յիսուս մեռաւ, որ վճարէ մեր մեղքերուն գինը եւ մեզի փրկէ մահուանէ: Փրկութիւնը, մեղքերու թողութիւնը բոլոր անոնց տրամադրութեան տակ է, որոնք կ'ընդունին Յիսուս Քրիստոսը, որպէս Տէր եւ Փրկիչ:

Եւ վէրջին հանգրուանը կը ներկայացնէ փրկութեան արդիւնքները: Հռովմ. 5.1-ը կտայ հետեւեալ գեղեցիկ պատգամը. «Արդ՝ մենք հաւատքով արդարացած ըլլալով՝ խաղաղութիւն ունինք Աստուծոյ հետ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով.»: Յիսուս Քրիստոսին միջոցաւ մենք կրնանք Աստուծոյ հետ խաղաղ յարաբերութիւններ ունենալ: Հռովմ. 8.1-ը մեզի կը սորուեցնէ. «Իսկ արդ դատապարտութիւն չկայ Քրիստոս Յիսուսով եղողներուն.»: Քանի որ Յիսուս մեռաւ մեր մեղքերուն համար, անոնց համար մենք երբէք չպիտի դատապարուինք: Եւ վէրջում կու գայ Աստուծոյ հետեւեալ խոստումը Հռովմ. 8.38-39-ին մէջ. «Վասն զի ես հաստատ գիտեմ թէ ոչ մահը, ոչ կեանքը, ոչ հրեշտակները, ոչ իշխանութիւնները, ոչ զօրութիւնները, ոչ ներկայ բաները, ոչ գալու բաները, ոչ բարձրութիւնը, ոչ խորունկութիւնը եւ ոչ ուրիշ արարած կրնայ մեզ զատել Աստուծոյ սէրէն՝ որ Քրիստոս Յիսուս մեր Տէրոջմով է.»:

Կ'ուզես դուն ալ անցնիս այս ճամբայէն: Եթէ կ'ուզես, հոս քեզի կը ներկայացնինք աղօթք մը, որով դուն ալ կրնաս աղօթել: Թէ՛ այս, կամ թէ՛ ուրիշ աղօթք մը չեն կրնայ քեզի փրկիլ: Միայն Յիսուս Քրիստոսին վրայ ունեցած հաւատքը կրնայ քեզի քո մեղքերէն փրկիլ: Այս աղօթքը միայն միջոց մըն է, որ ցուցնես քո հաւատքը Աստուծոյ հանդէպ եւ շնորհակալութիւն յայտնես այն փրկութեանը համար, որ Անիկա քեզի կ'ընծայէ:

«Աստուած իմ, գիտեմ, որ մեղաւոր մէկն եմ Քո առջեւ եւ արժանի՝ պատժուելու: Բայց Յիսուս Քրիստոս ընդունեց այն պատիժը, որ ես պիտի կրէի, որպէս զի Անոր վրայ ունեցած իմ հաւատքովը ինծի ներուի: Ես կը դառնամ իմ մեղքերէն եւ իմ փրկութիւնը Քեզի կը վստահիմ: Շնորհակալ եմ Քո հիասքանչ շնորհիդ, ներումին եւ յաւիտենական կեանքի պարգեւին համար: Ամէն:»

Հոս կարդացածդ բերա՞ւ քեզի որոշումի մը, որ ընդունես Քրիստոսը: Եթէ քո պատասխանը «այո» է, սեղմէ «Այսօր Քրիստոսը ընդունեցի» կոճակին վրայ:



Վերադարձիր յիմնական էջը հայերէնով



Ի՞նչպիսին է փրկութեան ճամբան հռովմեացիներուն ուղղուած թուղթին մէջ: