Յիսուս միակ ճամբան է
 
 

Մի՞թէ Յիսուս է Դրախտ տանող միակ ճամբան:



Հարց. Մի՞թէ Յիսուս է Դրախտ տանող միակ ճամբան:

Պատասխան.
«Ընդհանուր առումով ես բարի մարդ մըն եմ, հավանաբար դրախտ պիտի երթամ»: «Կրնայ ըլլայ ատեն-ատեն չար բաներ ըրած եմ, բայց բարիները չարերէն աւելի են, յետեւաբար ես Դրախտը պիտի երթամ»: «Աստուած զիս Դժողքը չի պիտի ղրկէ իմ Աստուածաշունչի համեմատ չապրելուս համար: Ժամանակները փոխուած են»: «Միայն ամէնէն չար մարդիկը պիտի երթան Դժողքը: Օրինակ երեխաներ բռնաբարողները եւ մարդասպանները»:

Շատ շատերէն կրնանք այս խօսքերը լսիլ, որպէս արդարացում, բայց այս ամէնը միայն խաբէութիւն են: Սատանան՝ այս աշխարհին իշխանը, այս միտքերը կը լեցնէ մեր գլուխներուն մէջ: Անիկա, եւ բոլոր անոնք, որ անոր կը յետեւին, Աստուծոյ թշնամիներ են (Ա Պետ. 5.8): Սատանան միշտ ինքզինքը բարի կը ցուցնէ (Բ Կորն. 11.14), բայց իրականութեան մէջ անիկա կը կառաւարէ բոլոր անոնց միտքերը, ովքեր Աստուծոյ չեն պատկանիր. «Այս աշխարհի աստուածը անհաւատներուն մտքերը կուրցուց, որպէս զի Քրիստոսին աւետարանին փառքին լոյսը անոնց վրայ չծագի, որ է Աստուծոյ պատկերը» (Բ Կորն. 4.4):

Սխալ է մտածիլ, որ Աստուած կ'անտեսէ մեր փոքր մեղքերը, եւ որ Դժողքը միայն չար մարդոց համար է: Ամէն մեղք մեզի կը հեռացնէ Աստուծմէ: Բոլոր մարդիկ մեղանչած են եւ ոեւէ մէկը այնչափ բարի չէ, որ իր ուժերովը Դրախտ հասնէ (Հռովմ. 3.23): Դրախտ երթալը յիմնուած չէ այն բանին վրայ, թէ արդյո՞ք մեր բարի գործերը կը գերադասեն չարերուն: Եթէ անանք ըլլար, բոլորս ալ պիտի կորսուէինք. «Եթէ շնորհքով, ուրեմն ալ գործերէն չէ. Ապա թէ ոչ՝ շնորհքը ալ շնորհք չըլլար ...» (Հռովմ. 11.6): Մենք ոչ մի բարիք չենք կրնար ընել, որով Դրախտին արժանի ըլլանք (Տիտոս 3.5):

«Նեղ դռնէն ներս մտէք. Վասն զի լայն էայն դուռը ու ընդարձակ՝ այն ճամբան, որ դէպի կորուստ կը տանի եւ շատուոր են անոնք, որ անկէ կը մտնեն.» (Մատթ. 7.13): Նոյնիսկ եթէ ամէնն ալ մեղաւոր կեանքով ապրին՝ մտածելով, որ Աստուծոյ հաւատալը այժմեական չէ, Տէրը մեզի չի պիտի ներէ: «... Ժամանակին կը քալէիք այս աշխարհին բռնած ճամբովը, այս օդին իշխանութեանը իշխանին (Սատանան) ուզածին պէս, այն ոգիին՝ որ հիմա ապստամբութեան որդիներուն ներսիդին կը ներգործէ.» (Եփես. 2.2):

Երբ Աստուած կը ստեղծէ երկիրը, այն կատարեալ կ'ընէ: Ամէն բան անոր մէջ բարի է: Անկէ ետք կը ստեղծէ Ադամը եւ Եւան ու անոնց ազատ կամք կու տայ, որպէս զի ընտրութեան կարողութիւնը ունենան՝ որոշելու, արդյո՞ք պիտի յետեւին եւ հնազանդին Աստուծոյ, թէ՞ ոչ: Սակայն Ադամը եւ Եւան, առաջին մարդիկը, որ Աստուած ստեղծեց, կը գայթակղուին Սատանայէն, որ Աստուծոյն չհնազանդին ու կը մեղանչեն: Ատիկա անոնց (ինչպէս նաեւ ամէն մարդ, որ աշխարհ կու գայ անոնցմէ հետո, այդ թուին, նաեւ մենք) կը զրկէ Աստուծոյ հետ մտերիմ յարաբերութիւններ ունենալու կարողութիւնէն: Աստուած կատարեալ է եւ չի կրնար հանդուրժիլ մեղքը: Եւ քանի որ մենք մեղաւոր ենք, չենք կրնար մեր ուժերովը Անոր հետ հաղորդակցուիլ: Ասոր համար ալ Աստուած ճամբայ մը ըրած է, որով Երկնքին մէջ Անոր հետ պիտի միանանք: «Վասն զի Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ով որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ.» (Յովհ. 3.16): «Քանզի մեղքին վարձքը մահ է, բայց Աստուծոյ ձրի պարգեւը յաւիտենական կեանք՝ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով.» (Հռովմ. 6.23): Յիսուս ծնաւ, որպէս զի մեզի սորուեցնէ, թէ որն է այս ճամբան եւ մեր փոխարէն մեր մեղքերուն համար մեռաւ: Իր մահէն երեք օր ետքը Անիկա Յարութիւն առաւ մեռելներէն (Հռովմ. 4.25) եւ ցոյց տուաւ, որ յաղթածէ մահուանը: Անիկա կամուրջն է այն անդունդին, որը կը բաժնէ մարդը Աստուծմէ, եւ ի շնորհիվ Անոր կրնանք անձնական յարաբերութիւններ ունենալ Աստուծոյ հետ, բայց միայն, եթէ կը հաւատանք Անոր:

«Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դոն ղրկեցիր.» (Յովհ. 17.3): Շատերը կը հաւատան Աստծոյն: Սատանան ալ կը հաւատա: Բայց փրկութիւն ստանալու համար, մենք պէտք է դառնանք առ Աստուած, անձնական յարաբերութիւններ հաստատինք Անոր հետ, թողնենք մեր մեղքերը եւ Անոր յետեւինք: Մենք պէտք է Յիսուս Քրիստոսին վստահինք ամէն բան, որ ունինք եւ կ'ընենք: Մենք Աստուծոյ առջեւ կ'արդարանանք, երբ կը վստահինք Յիսուս Քրիստոսին, որ թողութիւն կու տայ մեր մեղքերուն: Այդպէս մենք ամէնքս ալ կրնանք փրկուիլ՝ առանց խտրութեան ո՞վ ենք կամ ի՞նչ ենք ըրած (Հռովմ. 3.22): Աստուածաշունչը մեզի կը սորուեցնէ, որ Քրիստոսէն բացի փրկութեան ուրիշ ճամբայ չկայ: Յովհ. 14.6-ին մէջ Յիսուս կ'ըսէ. «Ես եմ ճամբան ու ճշմարտութիւնը եւ կեանքը. Մէկը Հօրը քով չի գար՝ եթէ ոչ ինծմով»:

Յիսուս փրկութեան միակ ճամբան է, որովհետեւ միայն Անիկա կրնայ վճարիլ մեր փրկութեան գինը (Հռովմ. 6.23): Ուրիշ կրօն մը այսչափ խորացուած եւ լրջորէն չի խօսէ մեղքի եւ անոր հետեւանքներու մասին: Ուրիշ կրօն մը չի առաջարկէ մեղքին այն անգնահատելի գինը, որը միայն Յիսուս Քրիստոս կրնայ վճարիլ: Ոչ մի ուրիշ կրօն չունէ իր «յիմնադիր» Աստուածը, Որը մարդացել է (Յովհ. 1.1,14): Միակ ճամբան, որու միջոցաւ կրնայ վճարուիլ անվէրջանալի մեղքին գինը: Յիսուս պէտք է մարդանար, որ մեռներ: Փրկութիւնը կրնանք ստանալ միայն Յիսուս Քրիստոսին վրայ ունեցած մեր հաւատքին միջոցաւ: «Ուրիշ մէկով փրկութիւն չկայ. Վասն զի անկէ զատ ուրիշ անուն մը չկայ երկնքի տակ՝ մարդոց մէջ տրուած, որով կարող ըլլանք փրկուիլ» (Գործք 4.12):

Հոս կարդացածդ բերա՞ւ քեզի որոշումի մը, որ ընդունես Քրիստոսը: Եթէ քո պատասխանը «այո» է, սեղմէ «Այսօր Քրիստոսը ընդունեցի» կոճակին վրայ:



Վերադարձիր յիմնական էջը հայերէնով



Մի՞թէ Յիսուս է Դրախտ տանող միակ ճամբան: