Ո՞վ է Յիսուս Քրիստոս
 

Ո՞վ է Յիսուս Քրիստոս:




Հարց. Ո՞վ է Յիսուս Քրիստոս:

Պատասխան.
Ո՞վ է Յիսուս Քրիստոս: Ի տարբերութիւն այն հարցին, թէ արդեօք Աստուած կա՞յ, շատ քիչերը կը կասկածին Յիսուս Քրիստոսի գոյութեան: Սովորաբար կ'ընդունուի, որ Յիսուս ամբողջութեամբ մարդ մը եղած է, որն ապրած է այսօրուան Իսրայէլում 2000 տարիներ առաջ: Բանավէճ կ'առաջանայ, երբ կը քննարկուի Յիսուս Քրիստոսին ամբողջական անձը: Գրեթէ բոլոր հիմնական կրօնները կը սորուեցնեն, որ Յիսուս մարգարէ մը, բարի ուսուցիչ մը կամ ազնուաբարոյ մարդ մը եղած է: Խնդիրն այն է, որ Աստուածաշունչը հաստատապէս կ'ըսէ, որ Յիսուս շատ աւելի է մարգարէէ, բարի ուսուցիչէ կամ ազնուաբարոյ մարդէ:

Ահա ի՞նչ կը գրէ Կ. Ս. Լուիս իր «ՊԱՐԶ ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԻՒՆ» գիրքին մէջ. «Կը փորձեմ հեռու պահիլ մարդոցը, որ չըսեն այն յիմարութիւնը, որը հաճախ լսած եմ Յիսուս Քրիստոսին համար. «Պատրաստեմ ընդունիլ Յիսուս, որպէս մեծաբարոյ ուսուցիչ, բայց չեմ կրնար ընդունիլ Անոր այն պնդումը, թէ Աստուած է»: Ասիկա բան մըն է, որ չպէտք է ըսենք: Մարդը, որ միայն մարդ մըն է եւ ըսել է բաներ, որ Յիսուս ըսած է, չի կրնայ մեծաբարոյ ուսուցիչ ըլլայ: Անիկա կա՛մ խենթ մըն է, այն աստիճան, որը կ'ըսէ թէ հաւկիթ մըն է՝ խաշուած առանց կճեպի, կա՛մ ալ նոյն ինքը Սատանան է, որ դժոխքէն է ելլել: Դուն պիտի ընտրիս: Յիսուս Քրիստոս կամ եղած է եւ տակաւին է Աստուծոյ Որդի, կամ խենթ մը կամ ալ աւելի գեշ բան մը: Կրնաս Անոր խենթանոցի մը մէջ գոցես, քանի որ խենթ մըն է, կամ ալ, որպէս չար ոգի մը Անոր կորսնցնես, կամ ալ Անոր ոտքերն իյնալով Իրեն Տէր եւ Աստուած կոչես: Վէրջ տանք այս անիմաստ յիմարութիւններուն, թէ մարդոց մեծ ուսուցիչ մը եղած է: Յիսուս ասանք ընտրութիւն մեզի չէ թողած եւ ոչ ալ ցանկութիւն է ունեցած ընելու այդ»:

Եւ այսպէս, ի՞նչ կ'ըսէ Յիսուս Իր մասին: Իր խօսքերուն համաձայն, ո՞վ է Անիկա: Աստուածաշունչը Անոր համար ի՞նչ կ'ըսէ: Նախ նայինք Յիսուսի խօսքերուն Յովհաննու 10.30-ին մէջ. «Ես ու Հայրը մէկ ենք»: Առաջին հայեացքէն ասիկա չի նկատուիր որպէս պնդում մը, ուր Յիսուս կ'ըսէ, թէ Աստուած է: Բայց նայինք ինչպէս հրեաները կը հակազդեն Անոր այս յայտարարութեանը. «Բարի գործի համար քեզ չենք քարկոծեր, հապա հայհոյութեան համար, քանզի դուն որ մարդ ես, ինքզինքդ Աստուած կ'ընես» (Յովհ. 10.33): Հրեաները Յիսուս Քրիստոսին յայտարարութիւնը կ'ընդունին որպէս պնդում մը, որ Աստուած է: Իսկ հաջորդ համարներուն մէջ Յիսուս բնաւ չուղղեր անոնց, չի ըսեր. «Ես չեմ պնդեր, որ Աստուած եմ»: Ասիկա կը հաստատէ, որ Յիսուս ճիշտ նկատի ունեցած է, որ Աստուած է: Յովհաննու 8.58-ը ուրիշ օրինակ մըն է: Յիսուս կը յայտարարէ. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ'ըսեմ ձեզի, Աբրահամին ըլլալէն առաջ եմ ես»: Եւ նորէն, ի պատասխան Անոր խօսքերուն, հրեաները քարեր կ'առնին եւ կ'ուզեն Անոր սպանիլ (Յովհ.8.59): Յիսուս, որը Իրեն համար կը յայտարարէ. «Ես եմ», իրականութեան մէջ անմիջականորէն Ինքզինքնին կը կցէ Աստուծոյ հինկտակարանեան անունը (Ելից 3.14): Ինչո՞ւ նորէն հրեաները կ'ուզէին քարերով սպանիլ Յիսուսը, եթէ Անիկա չէ ըսած բան մը, որ անոնք ընդունած են, որպէս հայհոյութիւն առ Աստուած, այսինքն՝ պնդում մը, որ Աստուած է:

Յովհաննու 1.1-ը կ'ըսէ, որ «Բանը Աստուած էր»: Յովհաննու 1.14-ը կը յայտարարէ, որ «Բանը մարմին եղաւ»: Ասիկա շատ հստակ կը ցուցնէ, որ Յիսուս մարմնացած Աստուած է: Թովմաս առաքեալը կ'ըսէ Յիսուսին. «Իմ Տէրս եւ իմ Աստուածս» (Յովհ. 20.28): Յիսուս անոր չի ուղղեր: Պողոս առաքեալը Անոր կը նկարագրէ որպէս. «... մեծ Աստուծոյ եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին» (Տիտոս 2.13): Պետրոս առաքեալն ալ նոյնը կ'ըսէ. «... մեր Աստուծոյն ու Փրկչին Յիսուս Քրիստոսին» (Բ Պետրոս 1.1): Հայր Աստուած ալ նոյնպէս կը վկայէ Յիսուսին անձին համար. «Որդիին համար կ'ըսէ . «Քու աթոռդ, ով Աստուած, յաւիտեանս յաւիտենից է. Քու թագաւորութեանդ գաւազանը ուղղութեան գաւազան է» (Եբր. 1.8): Հինկտակարանեան մարգարէութիւններն ալ Քրիստոսին համար կը յայտարարեն Անոր Աստուածութիւնը. «Վասն զի մեզի մանուկ մը ծնաւ, մեզի որդի մը տրուեցաւ եւ իշխանութիւնը անոր ուսին վրայ պիտի ըլլայ: Անոր անունը պիտի կոչուի Սքանչելի, Խորհրդակից, Հզօր Աստուած, Յաւիտենականութեան Հայր, Խաղաղութեան Իշխան» (Եսայի 9.6):

Եւ այսպէս, ինչպէս Կ. Ս. Լուիսը կը յայտարարէ. Հաւատալ, որ Յիսուս բարի ուսուցիչ մըն է, ընտրութեան մէկ հնարաւորութիւն մը չէ, որը մեզի կը տրուի: Յիսուս հստակ եւ անվիճելիորէն կը յայտարարէ, որ Աստուած է: Եթէ Աստուած չէ, ան ատեն ստախօս է եւ, հեւտեւաբար, մարգարէ, բարի ուսուցիչ կամ ազնուաբարոյ մարդ չէ: Ժամանակակից «գիտնականներ», Յիսուսին խօսքերը բացատրելու իրենց փորձերուն մէջ, կը պնդեն, որ «ճշմարիտ պատմական Յիսուս» չէ ըսած խօսքերէն շատեր, որոնք Աստուածաշունչը Անոր կը վերագրէ: Ո՞վ ենք մենք, որ նոյնիսկ բանավիճենք Աստուծոյ Խօսքին հետ, այն բանին համար, թէ Յիսուս ի՞նչ է ըսած՝ Աստուա՞ծ է, թէ ոչ: Ինչպէ՞ս կրնայ գիտնական մը, որը կ'ապրէ Յիսուսէն երկու հազար տարիներ ետքը, աւելի ճշգրիտ պատկէրացում ունենայ, թէ Յիսուս ի՞նչ ըսած է, կամ չէ ըսած, անոնցմէ, որոնք Անոր հետ ապրել, ծառայել եւ անմիջապէս Յիսուսէն սորուած են (Յովհ. 14.26):

Ինչո՞ւ Յիսուսին ինքնութեանը վերաբերող հարցը այդչափ կարեւոր է: Ինչո՞ւ այդչափ կարեւոր է արդեօք Յիսուս Աստուա՞ծ է, թէ ոչ: Ամէնէն կարեւոր պատճառը գիտնալու, թէ արդեօք Յիսուս Աստուա՞ծ է, թէ ոչ, այն է, որ եթէ Աստուած չէ, ան ատեն Անոր մահը բաւարար չէ եղած, որպէս զի վճարէ բոլոր աշխարհի մեղքերուն գինը (Ա Յովհ. 2.2): Միայն Աստուած կրնայ վճարէ այդ անչափ մեծ պատժին համար (Հռովմ. 5.8, Բ Կորն. 5.21): Յիսուս պէտք է Աստուած ըլլար, որպէս զի կարենար վճարիլ մեր պարտքը: Նաեւ Յիսուս մարդ պիտի ըլլար, որպէս զի մեռներ: Փրկութիւն կրնայ ըլլայ միայն Յիսուս Քրիստոսին վրայ ունեցած հաւատքին միջոցաւ: Ճիշտ Իր աստուածութեամբը Յիսուս փրկութեան միակ ճամբան է: Ճիշտ, որովհետեւ Աստուած էր, Անիկա ըսաւ. «Ես եմ ճամբան ու ճշմարտութիւնը եւ կեանքը. Մէկը Հօրը քով չի գար՝ եթէ ոչ ինծմով» (Յովհ. 14.6)



Վերադարձիր յիմնական էջը հայերէնով



Ո՞վ է Յիսուս Քրիստոս: