Ո՞վ է Սուրբ Հոգին:
Հարց. Ո՞վ է Սուրբ Հոգին:
Պատասխան.
Շատ սխալ պատկէրացումներ կան Սուրբ Հոգու առանձնայատկութիւններուն վերաբերեալ: Ոմանք Սուրբ Հոգւոյն կը դիտեն, որպէս խորհրդաւոր զօրութեան մը: Ուրիշներ կը կարծեն, որ Սուրբ Հոգին անանձ զօրութիւն մըն է, ինչը Աստուած տուած է Քրիստոսի յետեւորդներուն: Ի՞նչ կ'ըսէ Աստուածաշունչը Սուրբ Հոգւոյն առանձնայատկութիւններուն վերաբերեալ: Պարզ խօսքերով Աստուածաշուչը մեզի կ'ըսէ, որ Սուրբ Հոգին Աստուած է: Աստուածաշունչը նաեւ կ'ըսէ, որ Սուրբ Հոգին նաեւ Անձ մըն է՝ Էակ մը, որը բանականութիւն, զգացում եւ կամք ունէ:
Սուրբ Հոգւոյն Աստուած ըլլալը պարզ կ'երեւի Աստուածաշունչին շատ համարներուն մէջ, այդ թուին Գործք 5.3-4-ին մէջ: Այս համարին մէջ Պետրոս կը յանդիմանէ Անանիան, որ խաբած է Սուրբ Հոգւոյն եւ կ'ըսէ անոր. «Ոչ թէ մարդոց սուտ խօսեցար, հապա Աստուծոյ»: Ասիկա հստակ յայտարարութիւն մըն է, որ Սուրբ Հոգւոյն խաբելով, Աստուծոյ կը խաբինք: Սուրբ Հոգին Աստուած է, որովհետեւ Աստուծոյ յատկութիւններն ու բնաւորութեան գիծերն ունէ: Օրինակ, Սուրբ Հոգւոյն ամենակարող ըլլալը կը տեսնենք Սաղ. 139.7-8-ին մէջ. «Ո՞ւր երթամ քու Հոգիէդ եւ քու երեսէդ ո՞ւր փախչիմ: Եթէ երկինք ելլեմ, դուն հոն ես. Եթէ դժոխքը անկողինս ընեմ, ահա դուն հոն ես»: Ա Կորն. 2.10,11-ին մէջ կը տենենք Սուրբ Հոգւոյն ամենագետ ըլլալը. «Աստուած մեզի յատնեց իր Հոգիովը, վասն զի Հոգին ամէն բան կը քննէ, Աստուծոյ խորունկ բաներն ալ: Վասն զի մարդոցմէ ո՞վ գիտէ մարդուն բաները, բայց միայն մարդուն հոգին որ իր մէջ է. Նոյնպէս ալ Աստուծոյ բաները մէկը չի գիտեր, բայց միայն Աստուծոյ Հոգին»:
Կրնանք վստահ ըլլալ, որ Սուրբ Հոգին իսկապէս Անձ մըն է, որովհետեւ Անիկա բանականութիւն, զգացում եւ կամք ունէ: Սուրբ Հոգին միտք եւ գիտութիւն ունէ (Ա Կորն. 2.10): Սուրբ Հոգին կրնայ տրտմիլ (Եփես. 4.30): Անիկա մեզի համար կը բարեխօսէ (Հռովմ. 8.26-27): Սուրբ Հոգին Իր կամքին յամեմատ որոշում կ'առնէ (Ա Կորն. 12.7-11): Սուրբ Հոգին Աստուած է, Սուրբ Երրորդութեան երրորդ «Դէմքը»: Եւ քանի որ Աստուած է, Անիկա իսկապէս Մխիթարիչ եւ Խորհրդատու է, ինչպէս Յիսուս խոստացած է Անոր համար (Յովհ. 14.16,26, 15.26):
Վերադարձիր յիմնական էջը հայերէնով
Ո՞վ է Սուրբ Հոգին:
|