Ի՞նչ կը ներկայացնէ քրիստոնէութիւնը եւ ինչի՞ն կը հաւատան քրիստոնեաները:




Հարց. Ի՞նչ կը ներկայացնէ քրիստոնէութիւնը եւ ինչի՞ն կը հաւատան քրիստոնեաները:

Պատասխան.
Ա Կորն. 15.1-4-ին մէջ կ'ըսուի. «Եղբայրներ, ձեզի կ'իմացնեմ այն աւետարանը որ ես ձեզի քարոզեցի եւ որը ընդունեցիք ու անոր վրայ հաստատուած էք: Որով կը փրկուիք ալ, եթէ ամուր բռնէք այն խօսքը որ ես ձեզի քարոզեցի, այնպէս որ պարապ տեղը հաւատացած չըլլաք: Վասն զի ամենէն առաջ ես ձեզի աւանդեցի զանիկա, որ ես ալ ընդունեցի, թէ Քրիստոս մեր մեղքերուն համար մեռաւ, գրքերուն ըսածին համեմատ: Եւ թաղուեցաւ ու յարութիւն առաւ երրորդ օրը, գրքերուն ըսածին համեմատ»:

Կարճ ըսած, քրիստոնեաները ճիշտ ասոր կը հաւատան: Քրիստոնէութիւնը, ուրիշ կրօնքներու համեմատ, առանձնայատուկ է, որովհետեւ աւելի ուղղուած է փոխյարաբերութիւններու ձեւաւորումին, որքան կրօնական գործնականութեան հաստատումին: «Այս ըրէ, այն մի ըրէ»-ներու ցուցակը պահպանելու փոխարէն, քրիստոնէութեան նպատակը Հայր Աստուծոյ հետ մտերիմ փոխյարաբերութիւններու ձեւաւորումն է: Այդ փոխյարաբերութիւնները հնարաւոր կ'ըլլան Յիսուս Քրիստոսի գործին եւ քրիստոնեայի կեանքին մէջ Սուրբ Հոգւոյն ծառայութեան միջոցաւ:

Քրիստոնեաները կը հաւատան, որ Աստուածաշունչը Աստուծմէ ներշնչուած է, Աստուծոյ անսխալական Խօսքը, եւ որ Աստուածաշունչին ուսմունքը բոլոր հարցերուն մասին վէրջնական հեղինակութիւն ունէ (Բ Տիմ. 3.16, Բ Պետ. 1.20-21): Քրիստոնեաները կը հաւատան Մէկ Աստուծոյ, Որը կը գոյատեւէ երեք դէմքերու մէջ. Հայր, Որդի (Յիսուս Քրիստոս) եւ Սուրբ Հոգի:

Քրիստոնեաները կը հաւատան, որ մարդը յատուկ ստեղծուած է, որ Աստուծոյ հետ փոխյարաբերութիւններ ունենայ, բայց մեղքը մարդոց կը հեռացնէ Աստուծմէ (Հռովմ. 5.12, 3.23): Քրիստոնէութիւնը կը սորուեցնէ, որ Յիսուս Քրիստոս ապրած է երկրի վրայ եւ եղած է լիակատար Աստուած ու Մարդ (Փիլ. 2.6-11), եւ մեռած է խաչին վրայ: Քրիստոնեաները կը հաւատան, որ խաչին վրայ կրած մահէն ետք, Քրիստոս թաղուած է, որմէ երեք օր ետքը մեռելներէն յարութիւն է առած եւ այժմ Հօր աջ կողմը կը կենայ ու անդադար կը բարեխօսէ հաւատացեալներուն համար (Եբր. 7.25): Քրիստոնէութիւնը կը յայտարարէ, որ խաչին վրայ Յիսուսին մահը բաւարար է, որպէս զի վճարէ բոլոր մարդոց մեղքերուն համար: Ճիշտ այս կէրպով կը վերականգնուին Աստուծոյ եւ մարդու միջեւ աւերուած յարաբերութիւնները (Երբ. 9.11-14, 10.10, Հռովմ. 6.23, 5.8):

Մարդը, որպէս զի փրկուէ, անվերապահորէն պիտի հաւատայ խաչին վրայ Քրիստոսին կատարած գործին: Երբ մէկը կը հաւատայ, որ Յիսուս Քրիստոս իր փոխարէն մեռած է, վճարած՝ իր մեղքերուն համար եւ մեռելներէն յարութիւն է առած, այն ատեն անիկա փրկութիւն կ'ընդունէ: Մէկը բանով մը չի կրնայ վաստակիլ իր փրկութիւնը: Մէկը չի կրնայ «այնչափ բարի» ըլլայ, որ իր ուժերովը հաճելի ըլլայ Աստուծոյն, որովհետեւ բոլորս ալ մեղաւոր ենք (Եսայի 64.6-7, 53.6): Եւ երկրորդ, մենք այլեւս ընելիք բան մը չունինք, քանզի Քրիստոս ամէն բան ըրած է: Յիսուս Քրիստոս խաչին վրայ ըսաւ. «Ամէն բան կատարուեցաւ» (Յովհ. 19.30):

Ինչպէս մէկը չի կրնայ բան մը ընել, որպէս զի վաստակէ իր փրկութիւնը, անանք ալ, երբ մէկը կը հաւատայ խաչին վրայ Քրիստոսի ըրածին, ինչ ալ ընէ անկէ ետք, չի կրնայ կորսնցնել իր փրկութիւնը: Յիշէ': Ամէն անհրաժեշտը Յիսուս այլեւս ըրած է: Փրկութեանը մէջ փրկուողէն բան մը կախում չունէ: Յովհ. 10.27-29-ը կը յայտարարէ. «Իմ ոչխարներս իմ ձայնս կը լսեն ու ես ալ զանոնք կը ճանչնամ ու իմ ետեւէս կու գան: Ես անոնց յաւիտենական կեանք կու տամ ու յաւիտեան պիտի չկորսուին եւ մէկը իմ ձեռքէս պիտի չյափշտակէ զանոնք: Իմ Հայրս, որ զանոնք ինծի տուաւ, բոլորէն մեծ է եւ մէկը չի կրնար իմ Հօրս ձեռքէն յափշտակել»:

Կրնայ ըլլայ ոեւէ մէկը կը մտածէ. «Ասիկա հրաշալի է, երբ այլեւս փրկուած եմ, կրնամ ընել, ինչ որ ուզեմ, եւ իմ փրկութիւնը պիտի չկորսնցնեմ»: Սակայն փրկուիլ չի նշանակէ, ազատ ըլլալ, ընելու, ինչ որ ուզես: Փրկուիլ կը նշանակէ ազատուիլ հին բնութեանը ծառայելէ եւ այդ ազատութիւնովը ձգտիս Աստուծոյ հետ ճիշտ յարաբերութիւններ ձեւաւորիլ: Քանի դեռ հաւատացեալները կ'ապրին երկրի վրայ իրենց մեղաւոր մարմիններուն մէջ, անոնք անդադար մեղքին չտրուելու պայքար պիտի մղին: Մեղաւոր կեանքը կը խանգարէ այն յարաբերութիւններուն, որն Աստուած կ'ուզէ մարդոց հետ ունենալ: Քանի դեռ հաւատացեալ մը կ'ապրի մեղքին մէջ, չի կրնայ վայելել այն յարաբերութիւնը, որն Աստուած նախատէսած է անոր հետ ունենալ: Քրիստոնեաները կրնան յաղթել մահին, երբ կ'ուսումնասիրեն եւ կը գործադրեն իրենց կեանքին մէջ Աստուծոյ Խօսքը, երբ կը ղեկաւարուին Սուրբ Հոգւոյն կողմէ, երբ իրենց առօրեային մէջ կ'ենթարկուին Հոգւոյն ազդեցութեանն ու առաջնորդութեանը եւ Անոր միջոցաւ կ'ենթարկուին Աստուծոյ Խօսքին:

Շատ կրօնական համակարգեր մարդէն կը պահանջեն որոշ բաներ ընել, բայց քրիստոնէութեան յիմքը կը կազմէ Աստուծոյ հետ փոխյարաբերութիւններուն ձեւաւորումը: Քրիստոնէութիւն կը նշանակէ հաւատալ, որ Քրիստոս մեռած է խաչին վրայ, որպէս զի վճարէ քո մեղքերուն համար, եւ յարութիւն է առած: Քո մեղքերուն համար վճարուած է եւ դուն կրնաս հաղորդակցուիլ Աստուծոյ հետ: Կրնաս յաղթիլ քո մեղաւոր բնութեանը եւ ապրիլ Աստուծոյ հետ հաղորդակցուելով եւ Անոր հնազանդելով: Այս է ճշմարիտ Աստուածաշնչային Քրիստոնէութիւնը:



Վերադարձիր յիմնական էջը հայերէնով



Ի՞նչ կը ներկայացնէ քրիստոնէութիւնը եւ ինչի՞ն կը հաւատան քրիստոնեաները: