Քրիստոնեայ մկրտութիւն
 
 

Ո՞րն է քրիստոնեային մկրտութեան նշանակութիւնը:



Հարց. Ո՞րն է քրիստոնեային մկրտութեան նշանակութիւնը:

Պատասխան.
Աստուածաշունչի համաձայն, քրիստոնեային մկրտութիւնը արտաքին վկայութիւնն է այն բանի, ինչը հաւատացեալին ներսը կատարուած է: Քրիստոնեային մկրտութիւնը, Քրիստոսի մահուանը, թաղումին եւ յարութեանը անոր հաղորդակից ըլլալուն արտայայտութիւնն է: Աստուածաշունչը կ'ըսէ. «Չէ՞ք գիտեր թէ մենք որ Յիսուս Քրիստոսով մկրտուեցանք, անոր մահուանը մկրտուեցանք: Անոր հետ թաղուեցանք մկրտութիւնով մահուան համար. Որպէսզի ինչպէս Քրիստոս Հօրը փառքովը յարութիւն առաւ մեռելներէն, այնպէս ալ մենք կեանքի նորոգութեան մէջ պտտինք» (Հռովմ. 6.3-4): Քրիստոնեայի մկրտութեան ատենը ջուրին մէջ ընկղմուիլը կ'արտայայտէ Քրիստոսին հետ թաղուիլը, իսկ ջուրէն դուրս ելլելը՝ Քրիստոսին հետ յարութիւն առնիլը:

Երկու պայման կայ, եթէ մէկը ուզէ մկրտուիլ.

1) Անիկա պէտք է ընդունէ Յիսուս Քրիստոսը, որպէս Փրկիչ:

2) Պէտք է հասկնայ, թէ մկրտութիւնը ինչ կը խորհրդանշէ:

Եթէ մարդ մը կ'ընդունէ Տէր Յիսուս Քրիստոսը, որպէս Փրկիչ, եթէ կը հասկնայ, որ մկրտութիւնը Աստուծոյ հանդէպ հնազանդութեան քայլ մըն է եւ անոր միջոցաւ ինքը յայտնապէս կ'արտայայտէ Քրիստոսին հանդէպ իր հաւատքը եւ կ'ուզէ մկրտուիլ, պատճառ չի կայ, որ անիկա չմկրտուի: Աստուածաշունչի համաձայն, մկրտութիւնը պարզապէս հնազանդութեան քայլ մը եւ մկրտվողին հրապարակայնորէն Քրիստոսը, որպէս միակ Փրկիչ ընդունելու արտայայտութիւն է: Քրիստոնեային մկրտութիւնը կարեւոր նշանակութիւն ունէ, քանի որ կը ներկայացնէ հնազանդութեան քայլ մը. Քրիստոսի հանդէպ հաւատքի հրապարակայնորէն ընունում եւ նուիրում, ինչպէս նաեւ Քրիստոսի մահուանը, թաղումին եւ յարութեանը հաղորդակից ըլլալ:



Վերադարձիր յիմնական էջը հայերէնով



Ո՞րն է քրիստոնեային մկրտութեան նշանակութիւնը: