| |
Արդեօ՞ք Աստուածաշունչը իսկապէս Աստուծոյ Խօսքն է:
Հարց. Արդեօ՞ք Աստուածաշունչը իսկապէս Աստուծոյ Խօսքն է:
Պատասխան.
Այս հարցին պատասխանը ոչ միայն կը ներկայացնէ մեր դիրքը Աստուածաշունչին հանդէպ եւ անոր նշանակութիւնը մեր կեանքերուն մէջ, այլ վէրջին յաշուով յաւիտենական ազդեցութիւն պիտի գործէ մեր վրայ: Եթէ Աստուածաշունչը իսկապէս Աստուծոյ Խօսքն է, ապա մենք այն պէտք է բարձր գնահատենք, ուսումնասիրենք, հնազանդինք եւ միանգամայն վստահինք անոր: Եթէ Աստուածաշունչը իսկապէս Աստուծոյ Խօսքն է, ապա անոր մերժումը կը նշանակէ մերժիլ Աստուծոյն:
Այն փաստը, որ Աստուած մեզի Աստուածաշունչը տուած է, կը ցուցնէ մեր հանդէպ Անոր սէրը: «Յայտնութիւն» բառը կը նշանակէ, որ Աստուած մարդոցը կը ներկայացնէ Իր էութիւնը եւ կը բացայայտէ, թէ ինչպէս կրնանք Անոր հետ ճիշտ յարաբերութիւններ ունենալ: Ասոնք բաներ մըն են, որոնք մենք պիտի չգիտնայինք, եթէ Աստուած Աստուածաշունչին մէջ բացայայտած չըլլար: Թէեւ Աստուածաշունչին մէջ Աստուածայայտնութիւնը աստիճանաբար կը զարգանայ, մոտ 1500 տարիներու ընթացքին, այնուամէնայնիւ, անիկա միշտ պարունակած է այն ամէնը, ինչ մարդը պէտք է գիտնայ Աստուծոյն հետ ճիշտ յարաբերութիւններ ունենալուն համար: Եթէ Աստուածաշունչը իսկապէս Աստուծոյ Խօսքն է, ուրեմն անիկա հաւատքի, կրօնական կեանքի եւ բարոյականութեան վերաբերեալ բոլոր հարցերուն վրայ վէրջնական հեղինակութիւն ունէ:
Հարցը այն է, թէ ուրկէ կրնանք վստահ ըլլալ, որ Աստուածաշունչը Աստուծոյ Խօսքն է, այլ ոչ հրաշալի գիրք մը: Ո՞րն է Աստուածաշունչին այն առանձնայատկութիւնը, որը զինքը կը տարբէրէ երբեւէ գրուած ուրիշ կրօնական գիրքերէն: Որեւէ ապացոյցներ կա՞ն, որ Աստուածաշունչը իսկապէս Աստուծոյ Խօսքն է: Ասոնք են այն հարցերը, որոնց պիտի փորձենք պատասխանիլ, եթէ կ'ուզենք լրջորէն ուսումնասիրել աստուածաշնչային այն պնդումը, որ Աստուածաշունչը Աստուծոյ Խօսքն է՝ Աստուծմէ ներշնչուած եւ միանգամայն բաւարար պատասխանելու հաւատքին եւ կրօնական կեանքին վերաբերող հարցերուն:
Կասկած չկայ, որ Աստուածաշունչը իսկապէս կը պնդէ, որ Աստուծոյ Խօսքն է: Ասիկա հստակ կ'երեւի Բ Տիմ. 3.15-17-ին մէջ. «Քու մանկութենէդ ի վեր սուրբ գրքերը գիտես, որոնք կրնան իմաստուն ընել քեզ փրկուելու Քրիստոս Յիսուսին վրայ եղած հաւատքովը: Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է սորուեցնելու, յանդիմանելու, շտկելու եւ արդարութեան մէջ խրատելու համար, որպէս զի Աստուծոյ մարդը կատարեալ ըլլայ՝ ամէն բարի գործերու պատրաստուած»:
Որպէս զի պատասխանենք այս հարցերուն, պէտք է դիտենք ներքին եւ արտաքին ապացոյցները, որ Աստուածաշունչը իսկապէս Աստուծոյ Խօսքն է: Ներքին ապացոյցները կը գտնուին Աստուածաշունչին մէջ եւ կը վկային անոր Աստուածային ծագումին համար: Անոնցմէ մէկը Աստուածաշունչի միասնականութիւնն է: Թէեւ անիկա կազմուած է 66 գիրքերէն, գրուած՝ երեք ցամաքամասերու մէջ, երեք տարբէր լեզուներով, 1500 տարիներու ընթացքին, աւելի քան 40 հեղինակներու կողմէ (անոնք տարբէր ծագում եւ կեանքի տարբէր պայմաններու մէջ են ապրած), այնուամէնայնիւ պահպանած է իր միասնականութիւնը եւ հոն հակասութիւններ չկան: Այս միասնականութիւնը յուրահատուկ է, որով կը տարբէրուի ուրիշ գիրքերէ եւ կ'ապացուցէ հոն գրուած խօսքերուն Աստուածային ծագումը, որոնցմով Աստուած դրդած է հաւատքի մարդոցը գրելու զանոնք:
Ուրիշ նէրքին ապացոյց մըն է մանրամասն նկարագրուած մարգարէութիւնները, ինչը կը ցուցնէ, որ Աստուածաշունչը իսկապէս Աստուծոյ Խօսքն է: Աստուածաշունչը կը պարունակէ հարիւրաւոր մարգարէութիւններ, որոնք կը վերաբերին առանձին ժողովուրդներու ապագային, այդ թուին Իսրայէլի, կոնկրէտ քաղաքներու ապագային, ընդհանուր առումով մարդկութեան ապագային եւ Փրկչի գալուստին՝ ոչ միայն Իսրայէլի, այլ բոլոր անոնց, որ կը հաւատան Անոր: Ուրիշ կրօնական գիրքերուն մէջ գրուած մարգարէութիւններու համեմատ, ինչպէս օրինակ Նոստրադամուսին գուշակութիւնները, Աստուածաշնչային մարգարէութիւնները շատ մանրամասն նկարագրուած եւ միանգամայն իրագործուած են: Միայն Հին Կտակարանին մէջ Յիսուս Քրիստոսին համար աւելի քան 300 մարգարէութիւններ կան: Ոչ միայն նախապէս ըսուած է, թէ ո՞ւր պիտի ծնանի եւ ո՞ր ցեղէն պիտի ըլլայ, այլ նաեւ ինչպէս պիտի մեռնէ եւ երբ՝ յարութիւն առնէ: Տրամաբանորէն հնարաւոր չէ բացատրիլ, թէ ինչպէս այս մարգարէութիւնները իրագործուած են: Միայն Աստուածային միջամտութեամբ կրնանք այդ ընել: Ուրիշ կրօնական գիրք մը չկայ, որը թէ աստիճանով եւ թէ ձեւով անանք մարգարութիւններ պարունակէ, ինչպիսին կը կարդանք Աստուածաշունչին մէջ:
Աստուածաշունչի Աստուածային ծագումին երրորդ նէրքին ապացոյցը Անոր հեղինակութիւնն ու զօրութիւնն է: Թէեւ առաջին երկու ապացոյցներու համեմատ ասիկա աւելի սուբյեկտիւ է, սակայն պակաս զօրաւոր չէ: Աստուածաշուչը յուրայատուկ հեղինակութիւն ունէ, որը տարբէր է երբեւէ գրուած գիրքերէն: Այս հեղինակութիւնը եւ իշխանութիւնը կ'երեւնայ անոր մէջ, որով անիկա անթիւ մարդոց կեանքերը փոխած է, երբ կարդացած են զանիկա: Թմրամոլներ բուժուած են իրենց մոլութենէն, արուամոլներ ազատուած են իրենց շեղումէն, թափառականներ եւ անբաններ կէրպարանափոխուած են, խստասիրտ հանցագործներ վերափոխուած են, մեղաւորներ ըմբռնած են իրենց մեղաւոր ըլլալը, ատելութիւնը սիրոյ փոխուած է: Աստուածաշունչը շարժիչ եւ փոխող զօրութիւն ունէ, ինչը հնարաւոր կ'ըլլայ միայն այն ատեն, եթէ անիկա Աստուծոյ զօրութիւնն է:
Բացի նէրքին ապացոյցներէն, արտաքին ապացոյցներ ալ կան: Անոնցմէ մէկը Աստուածաշունչին պատմական ճշմարտացիութիւնն է: Քանի որ Աստուածաշունչը մանրամասն կը նկարագրէ պատմական իրադարձութիւններ, անոնց իսկութիւնը եւ ճշգրտութիւնը, ուրիշ պատմական փաստաթուղթերու շարքին, գիտականորէն ստուգուած են: Հնէաբանական յայտնագործումներ եւ այլ գրաւոր փաստաթուղթեր բազում անգամներ ապացուցած են, որ Աստուածաշնչային պատմութիւնները կը համապատասխանին պատմական ճշմարտութեանը: Դեռ աւելին, հնէաբանական յայտնագործումներ եւ ձեռագիր մատեաններ, որոնք կը հաստատեն Աստուածաշունչին պատմութիւնները, կը ցուցնեն, որ Աստուածաշունչը հին աշխարհին ամենէն լաւ փաստագրուած գիրքն է: Ասիկա կ'ապացուցէ նաեւ անոր հոգեւոր ճշմարտացիութիւնը, եւ կը հաստատէ, որ Աստուածաշունչը իսկապէս Աստուծոյ Խօսքն է:
Ուրիշ արտաքին ապացոյց մը անոր հեղինակներու վարքագիծն է: Ինչպէս այլեւս ըսեցինք, Աստուած Իր Գիրքը գրելու համար գործածած է տարբէր ծագում ունեցող եւ կեանքի տարբէր պայմաններուն մէջ ապրած մարդոց: Երբ կ'ուսումնասիրենք անոնց ապրած կեանքը, կը տեսնենք, թէ որքան արդար, ազնիւ եւ անկեղծ մարդիկ եղած են: Անոնք պատրաստ էին մեռնելու (հաճախ տանջամահ ըլլալու) իրենց հաւատքին համար: Ասիկա կը ցուցնէ, որ այս սովորական, բայց ազնիւ մարդիկը կը հաւատային, որ Աստուած իրենց կը խօսի: Մարդիկը, որոնք գրած են Նոր Կտակարանը, հարիւրաւոր ուրիշ հաւատացեալներու հետ (Ա Կորն. 15.6), գիտցած են, որ իրենց պատգամը ճշմարիտ է, որովհետեւ տեսած եւ ապրած են Յիսուսին հետ Անոր յարութիւնէն ետքը: Յարուցեալ Յիսուսը տեսնալը խոշոր ազդեցութիւն գործած է անոնց վրայ եւ բոլորուին փոխած է անոնց կեանքը: Եթէ անկէ առաջ թաքնուած էին վախէն, որ չբռնուին եւ սպանուին, Յարուցեալ Յիսուսը տեսնալէն ետքը, պատրաստ եղած են մեռնելու Աստուծմէ տրուած պատգամին համար: Անոնց կեաքը եւ մահը կը հաստատեն այն փաստը, որ Աստուածաշունչը աստուծոյ Խօսքն է:
Եւ վէրջին արտաաքին ապացոյցը, որը կը նեկայացնենք, Աստուածաշունչին չկործանուող եւ ամբողջական ըլլալն է: Քանի որ Աստուածաշունչը կը պնդէ, որ Աստուծոյ Խօսքն է, անիկա խիստ յարձակումներու է ենթարկուած: Մարդկութեան պատմութեան մէջ գրուած գիրքերէն ամենէն շատ Աստուածաշունչը փորձած են ոչնչացնիլ: Եթէ սկսինք վաղ հռոմեական տիրապէտութեան ժամանակաշրջանէն (ինչպէս օրինակ Դիոկղէցիանոսը) մինչեւ համայնաւարական միապէտները եւ այսօրուան աթէիստներն ու ագնոստիկները: Սակայն Աստուածաշունչը վերապրել եւ պահապանել է իր գոյութիւնը եւ այսօր ալ կը շարունակէ մնալ ամենէն շատ հրատարակուած գիրքը:
Տարբէր ժամանակաշրջաններու մէջ, թերահաւատները Աստուածաշունչին մոտեցած են, որպէս լեգենդներով լի գրքի մը: Սակայն հնէաբանութիւնը ապացուցած է անոր պատմական ճշմարտացիութիւնը: Անոր հակառակորդները հարձակումներ գործած են Աստուածաշունչի ուսմունքին դէմ՝ ըսելով, թէ անիկա հասարակ եւ հինցած է: Սակայն Աստուածաշունչին ուսմունքը իր բարոյական եւ օրինական հասկացողութիւններովը, դրական դէր է խաղացած ամբողջ աշխարհի մշակոյթի եւ հասարակական կեանքի վրայ: Այսօր ալ գիտութիւնը, հոգէբանութիւնը եւ քաղաքական շարժումները կը շարունակեն հարձակուիլ անոր վրայ, բայց ասոր հակառակ, անիկա այսօր ալ նոյն ազդեցութիւնը կը գործէ, ինչպիսին գործած է իր գրուելու ատենը: Վէրջին 2000 տարիներու ընթացքին անիկա անհամար մարդոց կեանքեր եւ մշակոյթներ է փոխած:
Հակառակ Աստուածաշունչի հակառակորդներու հարձակումներուն, անիկա այսօր ալ կը պահպանէ իր զօրութիւնն ու ճշմարտացիութիւնը, ինչը կը հաստատէ այն պնդումը, որ Աստուածաշունչը իսկապէս Աստուծոյ Խօսքն է: Չպէտք է զարմանանք, որ հակառակ այս հարձակումներուն, Աստուածաշունչը երբէք չէ փոխուած եւ միշտ յաղթած է: Յիսուս պատահական չէ, որ ըսաւ. «Երկինք իւ երկիր պիտի անցնին, բայց իմ խօսքերս բնաւ պիտի չանցնին» (Մարկ. 13.31): Երբ մարդը կը նայէ այս ապացոյցներուն, ամէն կասկած կը փարատուէ եւ վստահաբար կրնայ ըսել. «Այո, Աստուածաշունչը իսկապէս Աստուծոյ Խօսքն է»:
Վերադարձիր յիմնական էջը հայերէնով
Արդեօ՞ք Աստուածաշունչը իսկապէս Աստուծոյ Խօսքն է:
|
|
|