Գիտցիր Աստուծոյ Կամքը
 
 

Կին-հովիւնե՞ր, կին-քարոզիչնե՞ր: Ի՞նչ կ'ըսէ Աստուածաշունչը ծառայութեան մէջ եղող կիներուն համար:



Հարց. Կին-հովիւնե՞ր, կին-քարոզիչնե՞ր: Ի՞նչ կ'ըսէ Աստուածաշունչը ծառայութեան մէջ եղող կիներուն համար:

Պատասխան.
Կը խորհիմ, որ մեր օրերուն հազիւ թէ աւելի քննարկուող խնդիր մը կայ, քան այն, թէ արդեօ՞ք թոյլատրուած է, որ կիները ծառային, որպէս հովիւներ կամ քարոզիչներ: Ահա ինչու՞ շատ կարեւոր է, պատասխանելով այս հարցին չհակադրինք կիներուն այր-մարդոցը: Կիներ կան, որ կը կարծեն, թէ կիները չպէտք է ծառային որպէս հովիւ-քարոզիչներ եւ որ Աստուածաշունչը կը սահմանափակէ կիներու ծառայութիւնը: Նոյն կէրպ ալ այր-մարդիկ կան, որոնք կը հաւատան, որ կիները կրնան ծառայիլ որպէս հովիւ-քարոզիչներ եւ ոեւէ մէկ սահմանափակում չկայ կիներուն ծառայութեանը համար: Հոս շովինիզմի կամ դիսկրիմինացիայի խնդիր չկայ: Հարցը Աստուածաշունչի մեկնութեանը մէջն է:

Ա Տիմ. 2.11-12-ը կը յայտարարէ. «Կինը թող սորվի լռութեամբ՝ ամենայն հնազանդութիւնով: Բայց կնոջ հրաման չեմ տար սորվեցնելու, ոչ ալ՝ այր մարդուն իշխելու, հապա լուռ կենալու»: Եկեղեցիին մէջ Աստուած կնոջն ու այր-մարդուն տարբէր դերեր կու տայ: Ասիկա յետեւանք է այն սկզբունքին, որով ստեղծուեցաւ Արարչութիւնը (Ա Տիմ. 2.13), ինչպէս նաեւ այն սկզբունքին, որով մեղքը աշխարհ մտաւ (Ա Տիմ. 2.14): Պողոս առաքեալին միջոցաւ Աստուած կը սահմանափակէ կիներուն, որ իրենց ծառայութեամբը հոգեւոր իշխանութիւն չբանեցնեն այր-մարդոցը վրայ՝ անոնց սորուեցնելով: Ասիկա կը բացառէ, որ կիները ծառային որպէս հովիւ, ինչը կը նշանակէ, որ պիտի քարոզին, սորվեցնեն եւ հոգեւոր իշխանութիւն բանեցնեն այր-մարդոցը վրայ:

Այս տեսակետին հանդէպ շատ «յակառակութիւններ» կան: Անոնցմէ մէկն այն է, որ Պողոսը կիներուն թոյլ չի տար սորվեցնել, որովհետեւ առաջին դարին կիները սովորաբար կրթուած չեն եղած: Սակայն Ա Տիմ. 2.11-14-ին մէջ բնաւ կիներուն կրթութեանը մասին չի խօսուիր: Եթէ կրթութիւնը նախապայման ըլլար ծառայութեանը համար, հապա Յիսուսին աշակերտներէն մեծամասնութիւնը չպիտի կրնային բաւարարիլ այս պայմանը: Երկրորդ յակառակութիւնը այն է, որ Պողոսը միայն Եփեսոսի (այս թուղթը գրուած է Տիմոթէոսին, որը այն ատենը եղած է Եփեսոսի եկեղեցիին հովիւը) կիներուն թոյլ չէ տուած, որ սորվեցնեն: Եփեսոսը յայտնի էր իր Արտեմիդայի տաճարովը. Յունահռոմեական չաստուածուհի: Կիները հոն Արտեմիդայի երկրպագութեանը հեղինակաւոր դիրք են ունեցած: Սակայն Տիմոթեոսին ուղղուած թուղթին մէջ չի յիշատակուէ Արտեմիդային երկրպագութիւնը, ոչ ալ Պողոսը Արտեմիդային երկրպագութիւնը կը ցուցնէ որպէս յիմք այն սահմանափակումին, որը կը դնէ Ա Տիմ. 2.11-12-ին մէջ:

Երրորդ յաճախ յանդիպող յակառակութիւնը այն է, որ Պողոսը իր այս խօսքերը կ'ուղղէ ամուսնացեալ զոյգերուն, այլ ոչ թէ ընդհանուր առմամբ կիներուն եւ այր-մարդոցը: Հնարաւոր է իսկապէս Ա Տիմ. 2.11-14-ին մէջ յունարէն բառերը կը վերաբերէն ամուսնացեալ զոյգերուն: Սակայն բառերուն յիմնական նշանակութիւնը կը վերաբերէ կիներուն եւ այր-մարդոցը ընդհանուր առումովը: Բացի այն նոյն այս բառերը կը գործածուին 8-10 համարներուն մէջ ալ: Միայն ամուսնացեալ մարդիկը պիտի սուրբ ձեռքեր վերցնեն առանց բարկութեան եւ երկմտութեան աղօթք ընելու (8): Միայն ամուսնացեալ կիները պիտի վայելուչ հագուին, բարի գործեր ընեն եւ երկրպագեն Աստուծոյն (9-10): Իհարկէ, ոչ: Միանգամայն պարզ է, որ 8-10 համարները կը վերաբերին ընդհանուր առմամբ կիներուն եւ այր-մարդոցը, այլ ոչ միայն ամուսնացեալ զոյգերուն: Ոչ մէկ բան չի յուշէ, որ 11-14 համարները միայն ամուսնացեալ զոյգերուն կը վերաբերէ:

Ուրիշ յակառակութիւն մըն ալ կայ, որը կապուած է Մարիամին, Դեբորային, Պրիսկիղային, Փիբէին եւ ուրիշ կիներուն հետ, որոնք առաջնորդի դէր ունեցած են Աստուածաշունչին մէջ: Այս յակառակութիւնը ուշադրութիւն չի դարձներ քանի մը կարեւոր փաստերուն վրայ: Օրինակ, Դեբորայի պարագային, անիկա 13 դատաւորներուն մէջ միակ կին-դատաւորը եղած է: Ողդայի պարագային, անիկա տասնեակ մարգարէներուն մէջ միակ կին մարգարէն եղած է, որուն համար Աստուածաշունչը կը խօսէ: Միակ պատճառը, որ Մարիամը առաջնորդող դէր ունենայ այն է, որ Մովսէսին եւ Ահարոնին քոյրը եղած է: Թագաւորներու ատենը երկու ամենէն նշանաւոր կիները Գոթողիան եւ Յեզաբէլը եղած են, որոնք հազիւ թէ կրնան ազնուաբարոյ կին-առաջնորդներու օրինակ ըլլան:

Գործք Առաքելոցին 18-րդ գլուխին մէջ Պրիսկիղան եւ Ակիւղասը ներկայացուած են, որպէս Քրիստոսի հաւատարիմ սպասաւորները: Նախ կը յիշուի Պրիսկիղային անունը, ինչը ենթադրել կու տայ, որ անոր տեղը ծառայութեանը մէջ աւելի «կարեւոր» եղած է, քան անոր ամուսինինը: Սակայն ոեւէ տեղ մը չէ յիշատակուած, որ Պրիսկիղան անանք ծառայութիւն մը ունեցած է, ինչը կը յակադրուի Ա Տիմ. 2.11-14-ին: Պրիսկիղան եւ Ակիւղասը իրենց տուն կը տանին Ապողոսին եւ երկուսով անոր կը սորվեցնեն՝ աւելի ճշմարիտ կէրպով անոր ներկայացնելով Աստուծոյ Խօսքը (Գործք 18.26):

Հռովմ. 16.1-ին մէջ, եթէ նոյնիսկ ընդունինք, որ Փիբէն ոչ թէ «սպասաւորուհի» մը եղած է, այլ «սարկաւագուհի» մը, ասիկա չի նշանակեր, որ անիկա եկեղեցիին մէջ ուսուցիչ մը եղած է: «Սորուեցնելու ընդունակ»-ը յատկանիշ մըն է, որը կը տրուի երեցներուն, այլ ոչ սարկաւագներուն (Ա Տիմ. 3.1-13, Տիտոս 1.6-9): Եպիսկոպոսները, սարկաւագները կը նկարագրուին որպէս «Մէկ կնոջ ամուսին», «ունենայ հաւատարիմ զաւակներ» եւ «պէտք է ըլլան պատկառելի»: Ասկէ զատ, Ա Տիմ. 3.1-13-ին եւ Տիտոս 1.6-9-ին մէջ գործածուած են միայն արական սէռի դերանուններ, ինչը կը վերաբերէ միայն եպիսկոպոսներուն եւ սարկաւագներուն:

Ա Տիմ. 2.11-14-ին կառուցուածքը շատ պարզորէն կը ցուցնէ որն է հոն արտայայտուած պնդումին «յիմնաւորումը»: 13-րդ համարը կը սկսէ «վասն զի»-ով եւ կու տայ «պատճառը», որը Պողոս կը ներկայացնէ 11-12 համարներուն մէջ: Ինչո՞ւ կիները պիտի չսորուեցնեն եւ իշխնութիւն չբանեցնին այր-մարդոցը վրայ: «Վասն զի առաջ Ադամ ստեղծուեցաւ ու ետքը՝ Եւան: Եւ Ադամ չխաբուեցաւ, հապա կինը խաբուեցաւ ու յանցանք գործեց»: Ասիկա է պատճառը: Աստուած նախ Ադամը ստեղծած է ապա Եւան, Ադամին «օգնական» ըլլալու համար: Արարչութեան այս հերթականութիւնը յուրայատուկ կցորդ մըն է մարդոցը ինչպէս ընտանիքին (Եփես. 5.22-33), անանք ալ եկեղեցիին մէջ: Փաստը, որ Եւան խաբուած է, նոյնպէս որպէս պատճառ կը տրուի, որ կիները չծառային որպէս հովիւներ եւ իշխանութիւն ունենան այր-մարդոցը վրայ: Ասիկա ոմանց մտածել կու տայ, որ կիները պիտի չսորվեցնեն, վասզի դիւրութեամբ կը տրուին խաբէութեանը: Այս մտածելակէրպը վիճելի է ..., սակայն, եթէ իրապէս կիները յակուած են խաբկանքին, այն ատեն ինչո՞ւ անոնց կը թոյլատրուի երեխաներուն (որոնք նոյնպէս դիւրութեամբ կը խաբուին) եւ ուրիշ կիներուն (որոնք կը խորհինք, որ շատ աւելի յակուած են խաբկանքին) սորվեցնիլ: Այս չէ վերոյիշեալ յատուածին իմաստը: Կիները պիտի չսորվեցնեն եւ իշխանութիւն չբանեցնեն այր-մարդոցը վրայ, որովհետեւ Եւան խաբուեցաւ: Արդիւնքը, Աստուած այր-մարդոցը առաջնահերթ իշխանութիւն է տուած սորվեցնելու եկեղեցիին մէջ:

Կիներուն քովը աւելի զարգացած են հիւրընկալութեան, ողորմութեան, ուսուցչութեան եւ օգնելու շնորհքները: Եկեղեցիին մէջ ծառայութեան մեծ մաս մը կախում ունէ կիներէն: Կիներուն եկեղեցիին մէջ արգիլուած չէ յայտնապէս աղօթիլ կամ մարգարէանալ (Ա Կորն. 11.5), այլ միայն հոգեւոր իշխանութիւն չունենալ այր-մարդոցը վրայ՝ անոնց սորվեցնելով: Աստուածաշուչը ոեւէ տեղ չի արգելէ կիներուն Սուրբ Հոգիին պարկեւները գործադրիլ (Ա Կորն. 12): Կիները կանչուած են ծառայելու ուրիշներուն, ցուցնելու Հոգիին պտուղները (Գաղ. 5.22-23) եւ կորսուածներուն յայտնելու Աւետարանը (Մատթ. 28.18-20, Գործք 1.8, Ա Պետ. 3.15) այնքան, որքան այր-մարդիկը:

Աստուած այր-մարդոցը դրած է, որ սորվեցնելով ծառային եւ անոնց հոգեւոր իշխանութիւն է տուած: Անիկա այս չէ ըրած, որովհետեւ այր-մարդիկը աւելի լաւ ուսուցիչներ են, կամ ալ, որովհետեւ կիները աւելի ցած կամ աւելի քիչ մտաւոր են (ինչը անանք չէ): Ասիկա պարզապէս այն սկզբունքն է, որով Աստուած որոշած է, որ եկեղեցին գործէ: Այր մարդիկը հոգեւոր առաջնորդութեան օրինակ պիտի ըլլան թէ՛ իրենց կեանքի եւ թէ՛ իրենց խօսքերուն միջոցաւ: Կիները աւելի փոքր հեղինակութեամբ դեր պիտի ստանձնին: Կիներուն կը քաջալերուի, որ ուրիշ կիներու սորվեցնեն (Տիտոս 2.3-5): Աստուածաշունչը նաեւ չի արգելէ, որ կիները երեխաներու սորվեցնեն: Միակ բանը, որ կ'արգիլուէ կիներուն, այն է, որ չսորվեցնեն այր-մարդոցը եւ հոգեւոր իշխանութիւն բանեցնեն անոնց վրայ: Տրամաբանորէն ասիկա կը նշանակէ, որ կիներուն արգիլուած է հովիւ կամ քարոզիչ ըլլալ: Ասիկա բնաւ կիներուն աւելի աննշան չի ըներ, այլ կ'առաջնորդէ անոնց անանք ծառայութեան, որը կը համապատասխանէ Աստուծմէ տրուած իրենց շնորհքներուն:



Վերադարձիր յիմնական էջը հայերէնով



Կին-հովիւնե՞ր, կին-քարոզիչնե՞ր: Ի՞նչ կ'ըսէ Աստուածաշունչը ծառայութեան մէջ եղող կիներուն համար: