Աստուածաշունչ, դաջուածքներ, փիրսինգ (մարմնի վրայ ծակ ընել, զարդարանք մը կախելու համար), մեղք, քրիստոնեայ
 
 

Ի՞նչ կ'ըսէ Աստուածաշունչը դաջուածքներու եւ փիրսինգին համար:



Հարց. Ի՞նչ կ'ըսէ Աստուածաշունչը դաջուածքներու եւ փիրսինգին համար:

Պատասխան.
Հին Կտակարանին մէջ իսրայէլացիներուն կը պատուիրուի. «Եւ մէկուն սուգին համար ձեր մարմնին վրայ կտրածներ մի ընէք ու ձեր վրայ գրի նշան մի ընէք: Ես եմ Տէրը» (Ղեւտ. 19.28): Յետեւաբար, թէեւ այսօրուան հաւատացեալները հինկտակարանեան օրէնքին տակ չեն (Հռովմ. 10.4, Գաղ. 3.23-25, Եփես. 2.15), փաստը, որ դաջուածքներուն դէմ պատուիրան մը կայ, պէտք է մեզի ստիպէ կասկածելու, արդեօ՞ք անոնք բարի բան մըն են: Նոր Կտակարանին մէջ ոչինչ չի ըսուէ, արդեօ՞ք հաւատացեալը կրնայ կամ չի կրնայ դաջուածք մը ընել:

Յատկանշելու համար, թէ արդեօ՞ք դաջուածքները եւ փիրսինգը բարի բաներ են, պէտք է հասկնանք, արդեօ՞ք կրնանք յայտնապէս, մաքուր խիղճով խնդրել Աստուծոյն, որ օրհնէ եւ գործածէ զանոնք Իր նպատակներու համար: «Արդ՝ թէ ուտէք, թէ խմէք եւ թէ ինչ գործ որ ընէք, ամէն բան Աստուծոյ փառքին համար ըրէք» (Ա Կորնթ. 10.31): Աստուածաշունչը մեզի չի արգելէ, որ դաջուածքներ կամ փիրսինգ ընենք, բայց նաեւ մեզի յիմք ալ չի տայ կարծելու, որ Աստուծոյն անիկա հաճոյ է:

Ուրիշ հարց մը, որուն վրայ կանգ պիտի առնինք, համեստութիւնն է: Աստուածաշունչը մեզի կը սորուեցնէ, համեստորէն հագուինք (Ա Տիմ. 2.9): Համեստորէն հագուելուն ասպէկտներէն մէկն ալ այն է, որ ինչ որ հագուստը պիտի ծածկէ, ծածկուած ըլլայ պատշաճ կէրպով: Համեստութեան յիմնական նշանակութիւնը իրականութեան մէջ այն է, որ ուշադրութեան առարկայ չըլլանք: Իսկ դաջուածքներն ու փիրսինգը միանգամայն մարդոց ուշադրութիւնը կը գրաուին: Այս տեսանկիւնէն անոնք համեստութեան նշան չեն:

Ուրիշ կարեւոր աստուածաշնչային կէրպ մը այն հարցերուն վերաբերեալ, որոնց մասին Աստուածաշունչը հստակ չի խօսէ, այն է՝ արդեօ՞ք որեւէ կասկած մը ունինք տուեալ խնդրին վերաբերեալ: Եթէ կը խորհինք, որ այն Աստուծոյն հաճելի չէ, լաւ է որ բնաւ անիկա չընենք: «Քանզի ինչ բան որ հաւատքով չէ՝ մեղք է» (Հռովմ. 14.23): Մենք պէտք է յիշենք, որ մեր մարմինները եւ հոգիները գնուած են եւ կը պատկանին Աստուծոյն: Թէեւ Ա Կորնթ. 6.19-20 չի վերաբերէ դաջուածքներուն եւ փիրսինգին, սակայն այս համարները կ'արտայայտին աստուածաշնչային յիմնական սկզբունք մը. «Չէ՞ք գիտեր որ ձեր մարմինները տաճար են Սուրբ Հոգիին, որ ձեր մէջն է, որ Աստուծմէ առած էք ու դուք ձեր անձին տէրը չէք. Քանզի գնով ծախու առնուեցաաք. Ուստի փառաւորեցէք Աստուած ձեր մարմիններուն ու հոգիներուն մէջ, որոնք Աստուծոյն կը պատկանին»: Այս մեծ ճշմարտութիւնը պէտք է զօրաւոր ազդեցութիւն գործէ այն ամենուն վրայ, ինչ որ կ'ընենք եւ ուր որ կ'երթանք մեր մարմիններովը: Եթէ մեր մարմինները կը պատկանին Աստուծոյն, մենք է պէտք է վստահ ըլլանք, որ մեր մարմիններուն վրայ դաջուածքներ կամ փիրսինգ ընելէն առաջ Անոր հստակ «թոյլատրութիւնը» ունինք:



Վերադարձիր յիմնական էջը հայերէնով



Ի՞նչ կ'ըսէ Աստուածաշունչը դաջուածքներու եւ փիրսինգին համար: