Գիտցիր Աստուծոյ Կամքը
 
 

Ինչպէ՞ս կը հասկնայ քրիստոնէութիւնը ինքնասպանութիւնը: Ի՞նչ կ'ըսուի Աստուածաշունչին մէջ ինքնասպանութեան մասին:



Հարց. Ինչպէ՞ս կը հասկնայ քրիստոնէութիւնը ինքնասպանութիւնը: Ի՞նչ կ'ըսուի Աստուածաշունչին մէջ ինքնասպանութեան մասին:

Պատասխան.
Աստուածաշունչին համաձայն ինքնասպանութիւնը որոշիչ դեր չի խաղայ մարդուն դրախտ կամ դժոխք երթալուն հարցին մէջ: Եթէ անհաւատ մը ինքնասպան ըլլայ, անիկա պարզապէս կ'աճապարէ իր ճամբորդութիւնը դէպի կրակէ լիճը: Սակայն անիկա դժոխք կ'երթայ ոչ որովհետեւ ինքնասպան է եղած, այլ անոր համար, որ չէ ընդունած Քրիստոսը որպէս Փրկիչ: Աստուածաշունչը կը յիշատակէ չորս անձերու մասին, որոնք ինքնասպան են եղած. Սաւուղ (Ա Թագ. 31.40), Աքիտոփէլ (Բ Թագ. 17.23), Զամբրի (Գ Թագ. 16.18) եւ Յուդա (Մատթ. 27.5): Ասոնք բոլորն ալ չար, անազնիւ եւ մեղաւոր մարդիկ են եղած: Աստուածաշունչը ինքնասպանութեանը կը դիտէ որպէս սպանութեան: Ասիկա իսկապէս ասանք է. Սպանութիւն սեփական անձին հանդէպ: Միայն Աստուած իշխանութիւն ունէ որոշելու ով, երբ եւ ինչպէս պիտի մեռնէ: Այդ իշխանութիւնը քո ձեռքն առնիլը Աստուծոյ հանդէպ հայհոյութիւն է:

Ի՞նչ կ'ըսէ Աստուածաշունչը այն անձին համար, որը ինքնասպանութիւն կը գործէ: Չեմ կարծեր, որ եթէ քրիստոնեայ մը ինքնասպան ըլլայ կը կորսնցնէ իր փրկութիւնը: Աստուածաշունչը մեզի կը սորուեցնէ, որ այն պահէն, երբ մէկը իսկապէս կը հաւատայ Քրիստոսին, անիկա վստահաբար յաւիտենական կեանք կ'ըստանայ (Յովհ. 3.16): Աստուածաշունչի համաձայն քրիստոնեաները կրնան վստահ ըլլալ, որ յաւիտենական կեանք ունին, անկախ այն բանէն, թէ իրենց հետ ինչ կ'ըլլայ: «Գրեցի այս բաները ձեզի՝ որ կը հաւատաք Աստուծոյ Որդիին անունին, որպէսզի գիտնաք թէ ունիք յաւիտենական կեանքը» (Ա Յովհ. 5.13): Ոչինչ չի կրնայ զատէ քրիստոնեային Աստուծոյ սէրէն: «Որովհետեւ ես համոզուած եմ թէ ո՛չ մահը, ո՛չ կեանքը, ո՛չ հրեշտաաակները, ո՛չ իշխանութիւնները, ո՛չ զօրութիւնները, ո՛չ ներկայ բաները, ո՛չ գալիք բաները, ո՛չ բարձրութիւնը, ո՛չ խորունկութիւնը, ո՛չ ալ ոեւէ ուրիշ արարած պիտի կարենայ զատել մեզ Աստուծոյ սէրէն, որ Քրիստոս Յիսուսով՝ մեր Տէրոջմով է» (Հռովմ. 8.38-39): Եթէ «արարած» մը չկայ, որը մեզի զատէ Աստուծոյ սէրէն, ապա նոյնիսկ քրիստոնեան, որը ինքնասպան կ'ըլլայ, «արարած» մըն է, այն ատէն ինքնասպանութիւնն ալ չի կրնայ անոր զատէ Աստուծոյ սէրէն: Յիսուս մեռաւ մեր բոլոր մեղքերուն համար ... եւ, եթէ ոեւէ ճշմարիտ քրիստոնեայ հոգեւոր հարձակումի եւ թուլութեան պահուն ինքնասպան ըլլայ, ատիկա նոյնպէս մեղք մըն է, որուն համար Յիսուս մեռած է:

Այս խօսքերով չեմ ուզեր ըսիլ, որ ինքնասպանութիւնը Աստուծոյ հանդէպ լուրջ մեղք մը չէ: Աստուածաշունչի համաձայն, ինքնասպանութիւնը սպանութիւն մըն է, իսկ ատիկա միշտ ալ մեղք է: Ես լուրջորէն պիտի կասկածէի մէկու մը հաւատքին ճշմարտացիութեանը, որը կը պնդէ, թէ քրիստոնեայ է, բայց հակառակ ասոր ինքնասպան կ'ըլլայ: Իրավիճակներ չկան, որոնք կ'արդարացնին ոեւէ մէկուն, որը կեանք մը կը խլէ. Յատկապէս, եթէ անիկա քրիստոնեայ մըն է: Քրիստոնեաները կանչուած են ապրելու իրենց կեանքը Աստուծոյ համար: Աստուած, եւ միայն Աստուած կ'որոշէ, թէ երբ մէկու մը կեանքը հասած է իր աւարտին: Միգուցէ Եսթերին Գիրքը լաւ օրինակ մըն է, թէ ի՞նչ կը ներկայացնէ ինքնասպանութիւնը քրիստոնեայի մը համար: Պարսկաստանին մէջ օրէնք մը եղած է, որ եթէ մէկը առանց հրաւէրի արքային քովը մտնէ, մահապատժի պիտի ենթարկուէ, միայն եթէ արքան իր գաւազանը չերկարէ անոր վրայ, ինչը նշան մը եղած է, որ կը ներէ անոր եւ կեանք կը շնորհէ: Քրիստոնեային համար ինքնասպանութիւնը նման է անոր, որ ուժով մտնիս Արքային քովը, առանց սպասելու, որ Անիկա քեզի հրաւիրէ: Աստուած պիտի երկարի իր գաւազանը այս մարդուն վրայ եւ անոր յաւիտենական կեանք պիտի նուիրէ, ինչը սակայն չի նշանակէ, որ անոր ըրածը Աստուծոյն հաճոյ է: Թէեւ ճիշտ ինքնասպանութեանը չի վերաբերէ , բայց կրնանք ըսել, որ Ա Կորն. 3.15-ը լաւ նկարագրութիւն մըն է այն բանին, թէ ինչ կ'ըլլայ քրիստոնեայի մը հետ, որը ինքնասպան եղած է. «...ինք պիտի փրկուի, սակայն իբր թէ կրակի մը մէջէն»:



Վերադարձիր յիմնական էջը հայերէնով



Ինչպէ՞ս կը հասկնայ քրիստոնէութիւնը ինքնասպանութիւնը: Ի՞նչ կ'ըսուի Աստուածաշունչին մէջ ինքնասպանութեան մասին: