Մեղաւորին աղօթքը
 
 

Ի՞նչ է մեղաւորին աղօթքը:



Հարց. Ի՞նչ է մեղաւորին աղօթքը:

Պատասխան.
Մեղաւորին աղօթքը այն աղօթքն է, որով մարդ կ'աղօթէ, երբ կը հասկնայ, որ մեղաւոր է ու Փրկիչի պէտքութիւնն ունէ: Մեղաւորին աղօթքը ինքնիրմէ ոչ մէկ բանի չի կրնայ հասնիլ: Անիկա միայն արդիւնաւէտ կրնայ ըլլայ, եթէ իրապէս կը ներկայացնէ այն, ինչ մարդը գիտէ, կը հասկնայ կամ կը հաւատայ իր մեղաւոր բնութեան եւ իր փրկութեան վերաբերեալ:

Մեղաւորի աղօթքին առաջին նշանակութիւնը հասկնալն է, որ մենք բոլորս ալ մեղաւոր ենք: Հռովմ. 3.10-ը կը յայտարարէ. «Ինչպէս գրուած է թէ՝ «Արդար մը չկայ եւ ոչ մէկը».»: Աստուածաշունչը շատ պարզ կէրպով կ'ըսէ, որ մենք բոլորս ալ մեղանչած ենք: Ամէնքս ալ մեղաւոր ենք եւ Աստուծոյ ողորմութեան ու ներումի կարիքն ունինք (Տիտոս 3.5-7): Մեր մեղքերուն պատճառաւ մենք արժանի ենք յաւիտենական պատիժի (Մատթ. 25.46): Մեղաւորին աղօթքը խնդրանք մըն է ստանալու շնորհք, այլ ոչ թէ՝ դատապարտութիւն, ողորմութիւն, այլ ոչ թէ՝ բարկութիւն:

Մեղաւորի աղօթքին երկրորդ նշանակութիւնը գիտնալն է, թէ Աստուած ի՞նչ ըրած է, փրկելու մեզի մեր թշուառ ու մեղաւոր վիճակէն: Աստուած մարմնացաւ, մարդացաւ Յիսուս Քրիստոսի անձին մէջ (Յովհ. 1.1,14): Յիսուս կը սորուեցնէր ճշմարտութիւնը Աստուծոյ մասին եւ արդար ու անմեղ կեանքով կ'ապրեր (Յովհ. 8.46, Բ Կորն. 5.21): Յիսուս, խաչին վրայ մեռնելով, կրեց այն պատիժը, որուն մենք էինք արժանի (Հռովմ. 5.8): Յիսուս յարութիւն առաւ մեռելներէն եւ ապացուցեց, որ յաղթած է մեղքին, մահուն եւ դժոխքին (Կողոս. 2.15,Ա Կորն. 15 գլ.): Որպէս արդիւնք այս ամէնուն, մենք կրնանք մեր մեղքերուն համար թողութիւն եւ Դրախտին մէջ յաւիտենական կեանքին պարգեւը ստանալ, բայց միայն, եթէ կը հաւատանք Յիսուս Քրիստոսին: Պէտք է հաւատանք, որ Անիկա մեռաւ մեր փոխարէն եւ յարութիւն առաւ մեռելներէն (Հռովմ. 10.9-10): Մենք կրնանք փրկուիլ միայն շնորհքով, Յիսուս Քրիստոսին վրայ ունեցած հաւատքին միջոցաւ: Եփես. 2.8-ը կը յայտարարէ. «Վասն զի շնորհքով փրկուած էք դուք հաւատքի միջոցով եւ այս՝ ոչ թէ ձեզմէ է, հապա Աստուծոյ պարգեւն է.»:

Մեղաւորի աղօթքին արտասանութիւնը պարզապէս միջոց մըն է՝ արտայայտելու Աստուծոյ առջեւ, որ կ'ընդունես Յիսուս Քրիստոսը, որպէս քո Փրկիչը: «Կախարդական» խօսքեր չկան, որոնք փրկութիւն կը պարգեւեն: Միայն Յիսուս Քրիստոսին վրայ ունեցած հաւատքը կրնայ քեզի քո մեղքերէն փրկիլ: Եթէ կը գիտակցես, որ դուն մեղաւոր ես եւ կարիքն ունիս Յիսուս Քրիստոսին միջոցաւ փրկուելու, մենք հոս ներկայացուցած ենք մեղաւորին աղօթքը, որը կրնաս ըսել Աստուծոյ առջեւ:

«Աստուած իմ, գիտեմ, որ մեղաւոր մէկն եմ Քո առջեւ եւ արժանի՝ պատժուելու: Բայց Յիսուս Քրիստոս ընդունեց այն պատիժը, որ ես պիտի կրէի, որպէս զի Անոր վրայ ունեցած իմ հաւատքովը ինծի ներուի: Ես կը դառնամ իմ մեղքերէն եւ իմ փրկութիւնը Քեզի կը վստահիմ: Շնորհակալ եմ Քո հիասքանչ շնորհիդ, ներումին եւ յաւիտենական կեանքի պարգեւին համար: Ամէն:»

Հոս կարդացածդ բերա՞ւ քեզի որոշումի մը, որ ընդունես Քրիստոսը: Եթէ քո պատասխանը «այո» է, սեղմէ «Այսօր Քրիստոսը ընդունեցի» կոճակին վրայ:



Վերադարձիր յիմնական էջը հայերէնով



Ի՞նչ է մեղաւորին աղօթքը: