Աստուածաշունչին համաձայն ձեռնաշարժութիւնը մե՞ղք է:




Հարց. Աստուածաշունչին համաձայն ձեռնաշարժութիւնը մե՞ղք է:

Պատասխան.
Աստուածաշունչին մէջ ոչ մէկ տեղ չի խօսուիր ձեռնաշարժութեան մասին, ոչ ալ կ'ըսուի մեղք է, թէ՞ ոչ: Փաստը, որ Աստուածաշունչին մէջ չի խօսուիր, չի նշանակէ, որ ձեռնաշարժութիւնը բարի բան մըն է: Աստուածաշունչը կ'ըսէ, որ մենք, որպէս քրիստոնեաներ, չպէտք է ընենք բան մը, որը նոյնիսկ մոտ է սեռական անմաքրութեանը (Եփես. 5.3): Չեմ կարծեր, որ ձեռնաշարժութիւնը անանք բան մը չէ: Բան մը ստուգելու համար, արդեօք մեղք է, թէ՞ ոչ, պէտք է խորհինք, թէ հպարտորէն պիտի պատմէի՞նք անոր համար ուրիշներուն առջեւ: Եթէ անիկա բան մըն է, որուն համար պիտի ամչնանք, հաւանաբար խօսքը մեղքի մը մասին է: Հասկնալու ուրիշ կէրպ մըն ալ կայ: Արդեօք մաքուր խիղճով եւ յայտնի կէրպով կրնանք խնդրել Աստուծոյ, որ տուեալ արարքը օրհնէ եւ գործածէ Իր նպատակներուն համար: Չեմ կարծեր, որ ձեռնաշարժութիւնը բան մըն է, որուն համար կրնանք հպարտանալ կամ ալ անկեղծորէն Աստուծմէ գոհանալ:

Աստուածաշունչը մեզի կը սորուեցնէ. «Ուրեմն՝ թէ՛ ուտէք, թէ՛ խմէք, եւ թէ՛ ինչ որ ընէք, ամէնը ըրէք Աստուծոյ փառքին համար» (Ա Կորն. 10.31): Նոյնիսկ, եթէ քիչ մը կը կասկածինք, որ բան մը Աստուածահաճոյ է, լաւ պիտի ըլլայ, եթէ անորմէ հրաժարինք: Վստահաբար, կրնանք լուրջ կասկած մը ունենալ ձեռնաշարժութեան Աստուածահաճոյ ըլլալուն համար: «... ամէն ինչ որ հաւատքով չէ՝ մեղք է» (Հռովմ. 14.23): Չեմ տեսներ, ինչպէս ձեռնաշարժութիւնը կրնայ փառաւորիլ Աստուծոյն: Չպիտի մոռնանք, որ Աստուած փրկած եւ Անոր կը պատկանին մեր մարմիններն ու հոգիները: «Չէ՞ք գիտեր թէ ձեր մարմինը տաճարն է Սուրբ Հոգիին՝ որ ձեր մէջն է. Զայն Աստուծմէ ստացաք, եւ դուք ձեզի չէք պատկանիր, քանի որ մեծ գինով մը գնուեցաք. Ուստի փառաւորեցէք Աստուած ձեր մամինին ու ձեր հոգիին մէջ, որոնք կը պատկանին Աստուծոյ» (Ա Կորն. 6.19-20): Այս մեծագոյն ճշմարտութիւնը կրնայ մեզի ցուցնել, թէ մեր մարմիններվ ո՞ւր կերթանք եւ ի՞նչ կ'ընենք: Այս ճշմարտութիւններու լոյսի ներքոյ վստահաբար կրնանք ըսել, որ Աստուածաշունչի համաձայն ձեռնաշարժութիւնը մեղք է: Չեմ կարծեր, որ ձեռնաշարժութիւնը Աստուծոյ հաճելի եւ ազնիւ արարք մըն է, որ անոր միջոցաւ կ'իշխենք մեր մարմիններուն վրայ:



Վերադարձիր յիմնական էջը հայերէնով



Աստուածաշունչին համաձայն ձեռնաշարժութիւնը մե՞ղք է: