Կեանք մահէն ետք
 

Արդեօ՞ք մահէն ետք կեանք կայ:




Հարց. Արդեօ՞ք մահէն ետք կեանք կայ:

Պատասխան.
Աստուածաշունչը կ'ըսէ. «Կնոջմէ ծնած մարդը կարճ կեանք ունի, որ թշուառութիւնով լեցուն է: Ծաղիկի պէս կ'ելլէ ու կը կտրուի ու շուքի պէս կը փախչի ու չի կենար: ... Եթէ մարդը մեռնի, պիտի կենդանանա՞յ արդեօք:» (Յոբ 14.1-2,14):

Յոբին պէս գրեթէ բոլորս ալ այս նոյն հարցը տուած ենք: «Մահէն ետք ճիշտ ի՞նչ պիտի ըլլայ մեզի հետ»: Արդեօ՞ք պարզապէս կը դադարենք գոյութիւն ունենալէն: Արդեօ՞ք կեանքը կը նմանի պտտուող դուռի մը, որով կու գանք եւ կ'երթանք այս աշխարհէն, մինչեւ որ մեծ մէկը ըլլանք: Բոլոր մարդիկը նո՞յն, թէ տարբէր տեղ մը կ'երթան: Դրախտ եւ դժոխք իրականութեան մէջ գոյութիւն ունի՞ն, թէ անոնք միայն մտաւոր վիճակներ են:

Աստուածաշունչը մեզի կ'ըսէ, որ ոչ միայն մահէն ետք կեանք կայ, այլեւ որ յաւիտենական կեանք կայ, որը այնքան փառաւոր է, որ «Այն բաները որոնք աչք չէ տեսեր եւ ականջ չէ լսեր ու որոնք մարդու սրտին մէջ չեն ինկեր, Աստուած զինք սիրողներուն պատրաստեց.» (Ա Կորն. 2.9): Յիսուս Քրիստոս, մարմնացեալն Աստուած, աշխարհ եկաւ, որ մեզի յաւիտենական կեանքին պարգեւը տայ: «Անիկա մեր մեղքերուն համար վիրաւորուեցաւ եւ մեր անօրէնութիւններուն համար ծեծուեցաւ: Մեր խաղաղութեան պատիժը անոր վրայ եղաւ եւ անոր վէրքերովը մենք բժշկուեցանք.» (Եսայի 53.5):

Յիսուս Իր վրայ առաւ այն պատիժը, որը մեզմէ ամէն մէկը արժանի է, եւ մեզի համար Իր կեանքը պատարագեց: Մահէն երեք օր ետքը մեռելներէն յարութիւն առնելով, Անիկա կ'ապացուցէ, որ յաղթած է մահուանը: Քառասուն օրեր շարունակ կը մնայ երկրին վրայ եւ, միչեւ Երկինք՝ դէպի յաւիտենական գահը համբարձուիլը, հազարաւոր մարդիկ Անոր կը տեսնեն: Հռովմ. 4.25-ին մէջ կ'ըսուի. «մեր յանցանքներուն համար մատնուեցաւ եւ մեզ արդարացնելու համար յարութիւն առաւ.»:

Յիսուս Քրիստոսին Յարութիւնը հստակ կէրպով վաւերագրուած իրադարձութիւն է: Պողոս առաքեալ կոչ կ'ընէ մարդոց այս բանին համար հարցնելու անոնց, որոնք վկայ են եղած Անոր Յարութեան ճշմարտացիութեանը, եւ ոչ ոք չէ հերքած այս ճշմարտութիւնը: Յարութիւնը քրիստոնէական կրօնի անկիւնաքարն է: Եւ քանի որ Յիսուս յարութիւն է առել մեռելներէն, կը հաւատանք, որ մենք ալ յարութիւն պիտի առնենք:

Ահա ինչպէս Պողոս կը յորդորէ նախնական եկեղեցւոյ այն հաւատացեալներուն, որոնք չէին հաւատար յարութեանը. «Ուրեմն եթէ Քրիստոս կը քարոզուի, որ մեռելներէն յարութիւն առած է, ինչպէ՞ս ձեզմէ մէկ քանիները կ'ըսեն թէ՝ «Մեռելներուն յարութիւն չկայ»: Եթէ մեռելներուն յարութիւն չկայ, ուրեմն Քրիստոս ալ յարութիւն առած չէ.» (Ա Կորն. 15.12-13):

Քրիստոս միայն առաջին պտուղն է մարդոց այն մեծ հունձքին, որոնք մեռելներէն յարութիւն պիտի առնին: Մարմնաւոր մահը մէկ մարդու՝ Ադամին միջոցաւ եկաւ, որուն հետ մենք բոլորս ալ արիւնակից ենք: Բայց բոլոր անոնց, որոնք Յիսուս Քրիստոսին վրայ ունեցած հաւատքին միջոցաւ որդեգրուած են Աստուծոյ ընտանիքի մէջ, նոր կեանք պիտի տրուի (Ա Կորն. 6.14):

Թէեւ, վերջին հաշուով, բոլորն ալ յարութիւն պիտի առնին, բայց ոչ բոլորը Դրախտ պիտի երթան: Ամէն մարդ պէտք է որոշում մը առնէ, քանի դէռ երկրի վրայ է, թէ ո՞ւր կ'ուզէ անցնել յաւիտենականութիւնը: Աստուածաշունչը կ'ըսէ, որ ամէն մարդ միայն անգամ մը կը մեռնէ, որմէ ետքը անոր դատաստանը կը սպասուի (Եբր. 9.27): Անոնք, որ արդար են եղած, յաւիտեանս Դրախտին մէջ պիտի ապրին, իսկ անհաւատները պիտի ղրկուին յաւիտենական պատժին մէջ, այն է՝ Դժոխքը (Մատթ. 25.46):

Դժոխքը, Դրախտին պէս, պարզապէս գոյութեան վիճակ մը չէ, այլ հստակ, բացարձակապէս իրական վայր մըն է: Այն վայր մըն է, ուր մեղաւորները պիտի կրեն Աստուծոյ անվէրջանալի եւ յաւիտենական բարկութիւնը: Անոնք պիտի ենթարկուին զգացմունքային, մտաւոր եւ ֆիզիկական չարչարանքի, եւ ամբողջական գիտակցութեամբ ամօթէն, զղջումէն ու արհամարհանքէն պիտի տանջուին:

Դժոխքը կը նկարագրուի, որպէս անդունդ (Ղուկ. 8.31, Յայտ. 9.1), որպէս ծծումբէ եւ կրակէ լիճ մը, որտեղ նետուածները օր ու գիշեր յաւիտեանս պիտի չարչարուին (Յայտ. 20.10): Դժոխքին մէջ լաց ու ակռաներու կրճտոց պիտի ըլլայ, որը նշան է մեծ նեղութեան եւ բարկութեան (Մատթ. 13.42): Այն վայր մըն է, ուր «անոնց որդը չի մեռնիր ու կրակը չի մարիր.» (Մարկ. 9.47): Աստուած չի հաճիր մեղաւորին մահը, այլ կ'ուզէ, որ անիկա դառնայ իր ճամբայէն ու ապրէ (Եզեկ. 33.11): Բայց Անիկա ուժով չի ստիպէր մեզի, որ Իրէն ենթարկուինք: Եթէ որոշենք հրաժարիլ Անորմէ, Ինքը այլ ընտրութիւն չունէ, քան տայ մեզի այն, ինչը մենք ինքներս ուզած ենք. Ապրիլ Անորմէ առանձին:

Կեանքը աշխարհին մէջ փորձութիւն մըն է, պատրաստութիւն մը այն բանին, ինչը մեզի կը սպասէ: Հաւատացեալներուն համար այն յաւիտենական կեանքն է Աստուծոյ անմիջական ներկայութեան մէջ: Եւ այսպէս, ինչպէ՞ս կրնանք արդարանալ եւ ստանալ յաւիտենական կեանքը: Միայն մէկ ճամբայ մը կայ. Աստուծոյ Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսին վրայ ունեցած հաւատքին միջոցաւ: Յիսուս կ'ըսէ. «Ես եմ յարութիւնն ու կեանքը: Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէեւ մեռնի՝ պիտի ապրի. Եւ ան որ կենդանի է ու ինծի կը հաւատայ, յաւիտեան պիտի չմեռնի.» (Յովհ. 11.25-26):

Յաւիտենական կեանքին պարգեւը բոլորին ալ տրուած է, սակայն կը պահանջուի, որ հրաժարինք որոշ աշխարհիկ հաճոյքներէն եւ տրուինք Աստուծոյն: «Ան որ Որդիին կը հաւատայ, յաւիտենական կեանքն ունի եւ ան որ Որդիին չի հնազանդիր, անիկա կեանքը պիտի չտեսնէ, հապա Աստուծոյ բարկութիւնը անոր վրայ պիտի ըլլայ.» (Յովհ. 3.36): Մենք մեր մեղքերուն համար չպիտի կրնանք ապաշխարիլ մեր մահէն ետքը, որովհետեւ երբ երես առ երես հանդիպենք Աստուծոյ հետ, ուրիշ ընտրութիւն չպիտի ունենաք, քան հաւատալ Անոր: Անիկա կ'ուզէ, որ հաւատանք եւ սիրենք Զինքը հիմա: Եթէ ընդունենք, որ Յիսուս Քրիստոսին մահը կը վճարէ գինը, որը պիտի վճարուի, Աստուծոյ հանդէպ մեր անհնազանդութեան համար, Անիկա կ'երաշխաւորէ ոչ միայն իմաստաւորուած կեանք հոս՝ երկրին վրայ, այլ նաեւ յաւիտենական կեանք Քրիստոսի ներկայութեան մէջ:

Եթէ կ'ուզես ընդունիլ Յիսուս Քրիստոսը, որպէս քո Փրկիչը, հոս քեզի կը ներկայացնինք աղօթք մը: Թէ՛ այս, կամ թէ՛ ուրիշ աղօթք մը չեն կրնայ քեզի փրկիլ: Միայն Յիսուս Քրիստոսին վրայ ունեցած հաւատքը կրնայ քեզի քո մեղքերէն փրկիլ: Այս աղօթքը միայն միջոց մըն է, որ ցուցնես քո հաւատքը Աստուծոյ հանդէպ եւ շնորհակալութիւն յայտնես այն փրկութեանը համար, որ Անիկա քեզի կ'ընծայէ:

«Աստուած իմ, գիտեմ, որ մեղաւոր մէկն եմ Քո առջեւ եւ արժանի՝ պատժուելու: Բայց Յիսուս Քրիստոս ընդունեց այն պատիժը, որ ես պիտի կրէի, որպէս զի Անոր վրայ ունեցած իմ հաւատքովը ինծի ներուի: Ես կը դառնամ իմ մեղքերէն եւ իմ փրկութիւնը Քեզի կը վստահիմ: Շնորհակալ եմ Քո հիասքանչ շնորհիդ, ներումին եւ յաւիտենական կեանքի պարգեւին համար: Ամէն:»

Հոս կարդացածդ բերա՞ւ քեզի որոշումի մը, որ ընդունես Քրիստոսը: Եթէ քո պատասխանը «այո» է, սեղմէ «Այսօր Քրիստոսը ընդունեցի» կոճակին վրայ:



Վերադարձիր յիմնական էջը հայերէնով



Արդեօ՞ք մահէն ետք կեանք կայ: