Ի՞նչ կ'ըսէ Աստուածաշուչնը արուամոլութեան մասին: Մե՞ղք է արուամոլութիւնը:
Հարց. Ի՞նչ կ'ըսէ Աստուածաշուչնը արուամոլութեան մասին: Մե՞ղք է արուամոլութիւնը:
Պատասխան.
Աստուածաշունչին մէջ յաջորդաբար կը խօսուի այն մասին, որ արուամոլութիւնը մեղք է (Ղեւտ. 19.1-13, 18.22, Հռովմ. 1.26-27, Ա Կորն. 6.9): Հռովմ. 1.26-27-ը մեզի շատ հստակ կը սորուեցնէ, որ արուամոլութիւնը յետեւանք է Աստուծմէ հրաժարելու եւ Անոր հանդէպ անհնազանդութեան: Աստուածաշունչը կ'ըսէ, որ երբ մարդը կը շարունակէ մեղքեր գործիլ եւ անհաւատութեան մէջ մնալ, Աստուած անոր «կը յանձնէ» ալ աւելի անամաքուր եւ անառակ մեղքերու, որպէսզի ցուցնէ Աստուծմէ առանձնացած կեանքին անիմաստութիւնն ու անյուսալիութիւնը: Ա Կորն. 6.9-ը կը յայտարարէ, որ «արուամոլները» Աստուծոյ թագաւորութիւնը պիտի չժառանգին:
Աստուած մարդը արուամոլ ցանկութիւններով չի ստեղծեր: Աստուածաշունչը կ'ըսէ, որ մարդը մեղքին պատճառաւ (Հռովմ. 1.24-27) եւ վէրջ ի վէրջոյ իր անձնական ընտրութեամբը արուամոլ կ'ըլլայ: Կրնայ ըլլայ ոեւէ մէկը ծնուի արուամոլութեան հանդէպ աւելի մեծ յակուածութեամբ, ինչպէս օրինակ ոմանք կը ծնուին բռնութեան կամ ուրիշ մեղքերու հանդէպ աւելի մեծ յակուածութեամբ: Ասիկա մարդու մը համար, որը կ'ընտրէ մեղքը, տրուելով իր մեղաւոր ցանկութիւններուն, արդարացում մը չէ: Միթէ՞ ճիշտ պիտի ըլլայ, եթէ մէկը ծնուի բարկութեան եւ զայրոյթի հանդէպ յակուածութեամբ եւ տրուի իր այդ ցանկութիւններուն: Իհարկէ, ո՛չ: Նոյնն է նաեւ արուամոլութեան պարագային:
Աստուածաշունչը չի ըսէր, որ արուամոլութիւնը ուրիշ մեղքերէ «աւելի մեծ» մեղք մըն է: Բոլոր մեղքերն ալ զզուելի են Աստուծոյն: Արուամոլութիւնը այն բոլոր մեղքերէն մէկն է, որոնք թուարկուած են Ա Կորն. 6.9-10, որոնք նաեւ կը խանգարին մտնելու Աստուծոյ Արքայութիւնը: Յամաձայն Աստուածաշունչի արուամոլները Աստուծմէ թողութիւն կրնան ստանալ այնպէս, ինչպէս շնացողները, կռապաշտները, մարդասպանները, գողերը եւ այլոք: Աստուած նաեւ կը խոստանայ յաղթանակ մեղքին հանդէպ, այդ թուին նաեւ՝ արուամոլութեան, բոլոր անոնց, որոնք կը հաւատան Քրիստոսին իրենց փրկութեանը համար (Ա Կորն. 6.11, Բ Կորն. 5.17):
Վերադարձիր յիմնական էջը հայերէնով
Ի՞նչ կ'ըսէ Աստուածաշուչնը արուամոլութեան մասին: Մե՞ղք է արուամոլութիւնը:
|