Լեզուներ խօսելուն պարգեւը
 

Ի՞նչ կը ներկայացնէ լեզուներ խօսելուն պարգեւը: Լեզուներ խօսելուն պարգեւը այսօր գոյութիւն ունէ՞:




Հարց. Ի՞նչ կը ներկայացնէ լեզուներ խօսելուն պարգեւը: Լեզուներ խօսելուն պարգեւը այսօր գոյութիւն ունէ՞:

Պատասխան.
Աստուածաշունչին մէջ նկարագրուած լեզուներ խօսելուն առաջին դէպքը, Պենտեկոստէի տօնին է. Գործք 2.1-4-ին մէջ: Առաքեալները կ'երթան եւ կը փոխանցեն Աւետարանը մարդոց ահռելի խումբի մը, ժողուած տօնին համար, անոնց խոսելով իրենց լեզուներովը. «Կը լսենք որ մեր լեզուներով կը պատմեն Աստուծոյ մեծամեծ բաներու մասին» (Գործք 2.11): Ասոր համար ալ կը կարծուի, որ լեզուներ խօսելուն պարգեւը կ'արտայայտուի անով, որ կը խօսուի լեզուով մը, որը խօսողը չի հասկնայ, որպէսզի ծառայէ մէկուն, որը կը խօսէ այդ լեզուովը: Ա Կորն. 12-14 գլուխները, ուր Պօղոս կը քննարկէ հրաշագործ պարգեւները, կ'ըսուի. «Հիմա, եղբայրներ, եթէ ես ձեզի գամ լեզուներ խօսելով, ի՞նչ օգուտ պիտի ունենամ ձեզի՝ եթէ չխօսիմ ձեզի կամ յայտնութիւնով, կամ գիտութիւնով, կամ մարգարէութիւնով, կամ վարդապէտութիւնով» (Ա Կորն. 14.6): Պօղոս առաքեալին համաձայն եւ Գործքին մէջ ըրուած նկարագրութեան համապատասխան լեզուներ խօսիլը արժէք ունէ, երբ մարդը Աստուծոյ պատգամը իր լեզուովը կը լսէ, եւ անօգուտ է բոլոր մնացածներուն համար, եթէ չի բացատրուի, այն է՝ թարգմանուի:

Ով լեզուները թարգմանելու պարգեւն է ունեցած (Ա Կորն. 12.30), կրցած է հասկնալ, թէ ի՞նչ է ըսել լեզուներ խօսողը, նոյնիսկ եթէ չէ գիտցած համապատասխան լեզուն: Թարգմանողը լեզուներ խօսողին պատգամը հանձնած է միւսներուն, որպէսզի անոնք ալ հասկնան. «Անոր համար ան որ օտար լեզուով կը խօսի, աղօթք թող ընէ որ թարգմանէ ալ» (Ա Կորն. 14.13): Եզրակացութիւնը, որ Պօղոս կ'ընէ չթարգմանուած լեզուներուն համար, միանշանակ է. «Բայց եկեղեցիին մէջ կ'ուզեմ հինգ խօսք մտառութեամբ խօսիլ, որպէս զի ուրիշներուն ալ սորվեցնեմ, քան թէ բիւրաւոր խօսքեր՝ օտար լեզուներով» (Ա Կորն. 14.19):

Լեզուներ խօսելուն պարգեւը այսօր գոյութիւն ունէ՞: Ա Կորն. 13.8-ին մէջ կը յիշատակուի, որ լեզուներ խօսելուն պարգեւը պիտի դադարէ, թէեւ անոր դադարիլը կապուած է «կատարեալին» գալուն հետ Ա Կորն. 13.10-ին մէջ: Ոմանք կը ցուցնեն, որ բայական ժամանակին մէջ տարբերութիւն կայ, որը կը գործածուի կապուած մագարէութիւններու, գիտութեան եւ լեզուներուն հետ, եւ ասիկա որպէս ապացոյց կ'օգտագործեն, թէ լեզուներ խօսելուն պարգեւը «կատարեալին» գալէն առաջ պիտի դադարին: Թէեւ կրնայ ըլլայ, ասիկա բան մը չէ, որը կարելի է յիմնաւոր կէրպով միանշանակորէն պնդիլ: Ուրիշներ կը ցուցնեն հատուածներ, ինչպիսիք են Ես. 28.11-ը եւ Յովէլ 2.28-29-ը որպէս ապացոյց, որ լեզուներ խօսիլը Աստուծոյ մոտեցող դատաստանի նշանն է: Ա Կորն. 14.22-ը կը նկարագրէ լեզուները որպէս «նշան անհաւատներուն համար»: Այս փաստերուն համաձայն, լեզուներ խօսելուն պարգեւը նախազգուշացում մըն է հրեաներուն համար, որ Աստուած պիտի դատէ Իսրայէլին այն բանի համար, որ մերժած է Յիսուս Քրիստոսը, որպէս Մեսիա: Ահա ինչու, երբ Աստուած իսկապէս կը դատապարտէ Իսրայէլը (70-ական թուականներուն հռոմեացիներուն կողմէ Երուսաղէմին կործանման միջոցաւ), լեզուներ խօսելուն պարգեւը այլեւս չի կրնայ իր նպատակին ծառայիլ: Թէեւ ասիկա հնարաւոր է, սակայն փաստը, որ լեզուներ խօսելուն պարգեւը իրագործած է իր գլխաւոր նպատակը, չի նշանակէ, որ այս պարգեւը դադրած է գոյութիւն ունենալէն: Սուրբ Գիրքը հաստատապէս չի պնդէ, որ լեզուներ խօսելուն պարգեւը վերականգնուած է:

Միեւնոյն ատեն, եթէ եկեղեցիին մէջ լեզուներ խօսելուն պարգեւը կը գործէ նաեւ այսօր, այն պէտք է գործածիլ Սուրբ Գիրքին համապատասխան: Պէտք է խօսիլ ճշմարիտ եւ հասկնալի լեզուով (Ա Կորն. 14.10): Լեզուներ խօսելուն նպատակը պէտք է ըլլայ օտար լեզուով խօող մարդոցը փոխանցիլ Աստուծոյ Խօսքը (Գործք 2.6-12): Պէտք է գործածիլ այն պատուիրանին համաձայն, որը Աստուած Պօղոս առաքեալին միջոցաւ կու տայ. «Եթէ մէկը օտար լեզու կը խօսի, կամ երկու հոգի, կամ՝ երեք հոգի ըլլան, այն ատեն մէկիկ մէկիկ թող խօսին ու մէկը թող թարգմանէ: բայց եթէ թարգմանող չըլլայ, եկեղեցիին մէջ լուռ թող կենան եւ Աստուծոյ հետ խօսին» (Ա Կորն. 14.27-28): Պէտք է իրագործուի Ա Կորն. 14.33-ը. «Վասն զի Աստուած խռովութեան Աստուած չէ, հապա խաղաղութեան, ինչպէս սուրբերուն բոլոր եկեղեցիներուն մէջ»:

Աստուած վստահաբար կրնայ ոեւէ մէկուն լեզուներ խօսելուն պարգեւը տալ, որպէսզի անիկա կարողութիւն ունենայ հաղորդակցուիլ անոր հետ, որը օտար լեզուով կը խօսէ: Սուրբ Հոգին ինքնիշխան է հոգեւոր պարգեւները բաժնելուն մէջ (Ա Կորն. 12.11): Երեւակայեցէք, թէ որքան արդիւնաւէտ պիտի ըլլային միսիոներները, եթէ պէտքութիւնը չունենային լեզուական դպրոցներ երթալու, այլ մէկէն սկսէին մարդոցը խօսիլ անոնց լեզուներովը: Սակայն ինչպէս կ'երեւի, Աստուած անանք չի գործէ: Մեր օրերուն մէջ կարծես լեզուները չեն յայտուիր այն տէսքով, ինչպիսին յայտուած են նորկտակարանեան ժամանակներուն մէջ, անկախ այն բանէն, որ այն բացառիկ օգտակար պիտի ըլլար: Հաւատացեալներու ահռելի բազմութիւն մը, որոնք կը վստահեցնեն, որ լեզուներ խօսելուն պարգեւը ունին, վերոյիշեալ Աստուածաշունչի համարներուն համաձայն չեն գործածէ: Այս փաստերէն կրնանք եզրակացութիւն ընել, լեզուներ խօսելուն պարգեւը կամ այլեւս գոյութիւն չունէ, կամ ալ այսօր եկեղեցիին մէջ այն շատ հազուադէպ կը հանդիպէ:

Անոնք, որոնք կը հաւատան, որ այս պարգեւը կը գործածուի որպէս «աղօթքի լեզու» ինքնակատարելագործումի համար, յիմք ունին Ա Կորն. 14.4-ը կամ 14.28-ը. «Ան որ օտար լեզուով կը խօսի՝ իր անձին շինութիւն կ'ընէ ու ան որ կը մարգարէանայ՝ եկեղեցիին շինութիւն կ'ընէ»: Ամբողջ 14-րդ գլուխին մէջ Պօղոս ահռելի ուշադրութիւն կը դարձնէ լեզուները թարգմանելուն վրայ (14.5-12): Պօղոս իրականութեան մէջ 4-րդ համարին մէջ կ'ըսէ. «Եթէ լեզուներ կը խօսիք առանց թարգմանելու, դուք կը կատարելագործէք ինքզինքնիդ, եւ այս կէրպով միւսներէն աւելի հոգեւոր տեսք կ'ընդունիք, Սակայն եթէ լեզուներ կը խօսիք եւ այն կը թարգմանուի, այն ատեն ամենուն կը կատարելագործէք»: Նոր Կտակարանին մէջ ոեւէ տեղ «լեզուներով աղօթքին» մասին հստակ խորհուրդ մը չի կայ: Ոեւէ տեղ չի ըսուի ինչ է «լեզուներով աղօթքին» նպատակը, ոչ ալ կը նկարագրուի հստակ մէկը, որը «լեզուներով կ'աղօթէ»: Ասկէ զատ, եթէ «լեզուներով աղօթիլը» ինքնակատարելագործումի համար է, մի՞թէ անարդարութիւն մը չէ անոնց հանդէպ, որոնք չունին այս պարգեւը եւ յետեւաբար չեն կրնայ կատարելագործուիլ: Ա Կորն. 12.29-30-ին մէջ պարզ կ'ըսուի, որ ոչ ամէնը լեզուներ խօսելուն պարգեւը ունին:



Վերադարձիր յիմնական էջը հայերէնով



Ի՞նչ կը ներկայացնէ լեզուներ խօսելուն պարգեւը: Լեզուներ խօսելուն պարգեւը այսօր գոյութիւն ունէ՞: