Աստուածաշունչ շահութախաղ
 
 

Ի՞նչ կ'ըսուի Աստուածաշունչին մէջ շահութախաղի մասին:



Հարց. Ի՞նչ կ'ըսուի Աստուածաշունչին մէջ շահութախաղի մասին:

Պատասխան.
Շահութախաղի վերաբերեալ կարելի պիտի ըլլայ յետեւեալ բնորոշումը տալ. «Դրամի համարձակ ներդրում, որու միջոցաւ կը փորձուի այն բազմացնիլ, նկատի առնելով, որ ադոր յաւանականութիւնը շատ քիչ է»: Աստուածաշունչին մէջ կոնկրէտ շահութախաղը, գրաւադնումը կամ վիճակախաղը չի դատապարուէ: Սակայն Աստուածաշունչը մեզի կ'զգուշացնէ հեռու կենալ արծաթասիրութիւնէ (Ա Տիմ. 6.10, Եբր. 13.5): Սուրբ Գիրքը նաեւ մեզի կը քաջալերէ, որ չփորձինք արագ կէրպով «հարստանալ» (Առակ. 13.11, 23.5, Ժող. 5.10): շահութախաղը միանգամայն կը կենտրոնանայ դրամին հանդէպ սիրոյ վրայ եւ ոեւէ մէկը չի կրնայ ժխտիլ, որ մարդոցը կը գայթակղէ արագ եւ դիւրութեամբ հարստանալու խոստումով:

Ո՞րն է շահութախաղի խնդիրը: Շահութախաղը դժուար նիւթ մըն է, քանի որ, եթէ կը խաղացուի զսպուածութեամբ եւ միայն ժամանակ առ ժամանակ, այն ատենը միայն դրամ կը վատնուի, ինչը ոչ միշտ է «անազնիւ» բան մը: Մարդիկը իրենց դրամները կը վատնեն շատ տարբէր բաներուն վրայ: Շահութախաղը աւելի կամ պակաս դրամի վատնում մը չէ, քան ֆիլմ դիտելը (շատ պարագաներուն մէջ), անարժան սուղ կերակուր ուտիլը կամ անպէտք իրեր գնիլը: Միեւնոյն ատեն փաստը, որ դրամ կը վատնին այլ բաներու համար, չի արդարացնէ շահութախաղը: Դրամները չպէտք է վատնուին: Աւելցած դրամները պէտք է խնայուին, որպէսզի հետագային գործածուին Տէրոջ գործին պէտքերուն համար, այլ ոչ թէ վատնուին:

Շահութախաղը Աստուածաշունչին մէջ: Թէեւ Աստուածաշունչին մէջ բառացիորէն չի խօսուի շահութախաղի մասին, սակայն Անոր մէջ կը յիշատակուի դրամի մասին, որը կը շահուի «բախտի բերումով» կամ ալ «պատահաբար»: Ինչպէս օրինակ վիճակ նետիլը կը գործածուի Ղեւտացիներու գիրքին մէջ, որպէսզի ընտրուի պատարագի նոխազը եւ ազատ արձակումի նոխազը: Յեսուն վիճակ կը նետէ, որպէսզի բաժնէ երկիրը առանձին ցեղերու միջեւ: Նեէմիան վիճակ կը նետէ, որպէսզի որոշէ ով պէտք է ապրի Երուսաղեմին մէջ եւ ով՝ ոչ: Առաքեալները վիճակ կը նետեն, որպէսզի հասկնան ով պէտք է փոխարինէ Յուդային: Առակ. 16.33-ին մէջ կ'ըսուի. «Վիճակը ծոցը կը ձգուի, բայց անոր ամէն կարգադրութիւնը Տէրոջմէն է»: Աստուածաշունչին մէջ ոեւէ տեղ շահութախաղը կամ «պատահականութիւնը» չի գործածուի հաճոյքի մը համար, ոչ ալ կը ներկայացուի, որ Աստուծոյ յետեւորդներու համար ընդունելի գործածութիւն է:

Խաղատուն եւ վիճակախաղ: Խաղատուները կը գործադրեն տարբէր մարկէտինգային կառոյցներ, որոնց նպատակն է շահիլ հաճախորդներ, որոնք որքան կարելի է շատ դրամ պիտի ներդնեն: Անոնք հաճախ կ'առաջարկեն ոչ սուղ, նոյնիսկ անվճար ալքոհոլ, ինչը կը քաջալերէ յարբեցողութիւնը եւ կը նուազեցնէ իմաստուն որոշումներ առնելուն կարողութիւնը: Խաղատան մը մէջ ամէն բան կատարեալ կէրպով անանք է յարմարեցուած, որ գրաւ դնողներէն աւելի մեծ գումարներ առնուի, առանց փոխարէնը բան մը տալու, բացի անցաւոր եւ անբովանդակ հաճոյքներէն: Վիճակախաղերը փորձ կ'ընեն ներկայացնիլ որպէս կրթական կամ սոցիալական ծրագիրներ հովանաւորելու միջոցներ: Հետազոտութիւնները սակայն կը ցուցնեն, որ վիճակախաղի մասնակիցները սովորաբար անոնք են, որոնք ամենէն քիչը կարողութիւնը ունին վիճակախաղի տոմսակներուն համար դրամ տալ: «Արագ հարստանալուն» ծուղակը ահաւոր մեծ գայթակղութիւն է, որուն յուսալքուածները դժուարութեամբ պիտի կրնան դիմակայիլ: Շահելուն հնարաւորութիւնները նուազագոյն են, ինչի յետեւանքով շատ մարդոց կեանքերը կը կործանուին:

Ինչո՞ւ վիճակախաղը Աստուծոյն հաճելի չէ: Շատ մարդիկ կը պնդին, որ վիճակախաղի կամ շահութախաղերու կը մասնակցին, որպէսզի դրամները, որոնք կը շահին նուիրեն եկեղեցիին կամ ոեւէ այլ բարի նպատակի մը համար: Թէեւ ասիկա կրնայ ըլլայ բարի պատճառ մըն է, իրականութեան մէջ շատ քիչերն են, որ շահութախաղին շահումները կը գործածեն բարի նպատակներու համար: Յետազոտութիւնները կը ցուցնեն, որ վիճակախաղին մէջ շահածներուն մեծամասնութիւնը շահումէն քանի մը տարի ետքը ֆինանսապէս շատ աւելի գեշ վիճակի մը մէջ են, քան անկէ առաջ: Շատ քիչերը, եթէ բնաւ կան այդպիսիք, իսկապէս դրամ կու տան ոեւէ բարի գործի մը համար: Ասկէ զատ, Աստուած մեր դրամներին պէտքութիւնը չունէ, որպէսզի իրագործէ Իր առաքելութիւնը այս աշխարհին վրայ: Առակ. 13.11-ին մէջ կ'ըսուի. «Անիրաւութեամբ հաւաքուած հարստութիւնը պիտի պակսի, բայց իր աշխատութիւնով հաւաքողը պիտի շատցնէ»: Աստուած ինքնիշխան է եւ եկեղեցիին պէտքերը պիտի հոգայ ազնվութեամբ: Աստուծոյն պատիւ պիտի բերէ՞, եթէ Անոր գործին համար գործածուին դրամներ՝ շահուած թմրադեղերէն կամ ալ դրամատան կողոպուտէն: Աստուած պէտքութիւն չունէ եւ չի ցանկար դրամ, որոնք «գողցուած են» աղքատներէն՝ հարստանալու գայթակղութեան միջոցաւ:

Ա Տիմ. 6.10-ին մէջ կ'ըսուի. «Վասն զի բոլոր չարութիւններուն արմատը արծաթասիրութիւնն է, որուն մէկ քանիները անձնատուր ըլլալով՝ հաւատքէն մոլորեցան ու ինքզինքնին շատ ցաւերով խոցեցին»: Եբր. 13.5-ին մէջ կ'ըսուի. «Բարքերնիդ արծաթասէր չըլլայ, բաւական սեպեցէք որչափ բան որ ձեռքերնիդ կայ. Վասն զի ինք ըսաւ թէ՝ «Բնաւ քեզ պիտի չթողում ու բնաւ քեզ երեսէ պիտի չձգեմ»: Իսկ Մատթ. 6.24-ը կը յայտարարէ. «Մարդ մը չի կրնար երկու տիրոջ ծառայութիւն ընել. Վասն զի կամ մէկը պիտի ատէ եւ միւսը սիրէ, կամ մէկուն պիտի յարի եւ միսը պիտի արհամարհէ. Չէք կրնար ծառայել Աստուծոյ ու մամոնային (դրամը)»:



Վերադարձիր յիմնական էջը հայերէնով



Ի՞նչ կ'ըսուի Աստուածաշունչին մէջ շահութախաղի մասին: