Աստուածաշունչ ամուսնալուծութիււն կրկնամուսնութիւն
 

Ի՞նչ կ'ըսուի Աստուածաշունչին մէջ ամուսնալուծութեան եւ կրկնամուսնութեան մասին:




Հարց. Ի՞նչ կ'ըսուի Աստուածաշունչին մէջ ամուսնալուծութեան եւ կրկնամուսնութեան մասին:

Պատասխան.
Նախ, անկախ այն բանէն ի՞նչ է մարդուն տեսակէտը ամուսնալուծութեան վերաբերեալ, կարեւոր է յիշել Մաղ. 2.16ա-ին մէջ գրուած խօսքերը. «Քանզի Իսրայէլի Տէր Աստուածը կ'ըսէ, թէ Ինք կ'ատէ կին արձակելը ...»: Աստուածաշունչի յամաձայն Աստուծոյ նպատակն է ամուսնութիւնը յարատեւէ ամբողջ կեանքի ընթացքին: «Ուստի ալ երկուք չեն, հապա մէկ մարմին. Ուրեմն զայն որ Աստուած միաւորեց՝ մարդ թող չզատէ» (Մատթ. 19.6): Սակայն Աստուած գիտէ, որ ամուսնութեան մէջ կը մասնակցին երկու մեղաւոր մարդկային էակներ, յետեւաբար ամուսնալուծութիւններ պիտի ըլլան: Հին Կտակարանին մէջ Աստուած կարգադրած է քանի մը օրէնքներ, որոնք կը պաշպանեն ամուսնալուծուածներուն իրաւունքները, մասնաւորաբար կիներունը (Բ Օր. 24.1-4): Յիսուս կ'ըսէ, որ այս օրէնքները մարդոց խստասրտութեան պատճառաւ է տրուել, այլ ոչ թէ որովհետեւ Աստուած անանք է ուզած (Մատթ. 19.8):

Բանավէճը, թէ արդեօք Աստուածաշունչը կը թոյլատրէ ամուսնալուծութիւնը եւ կրկնամուսնութիւնը, կը վերաբերի Մատթ. 5.32-ին եւ 19.9-ին մէջ ըսուած Յիսուսի խօսքերուն: «Առանց պոռնկութեան պատճառի» արտայայտութիւնը միակ տեղն է Սուրբ Գրքին մէջ, ուր կարծես Աստուած կը թոյլատրէ ամուսնալուծութիւնը եւ կրկնամուսնութիւնը: Շատ մեկնիչներ կը խորհին, որ այս «բացառութիւնն ընող արտայայտութեան» մէջ պէտք է հասկնալ «դաւաճանութիւն» «նշանի» ժամանակաընթացքին: Հրեական աւանդութեան համաձայն կինը եւ այր-մարդը ամուսնացած են սեպուած, նոյնիսկ երբ միայն «նշանուած» են եղած: Յետեւաբար ամուսնալուծութեան միակ յիմնաւոր պատճառը «նշանին» այս ժամանակաշրջանին մէջ անբարոյականութեան դրսեւորումն է:

Սակայն, յունարէն բառը, որը կը թարգմանուի որպէս «ամուսնական անյաւատարմութիւն», կրնայ նշանակէ սեռական անբարոյականութեան ամէն տեսակ: Կրնայ նշանակէ անառակութիւն, մարմնավաճառութիւն, պոռնկութիւն եւ այլն: Ասոր համար ալ, ամենայն յաւանականութեամբ, Յիսուսին խօսքերը կը նշանակեն, որ ամուսնալուծութիւնը կը թոյլատրուէ, երբ առկայ է սեռական անբարոյականութիւն: Սեռական յարաբերութիւնները ամուսնական կեանքին անբաժանելի մասն են. «Երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան» (Ծննդ. 2.24, Մատթ. 19.5, Եփես. 5.31): Ասոր համար ալ այս կապին խախտումը, ամուսնութիւնէն դուրս սեռական յարաբերութեան յետեւանքով, կրնայ համարուիլ, որպէս ամուսնալուծումի թոյլատրելի պատճառ: Եթէ անանք է, ապա Յիսուս հոս կը խօսէ նաեւ կրկնամուսնութեան մասին: «Ուրիշ մը առնէ» (Մատթ. 19.9) արտայայտութիւնը կը ցուցնէ, որ ամուսնալուծութիւնը եւ կրկնամուսնութիւնը թոյլատրելի են այն պարագաներուն մէջ, երբ կը համընկնին այս բացառութիւն ընող արտայայտութեանը, անկախ այն բանէն, թէ ինչպէս զանիկա կը մեկնաբանուի: Կարեւոր է ուշադրութիւն դարձնել այն բանին, որ միայն անոր, որը չէ դաւաճանած իր կողակցին կը թոյլատրուի նորէն ամուսնանալ: Թէեւ յատուածին մէջ չի նշուիր, ամուսնալուծումէն ետք կրկնամուսնութեան թոյլատրութիւնը Աստուծոյ ողորմութիւնն է անոր հանդէպ, որուն դաւաճանած են, այլ ոչ՝ անոր, որը դաւաճանած է: Կրնայ դէպքեր ըլլան, երբ «մեղաւոր կողակցին» ալ կը թոյլատրուի ամուսնանալ, բայց հոս ասոր մասին չի խօսուէ:

Ոմանք Ա Կորն. 7.15-ը կը հասկնան որպէս «բացառութիւն», որը կը թոյլատրէ կրկնամուսնութիւնը, երբ անհաւատ կողակից մը ամուսնալուծուէ հաւատացեալէն: Սակայն այս համարին կոնտեքստին մէջ չի յիշատակուէ կրկնամուսնութեան մասին, այլ միայն կ'ըսուի, որ հաւատացեալը պարտական չէ շարունակելու իր ամուսնական կեանքը, եթէ անհաւատ կողակիցը կ'ուզէ անորմէ հեռանալ: Ուրիշներ կը պնդին, որ բռնութիւնն ալ (կողակցին կամ երեխայի մը հանդէպ) յիմնաւոր պատճառ մըն է ամուսնալուծումին համար, թէեւ Աստուածաշունչին մէջ այն գրուած չէ: Թէեւ կրնայ ըլլայ, որ ասիկա ճշմարիտ է, սակայն երբէք իմաստուն բան մը չէ Աստուծոյ Խօսքին կամակոր մեկնութիւնը:

Երբեմն, բացառութիւն ընող արտայատութեան շուրջ բանավէճին մէջ կորսուած, կը մոռնանք մէկ փաստ մը, որ ինչ ալ նշանակէ «ամուսնական անյաւատարմութիւնը», անիկա կը թոյլատրէ ամուսնալուծութիւնը, սակայն չի պարտադրէ: Նոյնիսկ, շնութեան պարագային, կրնայ ըլլայ, Աստուծոյ ողորմութեամբ, կողակիցները ներեն իրարու սկսին նորէն կառուցանել իրենց ամուսնական կեանքը: Աստուած մեզի որքան շատ ներած է: Մենք վստահաբար կրնանք յետեւիլ Անոր օրինակին եւ ներիլ շնութեան մեղքը (Եփես. 4.32): Սակայն շատ դէպքերում կողակիցը չի ապաշխարէ եւ կը շարունակէ իր սեռական անբարոյականութիւնները: Յաւանաբար ասիկա այն դէպքերէն մէկն է, ուր կրնանք գործածիլ Մատթ. 19.9-ը: Շատերը կը շտապին նորէն ամուսնանալ, ամուսնալուծութիւնէն ետքը, բայց կրնայ ըլլայ Աստուած կ'ուզէ, որ անոնք այրի մնան: Երբեմն Աստուած կը հրաւիրէ ոեւէ մէկուն, որ այրի մնայ, որպէսզի իր ամբողջ միտքը ուղղէ միայն Աստուծոյ վրայ (Ա Կորն. 7.32-35): Ամուսնալուծութիւնէն ետքը ուրիշին հետ ամուսնանալը կրնայ ըլլայ, որոշ իրավիճակներուն մէջ, միջոց մըն է, սակայն միակ կարելիութիւնը չէ:

Անհանգստացնող է, որ ամուսնալուծումներուն քանակը այն անձերուն մէջ, որոնք ինքզինքնին քրիստոնեայ կը կոչին, նոյնքան բարձր է, որքան անհաւատներուն մէջ: Աստուածաշունչէն բացարձակապէս պարզ կ'ըլլայ, որ Աստուած կ'ատէ ամուսնալուծութիւնը (Մալ. 2.16) եւ որ քրիստոնեային կեանքը պէտք է բնորոշուի խոնարհութիւնով եւ ներողամտութեամբ (Ղուկ. 11.4, Եփես. 4.32): Այնուամենայնիւ Աստուած կ'ընդունէ, որ ամուսնալուծութիւն կայ, նոյնիսկ Իր զաւակներուն մէջ: Ամուսնալուծուած կամ նորէն ամուսնացած հաւատացեալը չպէտք է Աստուծմէ աւելի քիչ սիրուած զգայ, նոյնիսկ եթէ ամուսնալուծութիւնը կամ կրկնամուսնութիւնը թելադրուած չէ եղած Մատթ. 19.9-ին բացառութիւն ընող արտայայտութիւնէն: Աստուած հաճախ կը գործածէ նոյնիսկ քրիստոնեաներուն սխալ անհնազանդութիւնը, որպէսզի հասնէ ոեւէ բացառիկ բարի բանի մը:



Վերադարձիր յիմնական էջը հայերէնով



Ի՞նչ կ'ըսուի Աստուածաշունչին մէջ ամուսնալուծութեան եւ կրկնամուսնութեան մասին: