Ի՞նչ կ'ըսուի Աստուածաշունչին մէջ դինոզավրերի մասին: Աստուածաշունչին մէջ բնաւ կը խօսուի՞ դինոզավրերի մասին:
Հարց. Ի՞նչ կ'ըսուի Աստուածաշունչին մէջ դինոզավրերի մասին: Աստուածաշունչին մէջ բնաւ կը խօսուի՞ դինոզավրերի մասին:
Պատասխան.
Աստուածաշունչին մէջ դինոզավրերուն նիւթը մաս մըն է քրիստոնեական շրջանակներուն մէջ շարունակական բանաւէճի մը երկրի տարիքի, Ծննդոց գրքին մեկնութեան շուրջ, ինչպէս նաեւ այն հարցին, թէ ինչպէս պէտք է մեկնաբանինք ֆիզիկական ապացոյցները, որոնք մեր օրերուն մէջ կը յայտնաբերուին: Անոնք, ովքեր կը հաւատան երկրի աւելի մեծ տարիքին յակուած են ընդունելու, որ Աստուածաշունչին մէջ դինոզավրերու մասին չի խօսուիր, որովհետեւ անոնց տրամաբանութեամբ, դինոզավրերը անյայտացած են առաջին մարդուն երկրի վրայ յայտնուելէն միլիոնաւոր տարիներ առաջ: Մարդիկ, ովքեր գրած են Աստուածաշունչը, դինոզավրեր չեն տեսած:
Իսկ անոնք, ովքեր կը հաւատան, որ երկիրը աւելի երիտասարդ է, յակուած են հաւատալու, որ Աստուածաշունչին մէջ կը յիշատակուի դինոզավրերու մասին, թէեւ չի գործածուէ ճիշտ «դինոզավր» բառը: Անոր փոխարէն կը գործածուի եբրայերէն tanniyn բառը: Այս բառը կը թարգմանուէ քանի մը տարբէր կէրպերով Աստուածաշունչի անգլերէն տարբէրակին մէջ. Երբեմն որպէս «ծովահրէշ», ուրիշ տեղ որպէս «օձ»: Ամենէն հաճախ կը թարգմանուի որպէս «վիշապ»: Կ'երեւի, որ tannyin բառը կը նշանակէ ինչ որ ահռելի սողունի տէսակ մը: Այս էակները Հին Կտակարանին մէջ կը յիշատակուին գրեթէ երեսուն անգամ եւ կը նկարագրուի, որ կը գտնուին ինչպէս երկրին վրայ, նոյնպէս ալ ջուրերուն մէջ:
Այս ահռելի սողուններէն զատ, Աստուածաշունչին մէջ կը նկարագրուին եւս երկու էակներ կէրպով մը, որ շատ գիտնականներ կը խորհին, որ կրնայ ըլլայ խօսքը դինոզավրերուն կը վերաբերէ: Կ'ըսուի, որ behemoth ամենէն զօրաւորն է Աստուծոյ բոլոր արարածներէն. Հսկայ մը, որուն պոչը կը նմանուի եղեւնիի (Յոբ 40.15,16): Որոշ գիտնականներ կը փորձեն behemoth-ը ներկայացնիլ որպէս փիղ կամ գետաձի: Ուրիշներ կը պնդեն, որ գետաձիերը շատ բարակ պոչեր ունին, որոնք ոչ մի կէրպ չեն կրնար համեմատուիլ եղեւնիին հետ: Միւս կողմէ դինոզավրեր, ինչպիսիք են բրախիոզավրը եւ դիպլոդոկը հսկայական պոչեր են ունեցած, որոնք դիւրութեամբ կարելի պիտի ըլլար համեմատիլ եղեւնիին հետ:
Գրեթէ բոլոր հնամեայ քաղաքակրթութիւններուն մէջ տեսակ մը մշակոյթ կայ, որը կը նկարագրէ հսկայական էակներու՝ սողուններու: Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ յայտնաբերուած տարբէր իրեր կը նմանուին դինոզավրերու ժամանակակից նկարագրութեանը: Հարաւային Ամերիկայի մէջ որմնապատկէրներ կը ներկայացնեն այր-մարդոց, որոնք հեծած են դիպլոդոկոնման էակներու: Զարմանալին այն է, որ այս պատկէրները ընդհանուր գիծեր ունին տրիցերատոպո-պտերոդակտիլո-տիրանոզավրո-ռեկսապատկէր էակներու հետ: Հռոմեական խճանկարները, մայերու քաղաքակրթութիւնէն կաւէ անոթները, ինչպէս նաեւ բաբելոնեան քաղաքային պարիսպները վկայութիւն մըն են այդ էակներուն հանդէպ մարդուն յետաքրքրութեան մասին, ինչը մշակոյթով կամ աշխարհագրական դիրքով պայմանաւորուած չեն: Իրական Պատմութիւններ, ինչպիսին են Մարկոյ Պօլոյին Il Milione -ը, կը խառնակուած են գազաններու մասին մտացածին գաղափարներով, որոնք կը պահպանին գանձերը: Այսօր ալ կը շարունակեն զեկոյցներ կարդալ նշմարուած նման էակներու մասին, թէեւ սովորաբար ասանք զեկոյցներու հանդէպ յարաբերութիւն շատ թերահաւատ է:
Մարդուն եւ դինոզավրերուն միատեղ գոյութեան մասին հնէաբանական եւ պատմական զգալի թիւով ապացոյցներուն որպէս աւելացում գոյութիւն ունեն նաեւ այլ ֆիզիկական ապացոյցներ ալ, ինչպէս օրինակ միեւնոյն տեղին մէջ մարդոց եւ դինոզավրերու ոտնահետքերը, յայտնաբերուած Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Արեւմտեան-կենտրոնական Ասիայի մէջ:
Վէրջին յաշուով Աստուածաշունչին մէջ դինոզավրեր գոյութիւն ունի՞ն: Տակաւին կարելի չէ հստակ պատասխան տալ այս հարցին: Կախում ունէ, թէ ինչպէս կը մեկնաբանինք ապացոյցները, որոնք ունինք եւ ինչպէս կը նայինք մեր շրջակայ աշխարհին: Հոս՝ www.GotQuestions.org, մենք կը հաւատանք երկրագունդին «աւելի երիտասարդ» տարիքին եւ կ'ընդունինք, որ դինոզավրերը եւ մարդիկ ապրած են միեւնոյն ատենը: Կը հաւատանք, որ դինոզավրերը անհետացած են մոտաւոր կէրպով ջրհեղեղէն ետքը, որպէս յետեւանք շրջակայ միջաւայրին ողբերգական փոփոխութիւններուն, ինչպէս նաեւ այն փաստին, որ անխիղճորէն յետապնդուած եւ վէրջին յաշուով կոտորուած են մարդոց կողմանէ:
Վերադարձիր յիմնական էջը հայերէնով
Ի՞նչ կ'ըսուի Աստուածաշունչին մէջ դինոզավրերի մասին: Աստուածաշունչին մէջ բնաւ կը խօսուի՞ դինոզավրերի մասին:
|