Ընտանի կենդանիներ, դրախտ, հոգիներ
 
 

Ընտանի կենդանիները դրախտ պիտի երթա՞ն: Ընտանի կենդանիները հոգի ունի՞ն:



Հարց. Ընտանի կենդանիները դրախտ պիտի երթա՞ն: Ընտանի կենդանիները հոգի ունի՞ն:

Պատասխան.
Աստուածաշունչը այս հարցին հստակ պատասխան չի տար: Սակայն, մենք, մեջբերելով որոշ աստուածաշնչային սկզբունքներ, պիտի կրնանք որոշ չափով լոյս սփռիլ այս հարցին վրայ: Աստուած կենդանութեան շունչ տուաւ մարդուն (Ծննդ. 2.7) եւ կենդանիներուն (Ծննդ. 1.30, 6.17, 7.15,22): Մարդ էակին եւ կենդանիներուն միջեւ յիմնական տարբերութիւնը այն է, որ մարդը Աստուծոյ պատկէրով եւ նմանութեամբ ստեղծուեցաւ (Ծննդ. 1.26-27): Կենդանիները Աստուծոյ պատկէրով եւ նմանութեամբը չեն ստեղծուած: Փաստը, որ մարդը Աստուծոյ պատկէրով եւ նմանութեամբ է ստեղծուած, կը նշանակէ, որ անիկա Աստուծոյ պէս է. Անոնք հոգեւոր էակներ են, որոնք կը կրեն անձին յատկանիշներ՝ միտք, զգացում եւ կամք: Անոնք անանք ասպէկտ մը ունին, որը մահէն ետքն ալ կը շարունակէ իր գոյութիւնը: Եթէ ընտանի կենդանիները «հոգի» մը կամ ոեւէ աննիւթ ասպէկտ մը ունին, այն մարդկային հոգիէն բնութեամբ տարբէր կամ ալ աւելի ցածր «որակով» պիտի ըլլայ: Այդ տարբէրութիւնէն կրնանք ենթադրիլ, որ ընտանի կենդանիներուն «հոգիները» մահէն ետք չեն շարունակեր իրենց գոյութիւնը:

Ուրիշ փաստարկ մը, ինչին պէտք է ուշադրութիւն դարձնել, այն է, որ Ծննդոց գիրքին մէջ կենդանիները իսկապէս Աստուծոյ արարչագործութեան գործընթացին մաս կը կազմին: Աստուած ստեղծած է կենդանիները եւ ըսած է, որ բարի է (Ծննդ. 1.25): Ահա ինչու յիմք չկայ կարծելու, որ Նոր Երկրին վրայ կենդանիներ պիտի չըլլան (Յայտ. 21.10): Վստահաբար հազարամեայ թագաւորութեան շրջանին կենդանիներ պիտի ըլլան (Ես. 11.6, 65.25): Սակայն չենք կրնար վստահաբար ըսել, որ այս կենդանիներուն մէջ պիտի ըլլան նաեւ անոնք, որոնց երկրին վրայ խնամած ենք: Համոզուած ենք, որ Աստուած Արդար է եւ, երբ Դրախտ երթանք, այս հարցին շուրջ միանգամայն համաձայն պիտի ըլլանք Անոր որոշումին հետ, ինչպիսին ալ անիկա ըլլայ:



Վերադարձիր յիմնական էջը հայերէնով



Ընտանի կենդանիները դրախտ պիտի երթա՞ն: Ընտանի կենդանիները հոգի ունի՞ն: