Անգամ մը փրկուած ընդմիշտ փրկուած
 

Անգամ մը փրկուածը ընդմիշտ փրկուա՞ծ է:




Հարց. Անգամ մը փրկուածը ընդմիշտ փրկուա՞ծ է:

Պատասխան.
Անգամ մը փրկուածը ընդմիշտ փրկուա՞ծ է: Երբ մարդիկ կ'ընդունին Քրիստոսը, որպէս Փրկիչ, անոնք Աստուծոյ հետ կը ձեւաւորեն փոխյարաբերութիւն մը, ինչը անոնց կ'երաշխաւորէ յաւիտենական կեանքը: Աստուածաշունչին մէջ շատ յատուածներ կան, որոնք կը հաստատին այս փաստը:

Ա) Հռովմ. 8.30-ին մէջ կ'ըսուի. «... որ նախասահմանեց՝ նաեւ կանչեց, անոնք որ կանչեց՝ նաեւ արդարացուց, եւ անոնք որ արդարացուց՝ նաեւ փառաւորեց»: Այս համարը մեզի կ'ըսի, որ այն պահէն, երբ Աստուած մեզի ընտրեց, մենք Երկնքի մէջ այլեւս փառաւորուած ենք Անոր ներկայութեամբը: Չկայ բան մը, որը խանգարէ հաւատացեալին օր մը փառաւորուէ, քանի որ ասիկա Երկնքին մէջ Աստուծոյ նպատակն է: Երբ մարդը կ'արդարանայ, անոր փրկութիւնը երաշխաւորուած է: Ասիկա այնչափ հաստատ է, որչափ այն փաստը, որ անիկա Երկնքին մէջ այլեւս փառաւորուած է:

Բ) Հռովմ. 8.33-34-իւ մէջ Պողոս երկու բացառիկ կարեւոր հարցադրում կ'ընէ. «Ո՞վ պիտի մեղադրէ Աստուծոյ ընտրածները. Աստուած է արդարացնողը: Ուրեմն ո՞վ է դատապարտողը. Քրիստոս՝ որ մեռաւ, մանաւանդ յարութիւն առաւ եւ Աստուծոյ աջ կողմն է, ան կը բարեխօսէ մեզի համար»: Ո՞վ պիտի մեղադրէ Աստուծոյ ընտրեալներուն: Ոչ ոք չի կրնայ ասիկա ընել, որովհետեւ Քրիստոս է մեր պաշտպանը: Ո՞վ մեզի պիտի դատէ: Ոչ ոք, որովհետեւ միայն Քրիստոս, Ով մեզի համար մեռաւ, իրաւունք ունէ դատելու: Ե՛ւ Դատաւորը, ե՛ւ պաշտպանը մեր Փրկիչն է:

Գ) Հաւատացեալները, երբ կը հաւատան, վերստին կը ծնուին (Յովհ. 3.3, Տիտ. 3.5): Որպէսզի քրիստոնեայ մը կորսնցնէ իր վերստին ծնունդը, անիկա պիտի ետ դառնայ այդ ծնունդէն: Աստուածաշունչին մէջ անանք օրինակ մը չկայ:

Դ) Սուրբ Հոգին կը բնակի հաւատացեալներուն մէջ (Յովհ. 14.17, Հռովմ. 8.9) եւ բոլորին կը մկրտէ Քրիստոսի մարմնին մէջ (Ա Կորն. 12.13): Որպէսզի ոեւէ հաւատացեալ կորսնցնէ իր փրկութիւնը, պէտք է Սուրբ Հոգին դադարէ անոր մէջ բնակուելէ եւ այդ հաւատացեալը բաժնուէ Քրիստոսի մարմինէն:

Ե) Յովհ. 3.15-ը կը յայտարարէ, որ ամէն ով որ հաւատայ Յիսուս Քրիստոսին պիտի «յաւիտենական կեանք ունենայ»: Եթէ այսօր հաւատաս Քրիստոսին եւ քեզի յաւիտենական կեանք տրուի, բայց վաղը անիկա կորսնցնես, կը նշանակէ, որ անիկա բնաւ յաւիտենական չէ եղած: Ասոր համար, եթէ քո փրկութիւնը կորսնցնես, կը նշանակէ, որ յաւիտենական կեանքին համար Աստուածաշունչին խոստումները ճշմարիտ չեն:

Զ) Ամենէն համոզիչ ապացոյցը հոս ըսուածին համար կրնանք գտնիլ Աստուածաշունչին մէջ. «Որովհետեւ ես համոզուած եմ թէ ո՛չ մահը, ո՛չ կեանքը, ո՛չ հրեշտակները, ո՛չ իշխանութիւնները, ո՛չ զօրութիւնները, ո՛չ ներկայ բաները, ո՛չ գալիք բաները, ո՛չ բարձրութիւնը, ո՛չ խորունկութիւնը, ո՛չ ալ ոեւէ ուրիշ արարած պիտի կարենայ զատել մեզ Աստուծոյ սէրէն, որ Քրիստոս Յիսուսով՝ մեր Տէրոջմով է»: Յիշէ՛, որ Աստուած, որը քեզի փրկած է, նոյն Աստուածն է, որը նաեւ կը պահպանէ: Անգամ մը փրկուած, մարդը ընդմիշտ կը փրկուէ: Վստահաբար կրնանք ըսել, որ յաւիտենականութեան մէջ մեր փրկութիւնը ապահովուած է:



Վերադարձիր յիմնական էջը հայերէնով



Անգամ մը փրկուածը ընդմիշտ փրկուա՞ծ է: