Ո՞ւր է եղած Յիսուս Իր մահուան եւ յարութեան միջեւ ինկած երեք օրերի ընթացքին:




Հարց. Ո՞ւր է եղած Յիսուս Իր մահուան եւ յարութեան միջեւ ինկած երեք օրերի ընթացքին:

Պատասխան.
Ա Պետրոս 3.18-19-ը կը յայտարարէ. «Վասն զի Քրիստոս ալ մեղքի համար մէկ անգամ չարչարուեցաւ, Արդարը անարդարներուն համար, որպէս զի մեզ Աստուծոյ մօտեցնէ: Ան թէպէտ մեռաւ մարմնով, բայց կենդանի է հոգիով. Որով բանտի մէջ եղած հոգիներուն ալ գնաց ու քարոզեց.»:

«Հոգիով» արտայայտութիւնը 18-րդ համարին մէջ բացարձակապէս նոյն կառուցուածքը ունէ, ինչպէս «մարմինով» բառը: Կ'երեւի որ աւելի լաւ պիտի ըլլայ, եթէ «հոգի» բառը փոխադրուի այն նոյն մարզին մէջ, որուն կը պատկանի «մարմին» բառը: Մարմինը եւ հոգին Քրիստոսին մարմինը եւ հոգին է: «Կենդանի է հոգիով» արտայայտութիւնը կը ցուցնէ այն փաստը, որ մարդոց մեղքերը առնիլը եւ խաչին վրայ Քրիստոսին մահը կը տանէ Հօրմէ Անոր մարդկային հոգիին բաժանումին (Մատթ. 27.46): Յակասութիւնը մարմնին եւ հոգիին միջեւ է, ինչպէս գրուած է ե՛ւ Մատթ. 27.46-ին մէջ, ե՛ւ Հռովմ. 1.3-4-ին մէջ, այլ ոչ թէ Քրիստոսի մարմնին եւ Սուրբ Հոգիին միջեւ: Երբ Քրիստոս կ'իրագործէ փրկագնումը, Անոր հոգին կը վերականգնէ Աստուծոյ հետ խախտուած Իր յարաբերութիւնը:

Ա Պետ. 3.18-22-ը կը նկարագրէ Քրիստոսին չարչարանքին (18 հ.) եւ Անոր փառաւորումին (22 հ.) միջեւ անհրաժեշտ կապը: Միայն Պետրոս հստակ տեղեկութիւն կու տայ այն մասսին, թէ ինչ եղած է այս երկու իրադարձութիւններու միջեւ: «Քարոզեց» բառը 19 համարին մէջ նոյն բառը չէ, որը սովորաբար կը գործածուի Նոր Կտակարանին մէջ Աւետարանին քարոզութեանը համար: Անիկա բառացիորէն կը նշանակէ «պատգամ տալ»: Յիսուս կը չարչարուի եւ կը մեռնէ խաչին վրայ, Անոր մարմինը կը մեռցուի եւ Անոր հոգին ալ կը մեռնէ, երբ մեղք է գործուել: Սակայն Անոր Հոգին կենդանարար է եւ Անիկա անոր կը հանձնէ Հօրը: Պետրոսին համաձայն, Անոր մահուան եւ յարութեան միջեւ ինկած ժամանակ, Յիսուս հատուկ պատգամ կ'ուղղէ «բանտի մէջ եղած հոգիներուն»:

Կրնանք սկսիլ անորմով, որ Պետրոս մարդոցը համար կը խօսէ որպէս «անձերու», այլ ոչ որպէս «հոգիներու» (3.20): Նոր Կտակարանին մէջ «հոգիներ» բառը կը գործածուէ նկարագրելու համար հրեշտակներուն կամ դեւերուն, այլ ոչ մարդկային արարածներուն: Կ'երեւի, որ 22 համարը կը հաստատէ բառին այս նշանակութիւնը: Ասկէ զատ Աստուածաշունչին մէջ ոեւէ տեղ չի ըսուի, որ Յիսուս այցելած է դժոխք: Գործք 2.31-ին մէջ գրուած է, որ գացած է«Hades» (Յադէս) (New American Standard Version), սակայն «Hades»-ը դժոխքը չէ: «Hades» բառը կը վերաբերէ մեռեալներու արքայութեանը. Վայր մը, ուր մեռեալները ժամանակաւորապէս կը բնակին, մինչ կը սպասին իրենց յարութեանը: NASB-ին եւ New International Version-ին մէջ Յայտնութեան 20.11-15 համարներուն մէջ երկու վայրերը հստակ կը տարբէրակուին: Դժոխքը այն վայրն է, ուր կ'երթան չփրկուածները. Անիկա մշտական եւ վէրջնական է, մինչդէռ Hades-ը միայն ժամանակաւոր բնակութեան համար է:

Մեր Տէրը Իր հոգին կը յանձնէ Հօրը, կը մեռնէ եւ Իր մահուան ու յարութեան միջեւ ինկած ատենը կ'այցելէ մեռեալներու արքայութիւնը, ուր կը քարոզէ պատգամ մը հոգեւոր էակներուն (հաւանաբար ինկած հրեշտակներուն, տէս Յուդա 6), որոնք կապուած են Նոյի օրերու ջրհեղեղէն առաջ ինկած ժամանակաշրջանին հետ: Ասիկա պարզ կ'ըլլայ 20-րդ համարէն: Պետրոս մեզի չի ըսեր Յիսուս ինչ է քարոզած այս բանտին մէջ եղած հոգիներուն, սակայն կարելի չէ որ փրկութեան պատգամ ըլլայ, քանի որ հրեշտակները չեն կրնար փրկուիլ (Եբր. 2.16): Ամենայն յաւանականութեամբ Սատանային եւ անոր զորքերուն հանդէպ տարած յաղթանակը քարոզած է (Ա Պետ. 3.22, Կող. 2.15): Եփես. 4.8-10-ին մէջ կարծես նոյնպէս ցոյց կը տրուի, որ Քրիստոս «դրախտ» գացած է (Ղուկ. 16.20, 23.43) եւ դրախտ տարած է բոլոր անոնք, որոնք հաւատացել են Անոր Իր մահէն առաջ: Յատուածը շատ մանրամասնութիւններ չի տար թէ ինչ է պատահած, սակայն Աստուածաշունչի մասնագետներու մեծամասնութիւնը միաբան են, որ ճիշտ ադիկա նկատի ունեցած է, երբ ըսած է «գերութիւնը գերի բռնեց»:

Մինչեւ հոս ըսուածներէն պարզ կ'ըլլայ, որ Աստուածաշունչին մէջ հստակ չի խօսուի այն մասին, թէ Քրիստոս Իր մահուան եւ յարութեան միջեւ ինկած երեք օրերու ընթացքին ճիշտ ինչ է ըրած: Սակայն կ'երեւի, որ քարոզած է Իր յաղթանակը ինկած հրեշտակներուն կամ ալ անհաւատներուն հանդէպ: Այն ինչը վստահաբար գիտենք, այն է, որ Յիսուս հոն եղածներուն փրկութեան երկրորդ կարելիութիւն չէ տուած: Աստուածաշունչը մեզի կ'ըսէ, որ մահէն ետք մեզի դատաստան կը սպասէ (Եբր. 9.27), եւ ոչ երկրորդ կարելիութիւն: Իսկապէս հստակ եւ վէրջնական պատասխան չի կայ, թէ Յիսուս Իր մահուան եւ յարութեան միջեւ ինկած ժամանակամիջոցին ինչ է ըրած: Կրնայ ըլլայ ասիկա այն առեղծուածներէն մէկն է, որը պիտի հասկնանք մեր փառաւորուելէն ետքը:



Վերադարձիր յիմնական էջը հայերէնով



Ո՞ւր է եղած Յիսուս Իր մահուան եւ յարութեան միջեւ ինկած երեք օրերի ընթացքին: