Ի՞նչ կ'ըսէ Աստուածաշունչը տասանորդին համար:
Հարց. Ի՞նչ կ'ըսէ Աստուածաշունչը տասանորդին համար:
Պատասխան.
Տասանորդ տալը մարզ մըն է, որուն հետ շատ քրիստոնեաներ խնդիրներ ունին: Շատ եկեղեցիներ չափէն աւելի կ'ընդգծին տասանորդը: Միեւնոյն ատեն շատ քրիստոնեաներ կը հրաժարուին ենթարկուիլ Տէրոջը ընծայ տալու Աստուածաշունչի պատուերին: Տասանորդ (ընծայ) տալը նախատեսուած է տուողին ուրախութիւն պատճառելու, անոր համար օրհնութիւն ըլլալու համար: Ցաւ ի սիրտ այսօր եկեղեցիին մէջ ատիկա հազուադէպ կը հանդիպէ:
Տասանորդը հինկտակարանեան հասկացողութիւն մըն է: Տասանորդը կը պահանջուի Օրէնքին մէջ, որու համաձայն բոլոր իսրայելացիները իրենց շահոյթին կամ արտադրանքին 10 % պէտք է տային Տաճարին (Խորանին) (Ղեւտ. 27.30, Թուոց 18.26, Բ Օր. 14.24, Բ Մնաց. 31.5): Ոմանք կը խորհին, որ տասանորդը հարկ մը եղած է, որը գործածուել է քահանաներու եւ ղեւտացիներու պէտքերուն համար, որոնք այն ատենը մասնակցած են զոհաբերութեան արարողութիւններուն: Նոր Կտակարանը ոեւէ տէղ չի պատուիրէ, ոչ ալ խորհուրդ կը տրուի քրիստոնեային ենթարկուելու տասանորդ տալու կանոնակարգուած համակարգին: Պօղոսը կը յայտարարէ, որ հաւատացեալները իրենց եկամուտներէն որոշ մաս մը առանձնացնին եկեղեցվոյ կարիքներուն համար (Ա Կորն. 16.1-2):
Նոր Կտակարանին մէջ ոեւէ տեղ չի հստակեցուի, թէ եկամուտէն որքան տոկոս պէտք է առանձնացուի: Միայն կ'ըսուի, որ մարդուն եկամուտին համաձայն պիտի ըլլայ (Ա Կորն. 16.2): Ընդհանուր առմամբ եկեղեցին ընդունած է հինկտակարանեան տասանորդը, որպէս «նախընտրելի նուազագոյն», որը քրիստոնեան պէտք է ընծայէ: Սակայն քրիստոնեաները չպէտք է պարտաւորուած զգան միշտ տասանորդ տալու: Անոնք պէտք է տան այնքան, որքան իրենց կարողութիւնը կը ներէ՝ իրենց եկամուտին համաձայն: Երբեմն ասիկա կը նշանակէ տասանորդէն ալ աւելին տալ, իսկ երբեմն ալ՝ աւելի քիչ: Ամէն բան կախում ունէ քրիստոնեային կարողութիւնէն եւ եկեղեցիին կարիքներէն: Ամէն քրիստոնեայ պէտք է ի սրտէ աղօթք ընէ եւ Աստուծմէ իմաստութիւն խնդրէ, թէ արդեօք պէտք է մասնակից ըլլայ տասանորդ կամ ընծայ տալուն, ինչպէս նաեւ, թէ որքան պէտք է տայ (Յակ. 1.5): «Ամէն մէկը ինչպէս իր սրտովը կը յօժարի՝ թող այնպէս տայ, ոչ թէ տրտմութեամբ կամ ստիպմամբ. Վասն զի Աստուած յօժարակամ տուողը կը սիրէ» (Բ Կորն. 9.7):
Վերադարձիր յիմնական էջը հայերէնով
Ի՞նչ կ'ըսէ Աստուածաշունչը տասանորդին համար:
|