Քրիստոնեան եւ Օրէնքը
 

Քրիստոնեաները պարտաւո՞ր են պահելու Հին Կտակարանին Օրէնքը:




Հարց. Քրիստոնեաները պարտաւո՞ր են պահելու Հին Կտակարանին Օրէնքը:

Պատասխան.
Այս հարցին բանալին այն է, որ գիտնաս, թէ Հին Կտակարանին Օրէնքը տրուեց Իսրայէլի ժողովուրդին, այլ ոչ թէ քրիստոնեաներուն: Օրէնքին որոշ յատուածներ Իսրայէլացիներուն կը սորուեցնէ ինչպէս հնազանդին Աստուծոյ եւ Անոր հաճելի կեանք մը ապրին (Տասնաբանեայ պատուիրանները): Ուրիշ յատուածներ կը սորուեցնեն ինչպէս Աստուծոյ երկրպագիլ (Զոհաբերութեան ձեւերը): Որոշ յատուածներ ալ կը պատուիրեն տարբէրուիլ շրջապատող ժողովուրդներէն (Ուտելիքներ եւ հագուստներ): Հին Կտակարանին ոչ մէկ օրէնք այսօր մեզի չի վերաբերէ: Յիսուս խաչին վրայ վէրջ կու տայ Հին Կտակարանին Օրէնքին (Հռովմ. 10.4, Գաղ. 3.23-24, Եփես. 2.15):

Հին Կտակարանի Օրէնքին փոխարէն մենք Քրիստոսի Օրէնքի տակն ենք (Գաղ. 6.2), որը յետեւեալը կ'ըսէ. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ: Այս է առաջին ու մեծ պատուիրանքը: Ու երկրորդը՝ ասոր նման. Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս: Այս երկու պատուիրանքէն կախուած են բոլոր օրէնքը եւ մարգարէները» (Մատթ. 22.37-40): Եթէ այս երկու բաները ընենք, մենք իրագործած կ'ըլլանք այն ամէնը, ինչ Քրիստոս մեզմէ կ'ուզէ. «Ասիկա է Աստուծոյ սէրը, որ անոր պատուիրանքները պահենք եւ անոր պատուիրանքները ծանր բան չեն» (Ա Յովհ. 5.3): Իրականութեան մէջ Տասնաբանեան չի վերաբերիր քրիստոնեաներուն: Սակայն անոնցմէ իննը կը կրկնուին Նոր Կտակարանին մէջ, այն է՝ գրեթէ բոլորը, բացի Շաբաթը պահելու պատուիրանէն: Հստակ է, որ եթէ կը սիրենք Աստուծոյն, մենք ո՛չ ուրիշ չաստուածներու, ո՛չ ալ կուռքերու առաջ պիտի երկրպագինք: Եթէ կը սիրենք մեր մերձաւորը, մենք անոնց չպիտի սպանինք, չպիտի ստենք, չպիտի շնանանք, չպիտի ցանկանք այն, ինչ անոր կը պատկանի: Մենք ոչ թէ պէտք է հնազանդինք Հին Կտակարանի Օրէնքին, այլ պէտք է սիրենք մեր Աստուծոյն եւ մեր մերձաւորին: Եթէ հաւատարմորէն կատարենք այս երկու պատուիրանները, ապա ամէն բան իր տեղը պիտի գայ:



Վերադարձիր յիմնական էջը հայերէնով



Քրիստոնեաները պարտաւո՞ր են պահելու Հին Կտակարանին Օրէնքը: