Կայէնին կինը
 

Ո՞վ եղած է Կայէնին կինը: Կայէնին կինը անոր քո՞յրն է եղած:




Հարց. Ո՞վ եղած է Կայէնին կինը: Կայէնին կինը անոր քո՞յրն է եղած:

Պատասխան.
Աստուածաշունչին մէջ հստակ չի ըսուեր ո՞վ եղած է Կայէնին կինը: Միակ հնարաւոր պատասխանը այն է, որ անիկա եղած է անոր քոյրը, կամ եղբորը դուստրը կամ թոռնուհին եւ այլն: Աստուածաշունչին մէջ չի ըսուեր, թէ Կայէն քանի՞ տարեկան է եղած, երբ սպանած է Աբէլը (Ծննդ. 4.8): Քանի որ երկուսն ալ երկրագործ եղած են, կ'ենթադրուի, որ հասուն եւ մեծահասակ մարդիկ եղած են, որոնք հաւանաբար ընտանիքներ ալ ունեցած են: Ադամը եւ Եւան յաւանաբար ուրիշ երեխաներ ալ ունեցած են: Վստահաբար կրնանք ըսել, Աբելի սպանութիւնէն ետքը անոնք ուրիշ երեխաներ ունեցած են (Ծննդ. 5.4): Փաստը, որ Կայէն Աբէլին սպանելէն ետքը վախեցած է իր կեանքին համար (Ծննդ. 4.14), կը ցուցնէ, որ այն ատենը Ադամը ու Եւան ուրիշ երեխաներ ալ ունեցած են, նոյնիսկ, թոռներ եւ ծոռներ: Կայէնին կինը (Ծննդ. 4.17) եղած է Ադամին ու Եւային դուստրը կամ թոռնուհին:

Քանի որ Ադամը եւ Եւան եղած են առաջին եւ միակ մարդ արարածները, այն ատենը անոնց երեխաները իրարու հետ ամուսնանալէն բացի ուրիշ ընտրութիւն մը չեն ունեցած: Աստուած չէ արգելած մարդոցը ամուսնանալու իրարու հետ, նոյնիսկ, եթէ անոնց միջեւ ազգակցական կապ մը եղած է, մինչեւ երկրին վրայ բաւականաչափ աճած է մարդոց բազմութիւնը եւ ատոր անհրաժեշտութիւնը չէ եղած (Ղեւտ. 18.16-18): Երբ արիւնախառն ամուսնութիւնէն ծնած երեխաները հաճախ գենային խանգարումներ ունին, պատճառն այն է, որ երբ միեւնոյն գեները ունեցած կին եւ մարդ մը (օրինակ՝ քոյր եւ եղբայր) երեխայ կ'ունենան, յաւանականութիւնը, որ անիկա ունենայ գենային խանգարումներ, ինչպիսին անոր ծնողքը ունին, շատ աւելի մեծ է: Մարդուն գենային կոդը դարերի ընթացքին շատ է «աղտոտուել», քանի որ գենային խանգարումները բազմապատկուել, շատցել եւ փոխանցուել են սերնդէ սերունդ: Ադամը եւ Եւան ոչ մէկ գենային խանգարումներ չեն ունեցած, ինչը թոյլատրած է, որ ինչպէս անոնք, անանք ալ քանի մը սերունդներ անոնցմէ հետոյ շատ աւելի առոծջ ըլլան, քան մենք այսօր: Ահաւասիկ, ինչո՞ւ անոնց համար դժուարութիւն չէ եղած իրարու հետ ամուսնանալ, անկախ անոնց արիւնակցական կապէն: Կրնայ ըլլայ մեզի տարօրինակ է, նոյնիսկ զզուելի, երբ կը խորհինք, որ Կայէնին կինը անոր քոյրը եղած է: Սկիզբէն, քանի որ Աստուած ստեղծած է միայն մէկ կին մը եւ մէկ էրիկ մարդ մը, անոնց զաւակներ ուրիշ ընտրութիւն չեն ունեցած, քան ամուսնանալու իրարու հետ:



Վերադարձիր յիմնական էջը հայերէնով



Ո՞վ եղած է Կայէնին կինը: Կայէնին կինը անոր քո՞յրն է եղած: